Ապրիլ 2. Ամօթաբեր, Տխրալի ու Մտահոգիչ Օր Մեզի Համար – դաւադիր տականքի կրակոցէն սպաննուեցաւ Պռոշեանի Գիւղապետ, ընկեր` Հրաչ Մուրատեանը
02 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Արմէն Մուշեղեան
Ապրիլ 2-ն է:
Ամօթալի այս օրը, 2013թ., դաւադիր տականքի կրակոցէն սպաննուեցաւ Պռոշեանի Գիւղապետ, «Մարտական Խաչի Ասպետ», ազատամարտիկ, դաշնակցական, մեր մարտական ընկեր` Հրաչ Մուրատեանը:
Դաւադիր կազմակերպուած սպանութիւն, որ անցած է 7 տարի, բայց մինչեւ հիմա սպանութիւնը դեռ բացայայտուած չէ:
2016թ-ին տեղի ունեցաւ Ապրիլեան պատերազմը, որ հայրենիքի բազում նուիրեալներու կեանքեր խլեց:
2017թ-ին, Ապրիլեան պատերազմի տարելիցին օրը, նշանակուեցան ՀՀ ԱԺ ընտրութիւնները, որուն հաղթանակը նախորդ տխրահռչակ ՀՀԿ-ը իշխանութիւնը ողջունեց տօնական հրավառութիւններով:
Ապրիլ 2, որ ամօթաբեր, տխրալի օր է ու մտահոգիչ՝ մեզի համար:
yerakouyn.com/2020/04/02/ապրիլ-2-ամօթաբեր-տխրալի-ու-մտահոգիչ-օր/