
Հերքուեցաւ Հայկական Ուժերուն Կողմէ Ազրպէյճանի Ուղղութեամբ Կրակ Բանալու Ապատեղեկատուութիւնը
04 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Ազրպէյճանի պաշտօնական տեղեկատուական հարթակներուն տարածած տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն, իբր թէ, հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են ազրպէյճանական գիւղերու, դիրքերու, փոխադրամիջոցներու եւ գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող Արցախի քաղաքացիներուն ուղղութեամբ:
Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան, որ հաստատեց, թէ ազրպէյճանական հերթական կեղծ եւ շինծու տեղեկութիւնները են ասոնք: Անոր համաձայն` Ազրպէյճանի սահմանապահ ծառայութիւնը ապրիլ 1-ին, ապա նաեւ ապրիլ 3-ին նոյնաբովանդակ անհիմն տեղեկութիւններ տարածեց` իբր թէ հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են ազրպէյճանական ուղղութեամբ:
Ան դիտել տուաւ, որ այսպիսով, ազրպէյճանական կողմը կը փորձէ քօղարկել սեփական գործողութիւնները, որոնց նպատակն է ապակայունացնել իրավիճակը սահմանին վրայ: Նմանաբովանդակ տեղեկատուական նախապատրաստական աշխատանք տարուած է 30 Մարտին չյաջողած հետախուզական-ներթափանցման փորձէն առաջ:
«Կը վերահաստատենք, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանին մէջ իրավիճակը հանգիստ է: Հայաստանի զինուած ուժերը պիտի դիմեն միայն համարժէք քայլերու», գրեց խօսնակը:

www.aztagdaily.com/archives/470132





