Պսակաձեւ Ժահրի Առանց Խտրութեան Եւ Սահմանի Ջարդը Մարդկայնական Նոր Որակ Կը Յառաջացնէ՞

Սասունցի Դաւիթէն եւ Մսրայ Մելիքէն Ետք՝ Նիկոլ եւ Ալիե՞ւ Պիտի Պատմեմ Թոռներուս – Յակոբ Պալեան

Պսակաձեւ Ժահրի Առանց Խտրութեան Եւ Սահմանի Ջարդը Մարդկայնական Նոր Որակ Կը Յառաջացնէ՞

06 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ:

Յ. Պալեան

Քաղաքական ճառը կը ծառայէ սուտերուն ճշմարտու-թեան շեշտ տալու, ոճիրը դարձնելու յարգելի, եւ պարզ օդի հոսանքի կերպարանք տալ համերաշխութեան:

Ճորճ Օրուէլ

Տնարգելութեան դատապարտուած ենք եւ աշխարհ խտացած է հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանին մէջ, որ մեզի կը հասցնէ լուրեր, իրաւ, կիսով կեղծուած, թաքնուած միտումներով: Կը բացայայտէ նաեւ ղեկավարութիւն-իշխանութիւններու նախախնամական ըլլալու թատրոնը, շպարելով անկարողութիւնները եւ ձախողութիւնները:

Մեկուսացումը մտածման եւ դատումի հորիզոններ կը բանայ:

Դեռ ոչ ոք մտածելու իրաւունքը սանձեց: Ան ազատութիւնն իսկ է:

Մեծ եւ պզտիկ երկիրները, անոնց ղեկավարները եւ շարքային քաղաքացիները կը դիմագրաւեն շատ մեծ տագնապ մը, սպառնական, գէթ այժմ անհակակշռելի: Մարդկային ընդունուած միտքը եւ կարողութիւնները գերանցող արուեստական ուշիմութեամբ օժտուած գերարդիական մեքենաները, սարքաւորումները, անզօր եղան անտեսանելի ժահրի մը դէմ, կարծէք ան ըլլար ահեղ մրրիկ մը, ցունամի, կամ երկրաշարժ:

Մեղմելու համար վախ եւ հոգեկան ցնցում, սպառնալիքը դեռ չանհետացած, կը խօսուի յաջորդելիք նախատեսելի տնտեսական ահաւոր տագնապի մասին: Միեւնոյն ժամանակ, զօրավարի ուսնոցներով ղեկավարներ, իրենց իշխանութիւնը պահելու համար առիթը պատեհ կը համարեն եւ տարբեր ձեւերով կը ձգտին հակակշռել հանրային կարծիքը, ձախողութիւն եւ անկարողութիւն, նախատեսած չըլլալու յանցանք, կը վարագուրեն պատերազմական վիճակի այլաբանութիւններով, իշխանութեան ղեկը պահելու համար:

Եւ միշտ՝ անսխալական եղած ըլլալու առասպել կը պատմեն, հետեւելով արհեստավարժ դարձած հանրային կարծիքի վրայ ազդելու մասնագէտներու ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան: Կարծէք ընտրուած ղեկավարներու ետին կանգնած, անոնք են իսկական առաջնորդները:

Հակառակ հնչեցուած ահազանգներու, մանաւորաբար բնութեան եւ շրջապատի յարաճուն փճացման, կեղտոտման եւ քանդումին մասին, ոչ ոք ուզեց մատնացոյց ընել չարիքին արմատը, որ անյագ շահի եւ դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւնն էր (յիշել Հռոմի Պիոս ԺԱ. քահանայապետը): Արդարեւ, քանի մը հազար անձ փոխադրող զբօսանաւեր կառուցուեցան, միլիոններ ծախսուեցան եւ կը ծախսուին մեծերու եւ պզտիկներու ընտրապայքարներուն եւ հիւլէական ռումբերու համար, դրամատուներու մէջ միլեառներ կը կուտակուին, բայց մարդկութիւնը չկրցաւ իր արտադրած աղբը մաքրել, ոչ ալ բնակչութեան ապահովութեան եւ առողջապահութեան նախատեսութեամբ հիւանդանոցներ կառուցել եւ զանոնք օժտել սարքաւորումներով:

Այդպէս եղաւ նաեւ հարուստ համարուած երկիրներու պարագային:

Կը հարցնէ՞ք, թէ ո՞ւր կ’աճին եւ կը բազմանան ամէն տեսակի մանրէները եւ ժահրերը:

Կեանքի պահպանման համար անհրաժեշտ բնութիւնը տեւաբար ենթակայ է նախայարձակման, մեր կոյուղիներով, ինքնաշարժներու, օդանաւերու, ջեռուցման եւ գործարաններու արտադրած բնածխային կազով, մեր արտադրած մեծ ու պզտիկ զէնքերու ու ռումբերու ջերմութեամբ: Ինքնամոռաց յանդգնութեամբ բնութիւնը կ’աւերենք, անոր կարգը կը խանգարենք, դրամի կայսերապաշտութեան ծառայելու համար:

Ուշադրութիւն չգրաւող լուր մը հաղորդուեցաւ. մարդոց պսակաձեւ ժահրի պատճառով տունը բանտարկուած ըլլալու հետեւանքով, Վենետիկի ջրանցքները թափանցիկ դարձած են: Կը մտածե՞նք անդադար սաւառնող հազարաւոր օդանաւերու մեր գլխուն վրայ մաղած բնածխային կազի մասին… Ինչպէ՞ս կը ծնին աղէտները:

Հոգեբուժարաններու մէջ, կարգ մը հիւանդներ կը դարմանեն ելեկտրական ցնցումով, électrochoc: Այս պսակաձեւ ժահրը,- կիսագրագէտները իմաստունի շապիկ հագնելով կ’ըսեն՝ կրոնավիրուս,- մեզ կանգնեցուցած են խանգարուած եւ փոխուելու դատապարտուած աշխարհի մը առջեւ, եթէ ան փուլ չգայ: Պիտի հասկնա՞նք, որ բնութեան կարգին առջեւ հաւասար ենք, մեր իշխանատենչական, նիւթապաշտական եւ շահախնդրական հիմերու վրայ կազմակերպուած ընկերութիւնը աղէտի ուղղութիւն մըն էր եւ է:

Հիմա որ հաւասարապէս տնարգելութեան դատապարտուած ենք եւ հաւասարապէս վտանգուած, պիտի կարենա՞նք մտածել ընկերային նոր կարգի մը մասին:

Ինչպէ՞ս պիտի պահուի կեանքը, ինչպէ՞ս պիտի պահուի բնութեան մէջ զարտուղութիւն-հրաշք մարդկային միտքը: Պիտի քաղե՞նք դասը, որ չկան մենաշնորհներ եւ մենաշնորհեալներ: Իմաստասէրին պարզ խօսքը, որ «ուրիշին իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է», պիտի դառնա՞յ առաջնորդող միտք, օրէնք, կրօն: Այն՝ որ եթէ պիտի մնանք եւ պիտի տեւենք, այդ պիտի ըլլայ հաւաքաբար, կամ պիտի չըլլանք:

Այսինքն վերջ պիտի տա՞նք արտադրել-սպառել-շահագործել-կուտակել-իշխել հնգեակին: Այս ժահրի տարածման առաջին օրերուն մարդիկ յիշեցին հարիւր տարի առաջ յիսուն կամ հարիւր միլիոն կեանքեր հնձած սպանական կրիփը: Այս պսակաձեւ ժահրը սահման չունի, համամոլորակային է: Ան պիտի յիշեցնէ՞, Փասքալի բառերով, որ կը գտնուինք նոյն նաւուն վրայ, nous sommes embarqués, կ’ըսէր իմաստունը:

Կամ այն է, որ գիտակցական ցնցումով մը, մարդկութիւնը կը մտնէ բարոյականացման նոր ժամանակաշրջան մը, կամ այն է, որ իշխանաւորները, օգտուելով ժամանակակից ճարտարագիտութեան ընձեռած կարելիութիւններէն, անհատները եւ ընկերութիւնները կը դնեն հսկողութեան տակ, իրողութիւն դարձնելով Ճորճ Օրուէլի երեւակայած աշխարհը: Արդէն հիմա, մեր բջիջային հեռախօսները մեզի հետեւող ոստիկաններ են: Չենք զարմանար, որ կայարաններու մէջ տեղադրուած լուսանկարող սարքերը, տեսնելով մեր դէմքերը, անմիջապէս կը ճշդեն մեր ինքնութիւնը, հասցէն, կենսագրութիւնը: Հիմա տրոններ (drones) կը հսկեն… Ո՞ւր կը մնան մեր առանձնութիւնը, մեր զգացական եւ իմացական ինքնուրոյնութիւնը եւ անկախութիւնը: Այդ միջոցներու գործածութիւնը մեզ պէտք է մղէ մտածելու Ճորճ Օրուէլի երեւակայած աշխարհի մասին:

Ժահրի դէմ շղթայազերուած պատերազմին զոհը պէտք չէ ըլլայ գլխագրուած ՄԱՐԴը, իր ազատութեամբ եւ ինքնուրոյնութեամբ, եւ չշեշտէ անհաւասարութիւնները: Փաստ է, այս ժահրը յայտնաբերեց անհաւասարութիւններ. ոմանք հանգստաւէտ պայմաններու մէջ, մեկուսանալով, կը սպասեն որ փոթորիկը անցնի, ուրիշներ կը շարունակեն հացի պայքարը: Տունը մնալ, դուրս չգալ, մենաշնորհեալներու համար է: Տուն չունեցողը, օրապահիկի համար աշխատողը ինչպէ՞ս դուրս պիտի չգայ:

Այս կամ այն ձեւով, սուղ վճարելով անգամ, այս տագնապը վերջ պիտի ունենայ: Ընկերութիւններ եւ պետութիւններ իրենք զիրենք պիտի գտնեն նոր հարցականներու եւ նոր վերաբերումներու առջեւ, ներպետական եւ միջազգային. տիրակալութեան, շահագործման, փոխօգնութեան, իր անուան արժանի հաւասարութեան եւ գլխագրուած Իրաւունքի՝ որ չըլլայ բառային ճապկումներու բանաձեւում:

Մեր բոլորի վաղը պիտի ըլլա՞յ աւելի ազատ, աւելի արդար եւ աւելի հաւասար:

Այսինքն, մեծ ու պզտիկ, պիտի գիտակցի՞նք մեր չափերուն եւ իմաստնանանք:

Այս մտածումները պատասխանատուութեան հրաւէր են, տիրացուական չեն:

Կրկին մտածել Ճորճ Օրուէլի հետ. Քաղաքական ճառը կը ծառայէ սուտերուն ճշմարտութեան շեշտ տալ, ոճիրը դարձնել յարգելի եւ պարզ օդի հոսանքի կերպարանք տալ համերաշխութեան:

Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, now Turkey – 1 April 1909 – Adana Massacre – Panorama of the Adana Armenian District after the Massacre Photo – Armenian Genocide Museum

yerakouyn.com/2020/04/06/պսակաձեւ-ժահրի-առանց-խտրութեան-եւ-սահ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail