Թրամփ Կը Հերքէ Քարիւղի Հարցով Ռուսիոյ Եւ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Քննարկում Կատարելու Մասին Իր Յայտարարութիւնը
07 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խոստացաւ զգալի տուրքեր հաստատել քարիւղի համար, եթէ ատոր գիները շարունակեն մնալ նոյն մակարդակի վրայ:
«Եթէ անոնք (Ռուսիան եւ Սէուտական Արաբիան) համաձայնութիւն չգոյացնեն, ես զգալի տուրքեր պիտի հաստատեմ, որովհետեւ մենք հիմա անկախ ենք: Մենք մեր քարիւղը ունինք», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:
Թրամփ նոյն ատեն նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ չ՛ուզեր արտասահմանեան քարիւղ գնել:
Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարարը իր սէուտցի պաշտօնակիցին յայտնեց, որ քարիւղի գիներուն շուրջ ռուս¬սէուտական հակամարտութիւնը Միացեալ Նահանգներուն ու աշխարհին համար հետեւանքներ ունի:
Թրամփ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած եւ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ ուղիղ պատկերասփռուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած էր, որ քարիւղի արդիւնահանման ծաւալներու կրճատման վերաբերեալ Ռուսիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ քննարկում չէ ունեցած:
«Անոնք պիտի ուզէին ծաւալներու կրճատում, ինչ որ լաւ է իրենց երկիրներուն համար, սակայն այդ մասին քննարկում չենք ունեցած», նշած էր Թրամփ` պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նախապէս յայտարարած էր, թէ քարիւղի գինի առնչուած զրոյց ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին հետ, որ, Թրամփի խօսքով, իր կարգին հարցը քննարկած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Նախագահ Թրամփի համաձայն` թէ՛ Ռուսիան, թէ՛ Սէուտական Արաբիան խոստացած են նուազեցնել քարիւղի արդիւնահանման ծաւալները` շուրջ 10 միլիոն տակառով կամ թերեւս աւելի քանակութեամբ: Եթէ այդպիսի բան տեղի ունենայ, ատիկա հրաշալի պիտի ըլլայ նաւթի եւ կազի արդիւնաբերութեան համար», նախապէս գրած է Սպիտակ տան ղեկավարը:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հերքած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նման խօսակցութիւն ունենալու լուրը:
www.aztagdaily.com/archives/470293