Պայտըն Կոչ Կ՛Ուղղէ` Իրանի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Մեղմացնելու` Օգնելու Համար «Քորոնա»¬ի Դէմ Անոր Պայքարին

THE ARMENIAN CAUSE IS A CAUSE OF JUSTICE” CATHOLICOS ARAM I -

Պայտըն Կոչ Կ՛Ուղղէ` Իրանի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Մեղմացնելու` Օգնելու Համար «Քորոնա»¬ի Դէմ Անոր Պայքարին

04 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Un charnier de victimes arméniennes du génocide dans le village de Sheyxalan (Turquie), en 1915. (ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM / AFP)

Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան դեմոկրատական հաւանական թեկնածու, նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն կոչ ուղղեց` մեղմացնելու Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ «Քորոնա» ժահրի դիմակայման մէջ Թեհրանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Պայտըն իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտեց. «Միացեալ Նահանգներ պէտք է դրամատուներուն ու ընկերութիւններուն յատկացուած անցք մը ստեղծեն` Իրանի հետ աշխատելու համար, ինչպէս նաեւ հրապարակեն արտօնագիրներ, որոնք Թեհրանին կարողութիւնը կու տան դեղեր եւ բժշկական սարքեր գնելու»:

Ան կոչ ուղղեց` «մարդասիրական օժանդակութեան ընկերակցութիւններուն երաշխիքներ տալու, որ պատժամիջոցներու պիտի չենթարկուին, եթէ Իրանի մէջ գործեն»` աւելցնելով. «Թեհրան նոյնպիսի պատասխան քայլի պէտք է դիմէ ազատ` արձակելով իր մօտ գտնուող ամերիկացի արգելափակեալները»:

Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Իրանի դէմ ղեկավարած «ծայրայեղ ճնշումներ» արշաւը, որ համապարփակ պատժամիջոցներ կը պարունակէ, Թեհրանի թշնամանքը հրահրելով, «հակառակ արդիւնք տուաւ»:

«Համաշխարհային առողջապահական ճգնաժամի մը ընթացքին իմաստ չունի, պահանջուած մարդասիրական օժանդակութիւններու հասանելիութիւնը արգելակելով, ձախողութիւնն ու անգթութիւնը իրարու միացնել», նշեց ան:

«Քաղաքական կէտեր արձանագրել ձգտելով` մարդասիրական օժանդակութիւններուն հոսքին վրայ արհեստականօրէն արգելքներ դնելը ներկայիս ու ապագային պիտի աւելցնէ ամերիկացի ժողովուրդին համար այս ժահրին ներկայացուցած վտանգը», յայտնեց Պայտըն:

ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE:

www.aztagdaily.com/archives/470137

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail