
Աւստրալիացի Պատգամաւորը՝ Ատրպէյճանի «Սեւ Ցանկ»ին Վրայ – Աւստրալիացի Պատգամաւորը՝ Ատրպէյճանի «Սեւ Ցանկ»ին Վրայ
04 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր»․- Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Կալես նահանգի խորհրդարանի պատգամաւոր Հիւ ՄըքՏըրմըթ Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»ին վրայ դրուեցաւ:
Պատգամաւորը յայտնած էր հետեւեալը. «Թեկնածուներուն յաջողութիւն կը մաղթեմ 14 Ապրիլին տեղի ունենալիք երկրորդ քուէարկութեան։ Մենատէրներ եւ բռնապետութիւններ պէտք է տեսնեն տարածաշրջանին մէջ բարգաւաճող ժողովրդավարութիւնը»:
«Կը միանամ հարիւրաւոր պատգամաւորներուն, լրագրողներուն, գիտնականներուն եւ իրաւապաշտպաններուն, որոնք կը սիրեն ժողովրդավարութիւնը, ինչ որ մեծ պատիւ է», Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»ին վրայ դրուելէն ետք գրեց ՄըքՏըրմըթ։

asbarez.com/arm/367517/Աւստրալիացի-Պատգամաւորը՝-Ատրպէյճանի/





