«Միացեալ Նահանգներու Նախագահը «Քորոնա» Ժահրէն Վտանգաւոր Է» Կ՛ըսէ Շամխանի
06 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ – ՔՈՎԻՏ-19:
Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի երէկ նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը «Քորոնա» ժահրէն վտանգաւոր է»:
Շամխանի ընկերային ցանցի վրայ յայտարարութիւն կատարելով յայտնեց. «Իրանին յատկացուած բժշկական սարքերուն վրայ պատժամիջոցներ հաստատելը անօրինական քայլ է, մարդկային իրաւանց խախտում է եւ իրանցի ժողովուրդին նկատմամբ Թրամփի թշնամանքի յստակ ցուցանիշ մը»:
Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը նաեւ շեշտեց. «Ամերիկայի` Միջազգային դրամական ֆոնտէն նոր «Քորոնա» ժահրին` «ՔՈՎԻՏ-19»-ի դէմ պայքարին համար պէտք եղած սարքերը գնելու համար Իրանի խնդրած նիւթական դիւրութիւններու տրամադրման ընդդիմանալը մարդկութեան դէմ իր գործած ոճիրներուն իսկական ապացոյցն է»:
www.aztagdaily.com/archives/470231