Փութին. «Քորոնա»-ի Վտանգը Տակաւին Աշխարհի Տարածքին Եւ Մեր Երկրին Մէջ Իր Գագաթնակէտին Չհասաւ»
03 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թրամփ. «Նոր «Քորոնա» Ժահրի Վտանգը երազանցեց Ահաբեկչական Խմբաւորումներուն Վտանգը»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Նոր «Քորոնա» ժահրի «ՔՈՎԻՏ-19»-ի վտանգը գերազանցեց ահաբեկչական խմբաւորումներուն վտանգը»:
Սպիտակ տան ղեկավարը «Քորոնա» ժահրին վերաբերեալ ամերիկեան տագնապի շտապի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտեց. «(Ամերիկեան) իշխանութիւնները «Քորոնա» ժահրին դէմ կը պայքարին առողջապահական եւ տնտեսական բոլոր ճակատներուն վրայ»:
«Չենք գիտեր, եթէ Չինաստանը անկեղծ է իր մէջ եղած «Քորոնա»-ով վարակուածներուն թիւին վերաբերեալ», ըսաւ ան:
«Ունինք 151 պետութիւններ, որոնք պաշարման վիճակի մէջ են «Քորոնա» ժահրին պատճառով», նշեց Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ յայտարարեց. «Առատ շնչառութեան սարքեր պիտի ունենանք եւ անոնցմով ուրիշներուն պիտի օգնենք»:
Թրամփ մտավախութիւն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ոճրային խմբաւորումներ փորձեն շահագործել «Քորոնա» ժահրին տարածումը:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր իր կարգին յայտնեց. «Թմրեցուցիչներու մաքսանենգման դէմ պայքարելու համար որոշեցինք զինուորական ուժեր տարածել հարաւային նահանգներուն մէջ»:
«Քորոնա» ժահրին վերաբերեալ ամերիկեան տագնապի շտապը յայտնեց, որ «թմրեցուցիչի աւազակախումբերը կը շահագործեն «Քորոնա»-ի տագնապը` աւելցնելու համար մաքսանենգման գործողութիւնները»` աւելցնելով. «Բանակը պիտի օգտագործուի Մեքսիքայէն թմրեցուցիչներու մաքսանենգումը արգիլելու համար»:
Շտապը յայտնեց, որ ինք «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին վրայ կը կեդրոնանայ` նոյն ատեն աշխատանք տանելով ազգային անվտանգութիւնը պաշտպանելու:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը արտասահման գտնուող եւ հայրենիք վերադառնալու փափաք ունեցող իր քաղաքայիններուն կոչ ուղղեց` այդ տունդարձը հիմա կատարելու` նախքան «Քորոնա» ժահրին «ծովաշարժ»-ի վերածուիլը, որուն պարագային զանոնք վերադարձնելու կարողութիւնը պիտի կորսուի:
Ամերիկացի քաղաքացիները հայրենիք վերադարձնելու հարցի պատասխանատու Իյըն Պրաունլի նշեց. «Որեւէ երաշխիք չկայ, թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քանի մը շաբաթ ետք պիտի կարենայ շարունակել տունդարձի գործողութեան մէջ օգնելու»:
Մինչ այդ, Մեքսիքայի իշխանութիւնները Մեքսիքա-Միացեալ Նահանգներ սահմանին վրայ մնացած հարիւրաւոր գաղթականներ արգելափակեցին` վախնալով «Քորոնա» ժահրին տարածումէն: Իշխանութիւնները կը փորձեն անոնց բժշկական աջակցութիւն եւ սննդեղէնի օժանդակութիւն տրամադրել: Նշենք, որ Մեքսիքայի մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը 1378 է:
Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Էռնեսթօ Արաուկօ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար բժշկական ու գումակային հարցերու մէջ գործակցելու Պրազիլի հետ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Քորոնա»-ի պատճառով երկրին մէջ յայտարարուած վճարովի արձակուրդը երկարաձգեց մինչեւ ապրիլի վերջաւորութեան:
«Քորոնա»-ի վտանգը տակաւին ի զօրու է, եւ անիկա տակաւին աշխարհի տարածքին եւ մեր երկրին մէջ իր գագաթնակէտին չհասաւ», նշեց Փութին:
«Նաշրա» հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները կը բանակցին նախագիծի մը շուրջ, որ բանաձեւուած է «խորհուրդի ներկայ արաբ անդամ» Թունուզի կողմէ եւ կը նախատեսէ անմիջական միջազգային քայլի դիմել` նուազեցնելու համար «Քորոնա»-ի հետեւանքները:
ՄԱԿ-ի մէջ դիւանագէտներ «Նաշրա»-ին յայտնեցին, որ Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն տասը անդամներուն աջակցութիւնը վայելող թունուզեան նախագիծը ներկայացուած է` հիմնուելով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի` մարդասիրական պատճառներով ամբողջ աշխարհի տարածքին անմիջապէս զինադադար հաստատելու կոչին վրայ:
Նախագիծը մտահոգութիւն կը յայտնէ երթեւեկին, առեւտրական աշխատանքներուն դէմ հաստատուած սահմանափակումներուն, մեկուսացման քայլերուն եւ ճարտարարուեստական գործունէութեան դադրեցման պատճառով սննդական ու տնտեսական անվտանգութեան կրելիք հետեւանքներուն նկատմամբ:
Դիւանագիտական աղբիւր մը նշեց, որ նախագիծին ճակատագիրը յստակ չէ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն ճնշում բանեցնել Չինաստանը իբրեւ ժահրի հիմնական աղբիւր նշելու համար, ինչ որ կրնայ պատճառ դառնալ, որ նախագիծը վեթոյի ենթարկուի Չինաստանի կողմէ: Իսկ Ռուսիան, որ դարձեալ վեթոյի իրաւունք ունի, թերեւս կ’ուզէ, որ ժահրին դէմ աւելի լաւ պայքարելու համար որոշումը պատժամիջոցներու ջնջումը ընդգրկէ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես զգուշացուց, որ հաւանաբար երկիրներ եւ համաշխարհային տնտեսութիւնը «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով երկարատեւ «ծանր» հետեւանքներ կրեն:
«Տակաւին շատ հեռու ենք այն կէտէն, որուն պէտք է հասնինք` ամբողջ աշխարհին վրայ ազդու կերպով «ՔՈՎԻՏ-19»-ի դէմ պայքարելու համար, եւ որ կարող ըլլանք դարմանել ժխտական հետեւանքները», ըսաւ Կութիերես:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը շեշտեց, որ ինք մասնաւորաբար մտահոգ է Ափրիկէով` զարգացած երկիրներուն կոչ ուղղելով յաւելեալ ջանք թափելու` նուազ պատրաստուած երկիրներուն օգնելու համար:
«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Ֆիլիփեան կղզիներու նախագահ Ռոտրիկէօ Տութերթէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին լոյսին տակ յայտարարուած առողջապահական մեկուսացումի դրութիւնը խախտողները զգուշացուցած է, որ պիտի չհանդուրժէ անոնց վարքագիծը:
«Իրավիճակը հետզհետէ կը վատթարանայ, ուստի` անգամ մը եւս ձեզի կը տեղեկացնեմ խնդիրի լրջութեան մասին: Ոստիկանութեան եւ զինուորներուն հրամանս` եթէ խնդիր կը յառաջանայ, եւ անոնք դէմ կը դնեն, եւ ձեր կեանքը վտանգի տակ է, կրակեցէ՛ք ու սպաննեցէ՛ք զիրենք», ըսած է Ֆիլիփեան կղզիներու նախագահը:
«Հասկնալի՞ է: Մեռած` խնդիրներ յառաջացնելու փոխարէն: Ես պիտի թաղեմ ձեզ», աւելցուցած է ան:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ Տութերթէ այսպէս արտայայտուած է մայրաքաղաք Մանիլայի շրջանի բնակիչներուն մէջ ծագած անկարգութիւններու եւ ձերբակալութիւններու, ինչպէս նաեւ առողջապահական մարզի աշխատողներուն դէմ բռնութեան եւ խտրականութեան դէպքերու վերաբերեալ լրատուամիջոցներու մէջ յայտնուած տեղեկութիւններէն ետք:
Նշենք, որ Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով մահացածներուն թիւը 96 է, իսկ վարակուածներունը` 2.311:
Չինական Հուպէյ նահանգի կառավարութիւնը որոշած է «Նահատակ հերոս»-ի կոչում շնորհել 14 բժիշկներու, որոնք մահացած են «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Չինաստանի կեդրոնական պատկերասփիւռի կայանին:
Ցուցակին վրայ է նաեւ բժիշկ Լի Ենլիանի անունը, որ Ուհանի մէջ «ՍԱՐՍ»-ի նման թոքի բորբոքումի տարածման մասին առաջին տեղեկացնողներէն մէկն էր: Ան տակաւին չէր գիտէր, թէ «Քորոնա» ժահրը այլ տիպի հիւանդութիւն է: Բժիշկին հաղորդագրութիւնը արագօրէն տարածուած էր ընկերային ցանցերուն վրայ:
«Ուշադրութիւն չդարձնելով սեփական անվտանգութեան` անոնք վճռականութիւն ու ինքնազոհաբերում ցուցաբերեցին, զոհեցին իրենց կեանքը` կատարելու համար ժողովուրդին ծառայելու իրենց գլխաւոր առաքելութիւնը», նշուած է նահանգի կառավարութեան յայտարարութեան մէջ:
«Նահատակ հերոս»-ը պատուոյ կոչ մըն է, որ կը շնորհուի երկրին եւ Համայնավար կուսակցութեան կողմէ այն քաղաքացիներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են պետութեան, հասարակութեան ու մարդոց ծառայելուն:
Նետերլանտներու մէջ մէկ օրուան մէջ արձանագրուեցան «Քորոնա» ժահրով վարակման 1.083 պարագաներ, ինչպէս նաեւ 166 մահ:
Սպանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման պարագաներուն թիւը բարձրացաւ աւելի քան 110 հազարի, իսկ մահացածներունը` աւելի քան 10 հազարի: Իտալիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 80.572-ի, իսկ մահացածներունը` 13.155-ի: Իտալիոյ մէջ մէկ օրուան մէջ 727 մահ արձանագրուեցաւ: Զուիցերիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 18.267-ի, իսկ մահացածներունը` 432-ի: Ռուսիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 3.548-ի, իսկ մահացածներունը` 30-ի: Սէուտական Արաբիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1.885-ի, իսկ մահացածներունը` 21-ի: Մալիի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 31-ի: Երկրին մէջ արձանագրուեցաւ նաեւ առաջին մահը:
Փանամայի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1.317-ի, Պահրէյնի մէջ` 241-ի, իսկ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ` 190-ի:
www.aztagdaily.com/archives/470089