Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ – Վարձքը Կատա՛ր Բոլորին – Վարձքը Կատա՛ր Բոլորին – Վարձքը Կատա՛ր Բոլորին – Վարձքը Կատա՛ր Բոլորին – Վարձքը Կատա՛ր Բոլորին
06 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՍՓԻՒՌՔ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ – ՔՈՎԻՏ-19:
Յ. Լատոյեան
Քորոնայի ճգնաժամային շտապի աշխատանքներուն համար անցնող շաբթուան ընթացքին նուիրատուութիւններ կատարուեցան եւ կը կատարուին տակաւին:
Նախազգուշական արշաւի համար սկսած շտապը օրը-օրին մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի: Պետութիւններ անկարող են կազմակերպելու եւ երեւոյթին դէմ յանդիման կենալու:
Լիբանանահայութիւնը իր կառոյցներով անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, որ ինքնուրոյն է իր կազմակերպուած ուժով եւ պատրաստակամութեամբ:
Այսօր փաստօրէն 5.000 ընտանիք եւ աւելի կարիքը ունի սնունդի: Շտապը արդէն սկսաւ 3.000 ընտանիքի սննդեղէնի կտրօններ եւ տուփեր բաժնել:
Բոլորին պիտի փորձենք հասնիլ: Ո՛չ կուսակցական, ո՛չ համայնքային, ո՛չ ընտրական եւ ո՛չ ալ այլ նախապաշարումներ կան: Սակայն, զտումը այնպէս մը կ’ըլլայ, որ ընտանիք մը եթէ մէկ անգամ ստացաւ, երկրորդ անգամ չստանայ: Այդ նպատակով ալ ստուգումներ կը կատարուին:
Կաթողիկոսարանէն, Ազգային առաջնորդարանէն, Հայ կաթողիկէ համայնքէն, քաղաքապետութիւններէն օժանդակութիւն ստացողները բնականաբար առիթ պէտք է տան, որ ուրիշներն ալ ստանան:
Պարզապէս հասկացողութեամբ եւ իրարու օգտակար ըլլալու սկզբունքով օգնենք իրարու:
Այս ուղղութեամբ խօսք մըն ալ նուիրատուներուն:
Նուիրատուներ կան, որ բոլոր առիթներով մեր գաղութի բարօրութեան, կրթական, մարզական, մշակութային, քաղաքական, կրօնական, բարեսիրական մարզերուն մէջ օգտակար կ’ըլլան միշտ: Շնորհակալութիւն նախ իրենց վեհանձնութեան եւ օրինակելի ընթացքին համար: Առանց դիմելու նուիրատուութիւն ընելը մեզի ուժ եւ կորով կու տայ: Երկրորդ.երեք պատկեր փոխանցեմ. երեքն ալ պատահեցան անձամբ ինծի հետ:
Առջի գիշեր Անգլիայէն հեռաձայն մը ստացայ: Սուրիահայ հայրենակից մը, որ Սուրիայէն պատերազմի օրերուն, 2014-ին, ապաստանած էր Լիբանան, մինչեւ իր Անգլիա գաղթելու թուղթերուն դասաւորումը անհրաժեշտ էր ոտքի անյետաձգելի գործողութիւն մը ընէր եւ մենք այդ դասաւորումը ըրած էինք օրին: Ներկայիս, վեց տարի ետք, երբ դիմատետրով տեսաւ մեր աշխատանքները, հեռաձայնեց` ըսելու համար, որ 400 տոլարով պիտի օժանդակէ մեր աշխատանքներուն:
Երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան պատկեր մը, որ տարիներ առաջ կատարուած բարեգործութեան մը փոխադարձ կեցուածքը կը պարզէ:
Երկրորդ` մայր մը 100.000 լ.ո. նուիրեց. գումարը իր պզտիկներուն գանձանակէն հաւաքուած էր: ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ ներկայացաւ` իր երախտագիտութիւնը յայտնելու եւ մասնակցութիւնը բերելու համար:
Երրորդ.տարեց հայրիկ մը ներկայացաւ եւ իր կողմէ 50.000 լ.ո. նուիրեց, որպէսզի ուրիշ տարեցի մը օգտակար ըլլայ:
Եւ այսպէս, մեր գաղութը ինքնուրոյն է իր պահուածքով եւ տոկունութեամբ:
Տակաւին չեմ նշեր հարիւրաւոր կամաւոր տղաքն ու ԼՕԽ-ականները, բժիշկները, դեղագործներն ու հիւանդապահները:
Վարձքը կատա՛ր բոլորին:
Տունը մնացէ՛ք. մենք ձեզի կը հասնինք:
yerakouyn.com/2020/04/06/վարձքը-կատա՛ր-բոլորին/