
Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Անգամ Մը Եւս Կոչ Ուղղեց` Մնալու Տուները Եւ Պաշտպանելու Մեր Սիրելիները
04 ԱՊՐԻԼ 2020 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ:

Երէկ` ուրբաթ, 3 ապրիլ 2020-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան հիւրընկալուեցաւ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի «Ահլա սապահ» յայտագիրէն:
Զրոյց-յայտագիրի ընթացքին պատասխանելով հիւրընկալ լրագրողին` նախարար Օհանեան անդրադարձաւ Լիբանանի կառավարութեան` տնտեսական տագնապի եւ «Քորոնա» ժահրի անբարենպաստ պայմաններուն մէջ աշխատանքին, շեշտը դնելով երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նախաձեռնութիւններուն եւ գործելաոճին վրայ:
Նախ եւ առաջ նախարարը, բնութագրելով կառավարութեան աշխատանքները, ըսաւ. «Այս կառավարութիւնը իր կազմութեան առաջին օրերէն ինքզինք կոչած է «Մարտահրաւէրներու դիմագրաւման» կառավարութիւն, երբ տակաւին ժառանգած էր տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական հարցեր: Անոնց վրայ աւելցաւ վերջերս համաշխարհային տարողութիւն ստացած առողջապահական հարցը` «Քորոնա» ժահրը»:
Նախարար Օհանեան-Գէորգեան` անդրադառնալով Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման երեւոյթին, շեշտեց, որ շատ կարեւոր է այս փուլին կեդրոնանալ առողջութեան վրայ` ընդգծելով, որ բոլորս պէտք է հետեւինք առողջապահութեան նախարարութեան խորհուրդներուն եւ մնանք մեր տուներուն մէջ` պաշտպանուելու եւ պաշտպանելու մեր ընտանիքները, նաեւ մեր երկիրը` Լիբանանը:
Հիւրընկալ լրագրողին խնդրանքով, նախարարը անդրադարձաւ տեղեկատուութեան նախարարութեան «Քորոնան կատակ չէ» արշաւին, որուն ծիրին մէջ համագործակցութիւն տեղի կ՛ունենայ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ: Ան ըսաւ, թէ նշեալ արշաւէն առաջ նախաձեռնուեցաւ այլ արշաւի մը` նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հրապարակած տեսերիզով մը, որուն ընդմէջէն, լիբանանցի մարզիկներ եւ սկաուտական միութիւններու ներկայացուցիչներ կոչ ուղղեցին լիբանանցիներուն, որ մնան իրենց տուները` կասեցնելու «Քորոնա» ժահրին տարածումը, եւ յառաջիկայ շաբաթ տեղեկատուութեան նախարարութեան հետ համագործակցաբար, այլ ծրագիր մը պիտի հրապարակուի:
Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան անդրադարձաւ նաեւ նախարարութեան աշխատանքներուն` ստանձնումի առաջին օրերէն, ըսելով, որ նախարարութիւնը ճշդած էր իր աշխատանքին քարտէսը, որմէ ետք ինք ծանօթացման հանդիպումներ ունեցած է մարզական ոլորտի պատասխանատուներու եւ ֆետերասիոններու ներկայացուցիչներու հետ` մօտէն ծանօթանալու անոնց խնդիրներուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Ան հաստատեց, որ այսօրուան պայմաններուն մէջ եւս փորձեր պիտի կատարուին, օգտուելով համացանցային դրութենէն, նախարարութեան ծրագրաւորման աշխատանքը շարունակելու:
Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան անդրադարձաւ անհատական եւ հաւաքական մարզախաղերու նիւթական օժանդակութեան` հաստատելով, որ առողջապահական այս ճգնաժամէն ետք անպայման անոնց պիտի տրուի համապատասխան նեցուկը` կարեւոր նկատելով անոնց ճիգերը` Լիբանանի անունը բարձր պահելու եւ քաղաքացիական պատկանելիութիւնը ամրապնդելու մէջ:
Նախարարը ըսաւ նաեւ, թէ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին նախարարութիւնը ձեռնարկած է համացանցային դրութեամբ հանդիպումներու մարզական, երիտասարդական եւ սկաուտական միութիւններու եւ ֆետերասիոններու հետ` լսելու համար անոնց պահանջներն ու ծրագիրները: Ան գնահատեց մարզիկներու եւ երիտասարդութեան համբերութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու բարձր գիտակցութեան ոգին` ընդգծելով, որ ինք եւս` իբրեւ երիտասարդ, կը զգայ անոնց դժուարութիւնները ու ինքզինք անոնցմէ մէկը կը նկատէ: Իբրեւ կին եւ երիտասարդ նախարար հաստատակամ պիտի շարունակէ մարզական բոլոր ոլորտներու եւ անոնց պատասխանատուներուն հետ աշխատիլ` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր պատասխանատուներուն, որոնք մեծ հասկացողութեամբ կը մօտենան եւ կը գործակցին նախարարութեան հետ:
Նախարար Օհանեան-Գէորգեան լուսարձակի տակ առաւ նախարարութեան ներքին աշխատանքները` նշելով, թէ աշխատանք պիտի տարուի նախարարութեան աշխատելաձեւը զարգացնելու եւ արդիականացնելու վրայ` գործակցաբար ֆետերասիոններուն հետ: Ան աւելցուց, որ նախարարութիւնը մարզական համալիրները դրած է «Քորոնա»-ի դէմ պայքարի ազգային շտապի տրամադրութեան տակ` զանոնք ըստ յարմարութեան գործածելու համար:
Փակելով յայտագիրը` նախարարը իր վերջին խօսքով կոչ ուղղեց բոլորին` մնալու տունը եւ նախապատուութիւնը տալ մեր եւ մեր սիրելիներուն առողջութեան:

www.aztagdaily.com/archives/470115





