Մատրիտ. «Թուրքիան Չինաստանէն Սպանիա Ուղղուող` Շնչառութեան Սարքերով Բեռնաւորուած Օդանաւ Մը Գրաւեց»

Մատրիտ. «Թուրքիան Չինաստանէն Սպանիա Ուղղուող` Շնչառութեան Սարքերով Բեռնաւորուած Օդանաւ Մը Գրաւեց»

06 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ – ՔՈՎԻՏ-19:

Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, now Turkey – 1 April 1909 – Adana Massacre – Panorama of the Adana Armenian District after the Massacre Photo – Armenian Genocide Museum

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ թրքական իշխանութիւնները գրաւած են շնչառութեան սարքերով բեռնաւորուած օդանաւ մը, որ Չինաստանէն Սպանիա կ’ուղղուէր:

«Թրքական կառավարութիւնը արգելքներ հաստատեց իր հողերուն վրայ բժշկական սարքերու արտածումներուն վրայ` մեկնելով գլխաւորաբար իրենց առողջապահական համակարգը պահպանելու մտահոգութենէն», նշեց նախարարութիւնը:

Այս բեռը յարգի կը նկատուի, որովհետեւ «Քորոնա» ժահրի դարմանման համար անհրաժեշտ շնչառութեան 162 սարքեր կը պարունակէր:

Թրքական մաքսատունը անցեալ շաբաթ օր գրաւեց բեռը` Չինաստանէն եկող օդանաւը կանգնեցնելէ ետք: Թուրքիան այսպիսով գրաւեց շնչառութեան սարքերը, որոնց անմիջական կարիքը ունի Սպանիան` «Քորոնա» ժահրին պատճառով արձանագրուող մեծ թիւով մահերուն առաջքը առնելու համար:

Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, now Turkey – Adana Massacre – Ruins of shops and homes of wealthy Armenian owners in Adana

www.aztagdaily.com/archives/470221

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail