Ակնարկ. Դէպի Բնականոն Կեանքի Հուն – Պսակաձեւ ժահրի վարակակիրներու թուային պատկերները երկրէ երկիր կը տարբերին

Ակնարկ. Դէպի Բնականոն Կեանքի Հուն – Պսակաձեւ ժահրի վարակակիրներու թուային պատկերները երկրէ երկիր կը տարբերին

07 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ – ՔՈՎԻՏ-19:

Map of the Ancient World Rome and Armenia – In this map you can find where the Ottoman Empire you mentioned is

Պսակաձեւ ժահրի վարակակիրներու թուային պատկերները երկրէ երկիր կը տարբերին: Հոն, ուր ուշացած են ինքնամեկուսացման կամ մեկուսացման գործընթացները, միտումներու կշռոյթը արագ է, եւ վարակումի տարողութիւնները` բարձր: Կը տարբերին բնականաբար մահացութեան դէպքերու թիւերը: Հետեւաբար նաեւ` բուժուածներու պարագաները: Այս բոլոր վիճակագրութիւնները անընդհատ կը թարմացուին եւ կը հրապարակայնացուին: Ժահրին դէմ յայտարարուած պատերազմին Չինաստանը կը շարունակէ գրաւել առաջին հորիզոնականը:

Կը թուի, որ վիճակագրական սուր եւ կոր պատկերները հարթեցնելու պայքար մղող պետութիւնները միաժամանակ կը նախապատրաստուին ժահրին հետ գոյակցելու դրութիւններու որդեգրման: Այստեղ դարձեալ Չինաստանն է, որ կ’ազդարարէ բնականոն կեանքի վերադարձի առաջին քայլերը:

Ինքնամեկուսացումներն ու մեկուսացումները հասկնալիօրէն առաջին գործողութիւններն են վարակի տարածականութիւնը կարելի սահմաններուն մէջ նուազեցնելու: Այդ կարգավիճակը սակայն տրամաբանօրէն որոշ ժամանակ կ’ենթադրէ: Ժահրին դէմ պատուաստանիւթի գործարկման թուականի անորոշութիւնը եւ բանակային կարգապահութեամբ յորդորներուն չենթարկուելու երեւոյթները չեն կրնար անորոշ ժամանակով երկարաձգել մեկուսացումը:

Մեկուսացումը կեանքի սառեցում է. թէ՛ պետական, թէ՛ ընդհանրապէս հասարակական ընկալումներով: Դրամատուներու թոյլատրուող սահմանափակ աշխատանքը, որոշուած ասպարէզներու աշխատակիցներուն ազատ շրջագայութիւնը, առցանց աշխատելու դրութիւնները, եկեղեցական կեանքի առ ցանցայնացումը, ու տակաւին` առցանց հաւաքները, համախմբումներն ու ժողովները թափ կը հաւաքեն` կեանքի ապասառեցման միտումներ արձանագրելով: Տակաւին չենք խօսիր թէ՛ պետական եւ թէ՛ գործարարական մակարդակներու հսկայածաւալ գործունէութիւններու վերամեկնարկի անյետաձգելի դարձած հրամայականներուն մասին:

Լիբանանի մէջ թէ՛ քաղաքացիներու տունդարձի որոշումներու գործնականացման առաջին օրինակները, թէ՛ տեղաշարժի սահմանափակման համար ինքնաշարժներու համարանիշներու վերաբերող օրէնքներու հրապարակումը կը խօսին փաստօրէն ժահրին հետ համակեցութեամբ կեանքը ապասառեցնելու ճիգերուն մասին:

Տունդարձի կամ տարհանման նպատակով իրականացուող թռիչքները մտածել կու տան, որ երկրորդ փուլը կրնայ վերաբերիլ կանխարգելիչ օրէնքներու կիրարկումով քաղաքացիական տարբեր թռիչքներ հաստատելու որոշումին: Կարգաւորելի է անշուշտ միջազգային թռիչքներու նոր օրէնսդրութիւնը` ապահովելով վարակազերծման աշխատանքները:

Բնականոն կեանքը անշուշտ պէտք չէ պատկերացնել պսակաձեւ ժահրի բռնկումէն առաջ գոյութիւն ունեցող համատարած գործընթացներով: Պարտադիր պաշտպանուածութիւնը, ֆիզիքական հեռաւորութեան պահպանումը եւ նման կանխարգելիչ կանոններ պիտի գան համալրելու այն բոլոր կէտերը, որոնց պարտադրաբար պիտի դիմեն քաղաքացիները` ժահրին հետ համակեցութեամբ կարելի բնականոնութեամբ հաւաքական կեանքը շարունակելու համար:

Վերադառնանք չինական օրինակին եւ նկատենք, որ յետքորոանական աշխարհը գուցէ այդ օրինակին հետեւելու պատճառներ ունի: Հետեւելու այս պարագային ո՛չ միայն ժահրին դէմ յայտարարուած պատերազմը յաղթահարելու, այլ նաեւ յետպատերազմեան կեանքը կազմակերպելու ուղղութիւններուն:

Գիտական աշխարհը կը շարունակէ բացատրել, որ վարակը իր շրջանը (սիքլը) ունի, զոր պիտի աւարտէ: Այդ շրջանի տեւողութիւնը յայտնաբար հիմնովին կախեալ է կարողական վարակակիրներու մեկուսացուած կարգավիճակներէն: Եթէ գործնապէս բացարձակօրէն կիրարկելի չէ մեկուսացումը, շրջանի աւարտի պահը դժուար է կանխատեսելը: Ուրեմն` համակեցութիւնը կը դառնայ աւելի տեսանելի կարելիութիւն` հաւաքական կեանքի ապասառեցման համար: Այս համակեցութիւնն ալ ունի իր կանոնները: Փաստօրէն ասպարէզի բերումով շրջագայողները, թռիչքի ուղեւորներն ու ինքնաշարժի վարորդները սկսած են կիրարկել այդ կանոնները եւ այդպիսով արձանագրել ապասառեցման առաջին քայլերը:

«Ա.»

GENOCIDE- April 1, 1909 – Adana Massacre, Cilicia Catastrophe, and First Alarm of the Armenian Genocide

www.aztagdaily.com/archives/470212

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail