ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Բարի լոյս՝ թրքական պետութեան ցեղասպան նկարագիրը տեսնող, մերկացնող եւ քաղաքակիրթ աշխարհին ահազանգող բոլոր ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՆԵՐՈՒՆ
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Թուրք պետական ղեկավարութեան համար Ատանայի կոտորածները ծառայեցին հայերու եւ միւս բոլոր ազգային փոքրամասնութեանց բնաջնջման նոր եղանակներու փորձարկումին»
1 Ապրիլ 2020
Բարի լոյս՝ թրքական պետութեան ցեղասպան նկարագիրը տեսնող, մերկացնող եւ քաղաքակիրթ աշխարհին ահազանգող բոլոր ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՆԵՐՈՒՆ։
Բարի լոյս՝ Քորոնավարակին դէմ պաշտպանուելու համար իր տան մէջ փակուած եւ աշխարհին հետ միայն համացանցի միջոցաւ հաղորդակցող ընթերցողներուս, որոնց հետ միասնաբար այսօր լուսարձակի տակ կ՚առնենք ԱՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆը Ատանայի, այլեւ բովանդակ Կիլիկիոյ հայութեան դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ջարդին։
1 Ապրիլ 1909ին թուրք զինեալ ամբոխը՝ հրահրուած թրքական պետութեան ատենի իշխանութիւններուն կողմէ, մոլեգնաբար յարձակում գործեց Ատանայի հայութեան վրայ – շուկաներու, խանութներու, դպրոցներու, բնակարաններու եւ մինչեւ անգամ օտար հաստատութիւններու մէջ, իր հանդիպած հայկական ամէն շունչ սպաննելու եւ ամէն ինչք աւերելու, աւարելու եւ հրկիզելու անսանձ մոլուցքով։
Յուշատետրի փոստով ընդհանուր եւ ամփոփ պատկեր մը ներկայացուած է թուրք պետական ոճիրին եւ անոր քաղաքական նշանակութեան մասին։
Խորհրդածութեան եւ այժմէական ընդհանրացումի այս գրառումով՝ լուսարձակի տակ կը բերուի գործուած ՈՃԻՐին քաղաքական-ռազմավարական նշանակութիւնը՝ ինչպէս հայ ժողովուրդին, այնպէս ալ մեր աշխարհամասի բոլոր ժողովուրդներու գլխուն կախուած թրքական պետութեան ՍՊԱՌՆԱԼԻՔը մերկացնելով։
Ահա վկայութիւն մը «Հայաստան Հիմա» կայքէջի 30.11.99 թուակիր թողարկումէն, որուն համաձայն՝
«1909 թ. Ապրիլին Միջերկրական ծովի ափին` Կիլիկիայում, հայերը ենթարկուեցին դաժան կոտորածի, որին միայն Ադանայի վիլայէթում 30․000 հայ զոհ դարձաւ: Սա 1908 թ. իշխանութեան եկած Երիտթուրքերի կազմակերպած հայերի առաջին ջարդն էր: Հետագայում անգլիացի հեղինակ Բենսոնը Ադանայի ջարդերը Երիտթուրքերի քաղաքականութեան մեջ անուանեց «փորձարարական»: Կիլիկիայի հէնց այս ջարդերն էլ դարձան Հայոց Ցեղասպանութեան նախերգանքը:
«Բենսոնի կարծիքով` Կիլիկիայում ոչ միայն փորձարկուեցին մարդկանց ոչնչացնելու նոր մեթոդներ, այլեւ որոշակի արտաքին քաղաքական մշակումներ, թէ ինչպէ՛ս համաշխարհային հանրութիւնը կ՚արձագանգի Օսմանեան Կայսրութեան էթնիկ փոքրամասնութիւնների ոչնչացմանը: Ադանայից անմիջապէս յետոյ սկսուեցին նաեւ յոյների, քաղդէացիների, ասորիների, բուլղարների եւ արաբների կոտորածները»:
Բարի լոյս՝ ԱԶԱՏ ու ԱՐԴԱՐ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳի բոլոր դրօշակիրներուն, որոնք մարտահրաւէր կարդալով տակաւին անտառի օրէնքով ղեկավարուող մեծապետական աշխարհի վարիչներուն՝ պատմութեան եւ պետութիւններու փակ արխիւներէն դուրս կը հանեն եւ լոյս աշխարհ կը բերեն ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆը թրքական պետութեան ազգայնամոլական, այլեւ կայսերապետական ցեղասպան նկարագրին ու էութեան։
Ահա եւ «genocide-museum.am» կայքէջով ներկայացուած վկայութիւն մը, որուն համաձայն՝
«Երիտթուրքերի համար Ադանայի կոտորածները դարձան Օսմանեան Կայսրութեան քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնների նկատմամբ թուրքերի ատելութեան ուժգնութեան ապացոյցը եւ հնարաւորութիւն ընձեռեցին ստուգելու իրենց հմտութիւնն` այդ ուժերին քաղաքական նպատակներով օգտագործելու համար: Եւ չնայած սահմանադրական կառավարութեան վերականգնմանը` մասսայական բռնութիւնների ոգին վերածուեց պետական հզօր մեխանիզմի:
«Կոտորածներին յաջորդեց երկու յանձնաժողովների ստեղծումը: Դրանցից մէկը կազմաւորեց օսմանեան խորհրդարանը (Հայկ Պապիկեան, Յարութիւն Մոստիճեան, Եուսուֆ Քեմալ, Ֆայիդ Բէյ), իսկ միւսը` Կ. Պոլսի Հայոց Պատրիարքը: Հետաքննելով Ադանայի եղեռնի պատճառներն ու հետեւանքները` յանձնախմբերը կազմեցին պաշտօնական տեղեկագրեր, որոնց համաձայն գլխաւոր յանցաւորներ ճանաչուեցին նահանգապետ Ջեւադ Բէյը, զօրահրամանատար Մուստաֆա Ռեմզի Փաշան եւ նրանց հրահանգները տեղերում կենսագործող պաշտօնեաները:
Արձանագրուեց, որ Ադանայի ջարդերին զոհ է գնացել աւելի քան 30.000 հայ: Հայ բնակչութեանը հասցուած վնասը կազմում էր շուրջ 20 մլն․ թուրքական լիրա. հրդեհուել էր 24 եկեղեցի, 16 դպրոց, 232 տուն, 30 հիւրանոց, 2 ֆաբրիկա, 1429 ամառանոց, 253 ագարակ, 523 խանութ, 23 ջրաղաց եւ շատ այլ շինութիւններ:
«Երիտթուրքերը, պատասխանատուութիւնից խուսափելու եւ միջազգային հասարակական կարծիքը փոխելու նպատակով, ձեւական հետաքննութիւն սկսեցին, սակայն ջարդերի կազմակերպիչներն ու պատասխանատուներն այդպէս էլ մնացին անպատիժ»:
Աղբիւր՝ Adana Massacre by Rouben Paul Adalian, Encyclopedia of genocide։
http://www.genocide-museum.am/arm/online_exhibition_7.php
Բարի լոյս՝ պատմութեան սեւ էջերը անպայման լուսաւորելու եւ սրբագրելու, այլեւ ու մանաւանդ ոչ մէկ յանցագործութիւն անպատիժ ձգելու, ընդհակառակն՝ արդար հաշուեյարդար կատարած մարդկութեան ինքնավստահութեամբ, բնութեան դէմ գործուած սահմանազանցումներն եւս կարգաւորելու համընդհանուր ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ