Արցախի Ընտրութիւններուն Մասին ԵԱՀԿի Յայտարարութիւնը Ոտնակոխում Մըն Է Ամերիկեան Արժէքներուն

ANCA

Արցախի Ընտրութիւններուն Մասին ԵԱՀԿի Յայտարարութիւնը Ոտնակոխում Մըն Է Ամերիկեան Արժէքներուն

04 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Erdogan threatens to recognize the Red Indians genocide by the Americans in response to the recognition of the Armenian genocide by the United States Senate

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 2 Ապրիլին դատապարտեց Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած նախագահական ազատ եւ արդար ընտրութիւններուն մասին ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին կողմնակալ յայտարարութիւնը։ Հայ Դատը յուսախաբութիւն յայտնեց յատկապէս ամերիկացի համանախագահին նկատմամբ, որ յայտարարութեան տակ ստորագրելով՝ ոտնակոխած է ամերիկեան սկզբունքները, ներառեալ այն համոզումը, որ ազատ եւ արդար ընտրութիւնները կենսական են ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին պահպանման համար։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆիի Համբարեան կը յիշեցնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան հռչակագիրին մէջ ամրագրուած է ազատ ընտրութիւններ կատարելու իրաւունքը եւ հոն կը շեշտուի, որ ընտրութիւնները կը հանդիսանան հիմնաքարը ժողովրդավարական կառավարութեան մը։

«Ատրպէյճանի նման բռնապետական կառավարութեան մը հակաժողովրդավարական պնդումները կրկնելով՝ Պաքուին բռնարարքները քաջալերելու փոխարէն, ամերիկացի ղեկավարները պէտք է դրուատեն Արցախի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ազատ եւ արդար ընտրութիւնները։ Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարակարծութիւնները պիտի լուծուին ժողովրդավարական եւ դիւանագիտական յաւելեալ քայլերու որդեգրումով», կը յայտնէ Րաֆիի Համբարեան։

Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, now Turkey -1 April 1909 – The Adana Massacre – The Corpses of Armenians Extracted from the Wells in Adana

asbarez.com/arm/367506/Արցախի-Ընտրութիւններուն-Մասին-ԵԱՀԿի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail