Միացեալ Նահանգները՝ «Քորոնա» Ժահրի Կիզակէտը – Միացեալ Նահանգները՝ «Քորոնա» Ժահրի Կիզակէտը

Միացեալ Նահանգները՝ «Քորոնա» Ժահրի Կիզակէտը – Միացեալ Նահանգները՝ «Քորոնա» Ժահրի Կիզակէտը

04 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ – ՔՈՎԻՏ-19:

Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, now Turkey – 1 April 1909 – Adana Massacre – Panorama of the Adana Armenian District after the Massacre Photo – Armenian Genocide Museum

ԼՈՆՏՈՆ, «Պի․Պի․Սի․»․- «Քորոնա» ժահրի համաճարակի նոր կիզակէտը դարձած Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները քաղաքացիներուն կոչ կ՛ընեն՝ փողոց դուրս գալու դիմակներով կամ առնուազն դէմքը ծածկուած:

Աշխարհի տարածքին, վարակուածներու մեծագոյն թիւը ունեցող Միացեալ Նահանգներու մէջ կան առաւել քան 250,000 վարակակիրներ, եւ ցարդ մաhացած են առնուազն 6600 քաղաքացիներ։

Վարակին տարածումը կանխելու նպատակով, Լոս Անճելըսի եւ այլ մեծ քաղաքներու ղեկավարները բնակչութեան յորդորեցին դիմակներ կրել կամ դէմքը ծածկել տունէն դուրս գտնուելու ընթացին եւ Սպիտակ տունէն եւս նման կոչ մը կ՛ակնկալուի։ Բնակչութեան շուրջ 90 տոկոսը արդէն իսկ տունէն դուրս գալու իրաւունք ունի միայն անհրաժեշտութեան պարագային:

Ամերիկեան շարք մը քաղաքներու հիւանդանոցներու անձնակազմերըը բողոքեցին` կառավարութենէն պահանջելով ապահովել անհրաժեշտ սարքերը եւ դիմակները:

Սպանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման պարագաներուն թիւը բարձրացաւ առաւել քան 120,000ի, իսկ մահացածներունը կը մօտենայ 11,000ին: Իտալիոյ մէջ վարակուածներու թիւը 116,000էն աւելի է, իսկ մահացածներունը`13,955:

Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, now Turkey -1 April 1909 – The Adana Massacre – The Corpses of Armenians Extracted from the Wells in Adana

asbarez.com/arm/367514/Միացեալ-Նահանգները՝-Քորոնա-Ժահրի-Կ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail