16 դեկտեմբեր 2015
Թուրքիոյ Տիարպեքիր նահանգի Սուր շրջանին մէջ, ուր պարէտային ժամ յայտարարուած է, արդէն քանի մը օրէ բախումները կը շարունակուին:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Sondakika լրատուական կայքը, Տիարպեքիրի մէջ վիրաւորուած է մէկ ոստիկան: Ան վիրաւորուած է պատմական Քուրշունլու մզկիթի մօտ:
Այդպիսով` վիրաւորուած ոստիկաններուն թիւը հասած է 17-ի: Կան զոհեր:
Փողոց դուրս գալու արգելքը կը պահպանուի նաեւ Շըրնաք եւ Սիլոփի նահանգներուն մէջ: Այստեղ լռութիւն կը տիրէ, մարդիկ փողոց դուրս չեն գար, եւ փողոցները ուրուական քաղաքներու վերածուած են, կը գրէ թրքական կայքը:
Տիարպեքիրի շատ մը վայրեր լուրջ վնասներ կրած են: Շրջանը, ականատեսներու հաւաստմամբ, մարտադաշտ կը յիշեցնէ: Որոշ փողոցներու մէջ դեռ անցարգելներ տեղադրուած են: Շրջուած են ելեկտրասիւներ, աւերուած են հանրակառքի կանգառները, աղբն ու քարերը չորս կողմ թափուած են:
Երէկ այստեղ լուրջ բախումներ արձանագրուած են: Հակառակ յայտարարուած պարէտային ժամին` քրդամէտ կուսակցութիւններու կոչով բազմաթիւ մարդիկ դուրս եկած են բողոքի ցոյցի: Ոստիկանութիւնը դիմադրած է, որուն հետեւանքով շրջանը լուրջ վնասներ կրած է: Այսօր առաւօտեան տուներէն դուրս եկող մարդիկ պատերազմական տեսարաններ յիշեցնող պատկերներու ականատես եղած են:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com