ԵՍ ԿԸ ՅԻՇԵՄ. Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանը Կ՝առաջարկէ Ապրիլ 24-ին Փոխարինել Facebook-ի Լուսանկարը

(الأرمن ـ شعب ينتمي إلى العرق الآري، ويعود وجودهم في أرض أرمينيا التاريخية – إلى الألف الثالث ق.م، حسب الدراسات اللغوية والآثارية الحديثة والتقليد المتوارث القديم)

ԵՍ ԿԸ ՅԻՇԵՄ. Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանը Կ՝առաջարկէ Ապրիլ 24-ին Փոխարինել Facebook-ի Լուսանկարը

08 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Map of the Ancient World Rome and Armenia – In this map you can find where the Ottoman Empire you mentioned is

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին ընդառաջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը կոչով կը դիմէ Հայաստանի քաղաքացիներուն, հայ ժողովրդին ու անոր բա­րեկամներուն՝ յորդորելով Ապրիլ 24-ին Facebook-ի իրենց լուսանկարները փոխարինել յատուկ այդ նպատակով ստեղծուած շրջանակի մէջ առնուած իրենց հարազատներու՝ զոհ կամ վերապրող՝ լուսանկարներով, անոր բացակայութեան պարագային՝ անուն-ազգանունով, նաեւ փոքր պատմութեամբ մը անոր կամ անոնց մասին։

Թանգարան-հիմնարկի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.

«Եթէ չկան զոհ կամ վե­րապրող հարազատներ՝ տեղադրեցէք Ցեղասպանութեան զոհ արեւմտա­հայ մտաւորականներու, հասարակական-քաղաքական գործիչներու, ֆետա­յիներու, շարքային զինուորներու եւ զօրավարներու լուսանկարները։ Դրէք արեւմտահայութեան մշակութային ժառանգութեան գանձերու լուսանկարնե­րը, կիսուեցէք Արեւմտեան Հայաստանի ձեզի հասանելի պատկերներով։ Եւ ըն­դամէնը մէկ պարզ գրութեամբ՝ ԵՍ ԿԸ ՅԻՇԵՄ կամ ԿԸ ՅԻՇԵՄ»:

Շատոնց արդէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը դուրս եկած է ցեղական յիշողութեան, այսինքն՝ լոկ հայերու նկատմամբ գործած յանցա­գործութեան, զուտ հայկական ողբերգութեան սահմաններէն. անիկա համա­մարդկային ողբերգութիւն է, մարդկութեան դէմ գործած ամենամեծ չարիք­ներէն մէկը։ Չարիք, որուն միջազգային ճանաչման ու դատապարտման, նաեւ հետեւանքներու վերացման հարցը արդարութեան համար պայքարի ծիրին մէջ է։

Մէկ դար անցած է 1915-1923 թուականներուն մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ գործած յանցագործութենէն, սակայն այդ ոճիրին հետեւանքները մինչ օրս զգացնել կու տան իրենց ։ Հայ մարդիկ կը յիշեն Ցեղասպանութեան զոհ իրենց պապերն ու տատերը, կը յիշեն տասնեակներով մղուած ինքնա­պաշտպանական մարտերու հերոսները, ապրելու իրաւունքը պաշտպանե­լու ելած դիմադրողները, վերապրողները՝ որոնք հիմքը դարձան ոչ միայն հայկական Սփիւռքի, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մերօրեայ բնակ­չութեան գրեթէ կէս մասին։

Կը յիշեն հազարամեակներու ընթացքին ստեղ­ծած եւ ներկայիս անտէր ու աւերակ դարձած եկեղեցիներն ու վանքերը, քաղաքներն ու գիւղերը, թաղամասերն ու տուները, ծառերն ու միրգերու համու­հոտի մասին տատիկներու պատմութիւնները, պարերն ու երգերը, մոռցուող բարբառի քաղցրութիւնը։ Կը յիշեն հայ մտաւորակա­նութեան պայծառ ներկայացուցիչները. գրողներն ու բժիշկները, լրագրողներն ու արուես­տագէտները, ճարտարապետներն ու նկարիչները, կը յիշեն բազմա­հմուտ արհեստաւորները, վաճառականներն ու հողի մշակները։ Կը յիշեն որբերը փրկողներն ու միսիոներները, մեծ մարդասէրներն ու բա­րերարները։ Կը յիշեն հպարտութեամբ, կը յիշեն գորովանքով։

Մէկ դար անցած է Ցեղասպանութենէն։ Ատիկա հսկայական ժամանակ է։ Փոխուած են ժամանակները. ներկայիս Հայաստանի երիտասարդ Հանրապե­տութիւնը երեսուն տարեկան է։ Եկած է նաեւ որոշ իրողութիւններ վերաի­մաստաւորելու, վերասահմանելու ժամանակը։ Ցեղասպանութեան դաժա­նագոյն տարիներուն հայ մարդիկ պայքարած են. պայքարած են ոչ միայն զէն­քով, պայքարած են ոգիով։ Հազար-հազարները չեն դաւաճանած իրենց կրօնին ու լեզուին, հարազատներուն ու բարեկամներուն. անգամ եթէ հարկադրաբար փոխած են կենսաձեւը, առաջին իսկ յարմար առիթի պարագային վերա­դարձած են իրենց ակունքներուն։

Հազար-հազարները ատոր հնարաւորութիւնը ուղղակի չեն ունեցած, սակայն հայկականութեան ոգին ու յիշողութիւնը ապ­րած է անոնց մէջ յետագայ ողջ կեանքի ընթացքին։ Մարդիկ մաքառած են, պայքարած են ու հերոսացած ոչ միայն կռուի դաշտին մէջ, այլ նաեւ՝ գոյատեւման ամենօրեայ պայքարին։ Ծնողները փրկած են զաւակները, փոքրերը՝ մեծե­րը, հարեւանը՝ հարեւանը, ծանօթը՝ անծանօթը։ Կիսած են կտոր մը հացը անապատի մէջ, թէ՝ որբանոցի։

Ընտանեկան համերաշխութեան ու փոխօգ­նութեան, դժուարին պահերուն միմեանց հասնելու, ձեռք մեկնելու բացառիկ օրինակներ եղած են Ցեղասպանութեան տարիներուն՝ արժանի անոնց մասին վէպեր ու բանաստեղծութիւններ գրելու։

Ուստի մենք պէտք է շարունակենք յաւուր պատշաճի արժեւորել բա­րոյական ու արժանապատիւ պահուածքի դրսեւորումները, ու նաեւ յարգան­քով ու հպարտութեամբ յիշենք թէ´ զոհերը, թէ´ դիմադրողները, թէ´ վեր­ապրողները»։

Un charnier de victimes arméniennes du génocide dans le village de Sheyxalan (Turquie), en 1915. (ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM / AFP)

yerakouyn.com/2020/04/08/ես-կը-յիշեմ-հայոց-ցեղասպանութեան-թանգ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail