Արցախի Ընտրութիւնները Չճանչցող Երկիրները Կը Դաւաճանեն Ժողովրդավարական Արժէքներուն Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդ

Արցախի Ընտրութիւնները Չճանչցող Երկիրները Կը Դաւաճանեն Ժողովրդավարական Արժէքներուն Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդ

04 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Génocide perpétré par l’Empire ottoman, aujourd’hui la Turquie – génocide arménien-erzeroum-1895-lesalonbeige.fr

Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը 3 ապրիլին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ 31 մարտ 2020ին Արցախի Հանրապետութեան մէջ կայացած նախագահական (վեցերորդ) եւ խորհրդարանական (եօթներորդ) ընտրութիւններուն, որոնց, ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին, մասնակցեցաւ Արցախի 105.540 իրաւասու ընտրողներուն 72,7 տոկոսը (76.728 ընտրող):

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ դժբախտաբար, շարք մը պետութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ, միանալով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մենատիրական վարչակարգերուն, արձագանգեցին` հրաժարելով տեղի ունեցածը ճանչնալէ, իսկ որոշ պարագաներու նոյնիսկ դատապարտելով այդ ընտրութիւնները: Միւսները զերծ մնացին ուղղակի քննադատութենէ` պատճառաբանելով, որ անոնք կը հրաժարին այս նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու օրինական շրջանակը ճանչնալէ` մէջբերելով ԵԱՀԿ Մինսքի գործընթացը:

«Մենք կը յիշենք բոլոր անոնք, որոնք հանդէս կու գան նման անպատասխանատու քննադատութեամբ, որ` 1992-ի մարտի 24-ի ԵԱՀԿ/ԵԽԽ-ի նախնական որոշումը, որ հիմք կը հանդիսանայ Մինսքի գործընթացին, ուղղակիօրէն կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) «ընտրուած ներկայացուցիչներուն»` որպէս խաղաղութեան գործընթացին մասնակից: Անշուշտ կ՛ըսուի, որ «ընտրուած ներկայացուցիչներ» ունենալու համար անհրաժեշտ է կայացնել ընտրութիւններ, ինչ որ կը նշանակէ, որ արցախեան այս ընտրութիւնները կը հակասեն ոչ թէ ԵԱՀԿ-ին, այլ լիովին համահունչ են ԵԱՀԿ-ի հիմնարար համաձայնագիրներուն, որոնց հիմներուն մէջ կայ Մինսքի խումբի գործընթացը:

«Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը, համագործակցելով աշխարհին մէջ գործող գործընկեր կազմակերպութիւններու հետ, կը շարունակէ ջանքեր գործադրել Արցախի ժողովուրդին եւ Արցախի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղ) ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ: Մենք կ՛ակնկալենք, եւ, ըստ էութեան, մենք կը պահանջենք, որ պետութիւնները եւ միջազգային կազմակերպութիւնները, որոնք կը պնդեն, որ նուիրուած են մարդու իրաւունքներուն, արդարութեան եւ խաղաղութեան, զերծ մնան արցախցիներուն ինքնորոշման վերաբերող իրաւունքներու եւ ազատութիւններու իրականացման խոչընդոտող որեւէ գործողութենէ: Միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է աջակցիլ Արցախին` ազատ եւ արդար ընտրութիւններու միջոցով արտայայտելու իր բնակչութեան կամքը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE:

www.aztagdaily.com/archives/470135

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail