Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմի Քառամեակ. Անցո՛րդ, Կա՛նգ Առ. Եռաբլուրը Սովորական Վայր Չէ. Անիկա Ապրիլեան Պատերազմի Եւ Մեր Բոլոր Նահատակներուն Սրբարանն Է
03 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Կարօ Աղազարեան
«Իմ ուխտավայր Եռաբլուր,
Հիմա աճիւն, լաւայ ես լուռ,
Սակայն ընդմիշտ պիտի պոռթկաս
Դաւերուն դէմ մարտեր, երազ…»
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
Ամէն անգամ Հայաստան ուղեւորութեանս ընթացքին տարօրինակ զգացում մը կը պարուրէ հոգիս: Էութիւնս ամբողջութեամբ կ’եռայ, եւ իմ Հայաստան այցելութեանս ընթացքին անպայման կ’ուզեմ ուխտի երթալ, հաղորդուիլ մեր սուրբ նահատակներու ոգեղէն ներկայութեամբ: Առաջին ուխտս կը վերանորոգեմ մեր սրբադասուած նահատակներու յուշահամալիր` Ծիծեռնակաբերդ այցելութեամբ, իսկ երկրորդ` երթալով Երեւան – Էջմիածին մայրուղիէն դէպի աջ ճանապարհը ուղղորդող Եռաբլուր բարձունք, ուր հանգչած են մեր ազգի նուիրեալ հերոսները:
Ի՞նչ զգացումներ կը տրորեն մեր հոգիները, երբ Եռաբլուր կ’այցելենք: Ի՞նչ պատգամ կը փոխանցեն մեր նահատակները: Ապրիլ ամիսը արդէն հայուն համար նահատակութեան բագինի նուիրուած ամիս է, բայց նաեւ յարութեան ամիս է: Եռաբլուր ժամանման հետ արդէն քայլերդ կը ծանրանան, որովհետեւ իւրաքանչիւր քայլափոխիդ հանգչած է նահատակի մը շիրիմը լուռ, սակայն խօսուն վկայարան է մեզի` նահատակներու երթը շարունակողներու շառաւիղներուս: Յուզուի՞լ, թէ՞ հպարտանալ, որ հոյլ մը նահատակներու ժառանգորդն ես: Պէտք է այդ ջահը անմար պահես, որպէսզի անոնց արեան կանչը անգամ մըն ալ չաղաղակէ եւ չպոռթկայ:
Հայ ժողովուրդին վիճակուած դառն ճակատագիրը` սկսեալ Համիտեան ջարդերէն, Ատանայի կոտորածէն, Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, արցախեան ազատամարտէն մինչեւ վերջերս արցախեան քառօրեայ պատերազմ (2-էն 6 ապրիլ 2016) արեան հեղեղներ հոսած են հայրենիքի բագինին` հայու գոյատեւման ի խնդիր: Արդեօք աւելի թանկագին ի՞նչ կայ աշխարհի մէջ, քան մարդու կեանքը, հոգին: Սակայն կեանքը առանց թռիչքի ու տեսլականի կը դառնայ սոսկ ապրուած աննպատակ կեանք մը: Աւետիք Իսահակեան «Վայրի աղաւնին» քերթուածին մէջ կեանքը կը բնորոշէ իբրեւ թանկագին իրականութիւն, սակայն նոյն ատեն կը շեշտէ, թէ` «Առանց թռիչքի կեանքը գին չունի»:
Հիմա պահ մը մտաբերենք մեր բիւրաւոր նահատակներու տեսլականը, անոնց կենցաղը, ապրած ժամանակաշրջանը: Նաեւ վերյիշենք չորս տարիներ առաջ արցախեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Հայաստանէն, սփիւռքէն Արցախ փութացող հարիւրաւոր կամաւորները` չյանձնուելու եւ իրենց մատաղ կեանքը նուիրելու համար հայրենիքի բագինին: Այսօր, երբ կը նշենք եւ յարգանք ու պատիւ կ’ընծայենք արցախեան քառօրեայ պատերազմի անմահ նահատակներուն յիշատակին, մեր ուխտը կը վերանորոգենք եւ պէտք է առաւել նախանձախնդրութեամբ պահենք իրենց կտակը` հոգեփոխելով մեր էութիւնը եւ վեր մնալով ճղճիմ հաշիւներէ: Այսպէս թրծուեցան մեր հերոսածին մայրերու նահատակ զաւակները: Թող որ խաղաղ հանգչին իրենց մաքուր եւ ազնիւ հոգիները Հայաստանի եւ հերոսածին Արցախի պայծառ երկնակամարին տակ: Բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանի ոգեշնչող «Ուրեմն զա՛րկ, Արցա՛խ…» բանաստեղծութիւնը թող սթափեցնող պատգամ դառնայ մեր հոգիներուն.
«Արցա՛խ, մի բուռ Արցախ,
Դու աշխարհի համար մի փշուր հող ես լոկ
Եւ սակայն մեզ համար հսկայ զոհասեղան…»
Եռաբլուրը սովորական վայր չէ: Անիկա ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին եւ մեր անմահ նահատակներուն սրբարանն է ու ուխտավայրը:
Yerakouyn.com/2020/04/03/ապրիլեան-քառօրեայ-պատերազմի-քառամեա/