ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ․․․Չունքի նրանց միտքն, նրանց սիրտն ուրիշ ա, մերն՝ ուրիշ
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«․․․Չունքի նրանց միտքն, նրանց սիրտն ուրիշ ա, մերն՝ ուրիշ»
«Հայոց ազգը արարած աշխարհքին յաւիտեանս յաւիտենից կարող է համարձակ ցոյց տալ, թէ ինչքա՛ն հոգի ունի, ինչքա՛ն կամաց զօրութիւն, սրտի հաստատութիւն…»
2 Ապրիլ 2020
Բարի լոյս՝ Հայաստանի ու Հայութեան ՈԳԵՂԷՆ ԱՄՐՈՑը իր բանաստեղծական շունչով ու գաղափարական կրակով շաղախած, թրծած ու կռանած ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆի անշիրիմ յիշատակին։
Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի արդի դարաշրջան մուտքը Աբովեանի ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ՃԱՌԱԳԱՅԹՈՒՄՈՎ լուսաւորած «Վէրք Հայաստանի, Ողբ Հայրենասէրի» խորագրով ԱՆԿՈՐՆՉԵԼԻ դիւցազնավէպին։
Ապրիլ 2ի օրը, 172 տարի առաջ, խորհրդաւոր պայմաններու մէջ, մեր աշխարհէն անժամանակ եւ ընդմիշտ հեռացաւ արեւելահայ գրականութեան հիմնադիրը, որ իր ստեղծած գրական անմահ գանձերով՝ արդի հայ մարդուն ԱԶԳԱՅԻՆ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ներարկեց ու զինեց ազգերու եւ մշակոյթներու գոյապայքարին մէջ ԱՌՋԵՒԷՆ ՔԱԼԵԼՈՒ ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՄԲ։
Յուշատետրի փոստը ընդհանուր ներկայացումը կատարած է թէ՛ Աբովեանի ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ, թէ՛ անոր առեղծուածային ՎԱԽՃԱՆին։
Բարի լոյս՝ հայոց սերունդներուն այսօր եւս իր ՆԵՐՔԻՆ ԿՐԱԿԻ ԹԱՓին մէջ առնող եւ մեր ԼԵԶՈՒՆ ՈՒ ԳԻՐԸ, ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂՆ ՈՒ ՋՈՒՐԸ, ՀԱՅ ՄԱՐԴՆ ՈՒ ՀԱՅՈՒ ՀԱՒԱՏՔը բոլորիս համար հպարտութեան վարար աղբիւրի վերածող Աբովեանի ԱՒԱՆԴին։
*
* *
Ինչպէս օրին, այնպէս ալ այնուհետեւ ու մինչեւ մեր ժամանակները, հայոց սերունդները դժուարութիւն կ՚ունենան ԼԻՈՎԻՆ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ եւ ԼԻԻՄԱՍՏ ԸՆԿԱԼԵԼՈՒ Աբովեանի աշխարհաբարը, յատկապէս Քանաքեռի բարբառը։
Այսօրուան սերունդը վստահաբար աւելիով կը մատնուի այդ դժուարութեան։
Բայց կը բաւէ, որ հայ մարդը իր միտքն ու սիրտը բաց պահէ Աբովեանի ոգեղէն յաղթարշաւին առջեւ, որպէսզի լեզուական ամէն դժուարութիւն յաղթահարելով՝ Հայաստանի Վէրքին Հայրենասէրի Ողբը յաջողի սերունդները ՎԱՐԱԿԵԼ հայ ըլլալու հպարտութեան ԱՆԴԻՄԱԴՐԵԼԻ ՎԱՅԵԼՔՈՎ։
Բարի լոյս Աբովեանի անմար յիշատակին՝ անոր մտքերէն քաղուած փոքրիկ ծաղկեփունջով․
– Հայոց ազգը արարած աշխարհքին յաւիտեանս յաւիտենից կարող է համարձակ ցոյց տալ, թէ ինչքա՛ն հոգի ունի, ինչքա՛ն կամաց զօրութիւն, սրտի հաստատութիւն…
– Հայոց ազգը անուն էլ ունի ու իրան հաւատն ու լեզուն մինչեւ էս օրը իր արնի գնովը պահեց, հասցրեց, որ մէկ ազգ էլ ա էսպէս օրինակ չունի:
– Մարդս մէկ անգամ է աշխարհ գալիս. էնպէս պէտք է անի, որ անունը յիշուի։
– Քո գործը, քո գործը միայն քո անունը կը պահէ։
– Հոգեւոր անշարժութիւն, ասել է բարոյական մահ։
– Հազար անգամ թուքումուր – Բայց մէկ անգամ օրինակ տուր…
– Շունչդ տուր, հոգիդ, բայց քո հայրենիք – Մի՜ տուր թշնամեաց։
– Ապրել ու մեռնել հայրենիքի համար. ահա խնդիրը, որ իբրև նպատակ՝ ես ընտրել եմ ինձ համար իմ մանկութեան օրերից։
– Ա՛խ, լեզո՛ւն, լեզուն որ չըլլայ, մարդ ինչի՞ նման կ՚ըլլայ։ Ազգը պահողը, իրար հետ միացնողը լեզուն է ու հաւատքը։ Լեզուդ փոխէ՛, հաւատքդ ուրացի՛ր, ալ ինչո՞վ կրնաս ըսել, թէ ո՞ր ազգէ՞ն ես։
– Ձեզի կ՚ըսեմ, ձեզի՛, հայոց նորահաս երիտասարդներ, ձեր անունին մեռնիմ, ձեր արեւուն մատա՛ղ, տասը լեզու սորվեցէ՛ք, ձեր լեզուն, ձեր հաւատքը ամուր պահեցէ՛ք:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ