ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ – Ո՛Չ՝ Այս Պսակին – Ի յայտ եկաւ նոր աշխարհակալ մը, զոր ոմանք կոչեցին coronavirus կամ՝ թագաժահր, պսակաժահր եւ այլ

Coronavirus-covid-19

ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ – Ո՛Չ՝ Այս Պսակին – Ի յայտ եկաւ նոր աշխարհակալ մը, զոր ոմանք կոչեցին coronavirus կամ՝ թագաժահր, պսակաժահր եւ այլն

08 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

Հին աշխարհի քարտէզը Հռոմը և Հայաստանը – Այս քարտէզի մէջ կարելի է փնտրել թէ ձեր ըսած օսմանեան կայսրութիւնը ուր է

Վրէժ-Արմէն

Ա.

Ի յայտ եկաւ նոր աշխարհակալ մը, զոր ոմանք կոչեցին coronavirus կամ հայատառ՝ կորոնավիրուս՝ ուղղակի փոխառութեամբ կամ՝ թագաժահր, պսակաժահր եւ այլն՝ այլ բարդ բառերու նմանողութեամբ, մեղանչելով հայերէն բառակազմութեան օրէնքներուն դէմ (թագի ժահր կամ պսակի ժահր իմաստ պիտի ունենան այդ բառերը), իսկ բժշկ. Արմենակ Եղիայեան մատնանշեց, որ «պսակաձեւ ժահր»ն է հայերէնով ամէնէն հարազատը։ Ան, մկրտութեան անունով, կը ճանչցուի որպէս COVID-19։

Հայ լեզուաբաններուն կը թողեմ որոշել, թէ ինչպէս մէ՛կ բառով պիտի անուանուի ան մեր ապագայ բառարաններուն մէջ, բայց չեմ կրնար չտեսնել այն ահաւոր տակնուվրայութիւնը, որ ան յաջողեցաւ ստեղծել համաշխարհային առումով՝ անշուշտ ոչ առանց մեղսակցութեանը իշխանութիւններուն, մեծ դրամագլուխին, մամուլին ու մեր բոլորին, որ ենթարկուեցանք այս բռնակալի կամքին։

Կամայ թէ ակամայ բոլորս ստիպուեցանք պատշաճիլ, փոխել, երբեմն գրեթէ կասեցնել մեր առօրեան, նոր կենցաղի կամ կենցաղներո՛ւ վարժուիլ, սորվիլ ինչպէս հեռաշխատիլ առանձնաբար կամ խմբովին։

Կանգ առաւ նաեւ մեր ազգային-համայնքային սովորական գործունէութիւնը, փակուեցան ուսումնական հաստատութիւնները, հայ կեդրոնները, աղօթարանները, սակայն որդեգրուեցան տարբեր գործելաձեւեր, բայց մանաւանդ աննախընթաց նոր նախաձեռնութիւններ՝ օրուան կարիքներուն համապատասխան։ Առցանց տեղեկատւութիւններն ու հանդիպումները նախապատուութիւն ստացան անխուսափելիօրէն։

Ականատես եւ մասնակից ենք այս փոփոխութիւններուն՝ առաջին հերթին մղուած ինքնասիրութենէ մը՝ մտահոգ մեր առողջութեամբ, բայց միեւնոյն ատեն այլասիրութենէ մը՝ մտահոգ հաւաքականութեան առողջութեամբ։

Ականատես եւ ականջալուր ենք նաեւ, շնորհիւ հեռատեսիլին ու ընկերային ցանցերուն՝ մարդկային առաքինութիւններու՝ իրար օգնութեան, ծառայութեան եւ աղէտին դիմակալութեան ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ մարդկային ստորնութիւններու՝ առիթէն օգտուելու, տկարներն ու անպաշտպանները շահագործելու եւ սեփական շահերը բազմապատկելու տեսակէտէն։

Այս իրավիճակը, սակայն, մեզ մղելու է մտածելու։ Մտածելու մեր կենցաղին, մեր ապրելակերպին, մեր հաւաքական արժէքներուն եւ ընդհանրապէս հաւաքական գոյութեա՛ն մասին։

Համաճարակը բացառիկ առիթ մը կը հանդիսանայ համայն մարդկութեան համար վերանայելու մեր քաղաքակրթութեան ուղեծիրը։

Առաջին հերթին հարց տանք մենք մեզի, թէ արդեօք ձեռք առնուած միջոցները սպառնալիք մը չե՞ն ներկայացներ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն։

Étienne Cardin-Trudeau՝ Թորոնթոյի համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու դոկտորայի ուսանող մը, «Le Devoir» օրաթերթի 23 Մարտ 2020ի թիւին մէջ «COVID-19 et démocratie, la rétraction du politique» (COVID-19 եւ ժողովրդավարութիւնը՝ քաղաքականութեան նահանջը) յօդուածին մէջ, անդրադառնալով հիւանդութեան դէմ շղթայազերծուող պայքարին՝ կը գրէ. «Պայքարելու համար անհրաժեշտ է հեռու մնալ, մեկուսանալ, փակուիլ, անհետանալ։ […] Ազգային ժողովը գոցուած է, ցոյցերը յետաձգուած են, լրագրողներու մեծամասնութիւնը խրախուսուած է տունէն աշխատելու, արհմիութենական հաւաքոյթները ջնջուած են կամ առցանց փոխադրուած, քաղաքացիական կազմակերպութիւններն ու կամաւորական ընկերակցութիւնները իրենց գործունէութիւնը կ՚առկախեն եւ այլն»։ Եւ հարց կու տայ յօդուածի աւարտին, թէ «ի՞նչ կը պատահի ժողովրդավարութեան, երկար ժամանակի վրայ, երբ իր քաղաքացիները ստիպուած կ՚ըլլան, բոլորին բարիքին համար՝ անհետանալո՛ւ»։

Ի՛նչ կը պատահի, իրապէ՛ս։ Ուզենք թէ չուզենք կը փոխարինուի բռնապետութեամբ մը, ինչպէս հին հռոմէացիներու սահմանադրութիւնը կ՚արտօնէր, որ վտանգի պահուն առժամաբար բռնակալ մը ընտրուի երկրին գլուխը, դիտել կու տայ գրողը։ Հո՞ն պիտի հասնինք։

Միւս կողմէ, արդեօք ճի՞շդ ու ազդո՞ւ են հիւանդութիւնը դիմակալելու նախաձեռնութիւնները։

Այս մասին կ՛անդրադառնան, նոյն օրաթերթի 28-29 Մարտ շաբաթավերջի թիւին մէջ, Շերպրուք քոլեճի երկու փրոֆեսորներ՝ Antonin-Xavier Fournier (քաղաքական գիտութիւններու) եւ Philippe Münch (պատմութեան), «Les pandémies, maladies de l’économie mondialisée» (Համաճարակները՝ աշխարհայնացած տնտեսութեան հիւանդութիւնները) համահեղինակած իրենց յօդուածով։ Ի՞նչ կ՚ըսեն անոնք. «Ժահրին տարածումը աշխարհով մէկ՝ Ասիայէն դէպի Ամերիկա, անցնելով Եւրոպայէն, հետեւանքն է ազգերու համագործակցելու, միանալու ու միասին կազմակերպելու բացայայտ անկարողութեան։ Ազգը ժամանակաւոր պատսպարան մըն է։ Միայն միջազգային համաձայնեցուած ու միակամ գործակցութիւն մը պիտի կարենար սահմանափակել համաճարակը Չինաստանի մէջ, նոյնիսկ Ասիոյ։ Բայց մեծ դրամագլուխի ուժերը, ազգային շահերը, ինչպէս նաեւ սպառողական ու ճամբորդական ցանկութիւնները ի վերջոյ թոյլ պիտի տային որ ժահրը տարածուի երկրէ երկիր, ցամաքամասէ ցամաքամաս։ Ժահրը աշխարհայնացաւ՝ միջազգային լուծումներու բացակայութեամբ»։

Բ.

Այո՛, մարդկութեան սպառնացող մահաբեր ժահրը, ժահրերը՝ պսակաձեւ ըլլան թէ այլ տեսքով, լայն տարածում կը գտնեն մասնաւորաբար այսօրուան աշխարհայնացման կամ համաշխարհայնացման ընդհանուր իրավիճակին ի հետեւանք, ինչպէս ինքն ալ կը հաստատէ Քեպէգի Լաւալ համալսարանի՝ ներկայիս հանգստեան կոչուած փրոֆեսոր Simon Langlois, «Le Devoir» օրաթերթի 30 Մարտ 2020ի թիւին մէջ «Ce qui va changer après la crise sanitaire» (Ի՞նչ պիտի փոխուի առողջապահական տագնապէն ետք) իր յօդուածով։

Այդ կարեւոր, անյետաձգելի փոփոխութիւններուն պիտի անդրադառնամ ուրիշ առիթով, այժմ, սակայն, կ՛ուզեմ հարց տալ, թէ արդեօք նոյն համաշխարհայնացման պատճառով, երբ մարդկութեան հասարակաց հարցերու լուծման համար բոլորը միասին կրնան լուծումներ փնտռել, կարելի պէտք չէ՞ ըլլար նախատեսել նման տագնապներ ու կանխել անոնց հետեւանքները։

Ճիշդ այս հարցին է, որ կ՛անդրադառնայ նոյն օրաթերթի տնտեսական աշխատակիցը, 3 Ապրիլի թիւին մէջ՝ «Ces crises inattendues qui n’en sont pas» (Այս անակնկալ տագնապները, որոնք այնքան ալ անակնկալ չեն) իր դիպուկ յօդուածով։ Արդարեւ, Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական խորհրդաժողովին, որ 15 տարիէ ի վեր ամէն տարի կը կազմակերպուի, աշխարհին սպառնացող վտանգներուն շարքին, 2006ին ներկայացուած զեկուցագիրով մը արծարծուած էր այն հարցը, որ մարդկութեան սպառնացող մեծագոյն վտանգներէն մէկը կրնայ ըլլալ մահացու կռիփի նոր ժահրի մը համաճարակը։ Այս ահազանգը, որ շուրջ հազար միջազգային մասնագէտներու կողմէ հնչեցուած ու կրկնուած է ամէն տարի, պարզապէս լուրջի չէ առնուած՝ այլ շահադիտական նկատառումներով։

Մինչդեռ, ըստ Շերպրուք քոլեճի զոյգ դասախօսներուն, որոնց յօդուածին ակնարկած էի վերեւը, համաշխարհային համագործակցութեան ջատագով Կարլ Մարքս պիտի ծափահարէր լսելով Առողջութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Tedros Adhanom Ghebreyesus-ի հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Այս պսակաձեւ ժահրը կը ներկայացնէ աննախընթաց սպառնալիք մը։ Բայց ան նաեւ աննախընթաց առիթ մըն է, որ մեզ համախմբէ հասարակաց թշնամիի մը դէմ, համայն մարդկութեան թշնամիին դէմ»։ Այսինքն՝ «պրոլետարնե՛ր բոլոր երկիրներու, միացէ՛ք», պիտի եզրակացնէր ան դարձեալ։

Դժբախտաբար այսօր չկայ ուժ մը, որ յաջողի համախմբել մարդկութեան ներուժը պայքարելու յաղագս նման աղէտներու կանխարգիլման։ Աշխարհի ամէնէն հարուստ պետութիւնը, որ անցեալին կարողացած է այսպիսի պարագաներու առաջնորդողի դեր խաղալ, ներկայիս ոչ միայն հրաժարած է նման դերակատարութենէ, այլեւ դադրեցուցած է կամ նուազագոյնի իջեցուցած է միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ իր ներդրումները։

«Միացեալ Նահանգներու կողմէ ձգուած պարապութիւնը չէ լեցուած այլոց կողմէ», դիտել կու տայ հրեայ պատմաբան, իմաստասէր ու գրող Yuval Noah Harari «Time» շաբաթաթերթի 30 Մարտի թիւին մէջ ստորագրած իր «Disease in a world without a leader» (Հիւանդութիւն՝ Առանց Ղեկավարի Աշխարհի մը մէջ) յօդուածին եզրակացութեան մէջ։ Ան կ՚աւելցնէ. «Այլատեացութիւնը (xenophobia), մեկուսապաշտութիւնը (isolationism) եւ անվստահութիւնը (distrust) այժմ կը յատկանշեն միջազգային գրեթէ ամբողջ համակարգը։ Առանց փոխադարձ վստահութեան ու միակամութեան, պիտի չկարենանք կասեցնել պսակաձեւ ժահրի համաճարակը։ Եթէ այս համաճարակը պատճառ ըլլայ մարդոց միջեւ յաւելեալ անմիաբանութեան եւ անվստահութեան՝ այդ պիտի ըլլայ ժահրին մեծագոյն յաղթանակը։ Ընդհակառակն, եթէ համաճարակը պատճառ դառնայ աւելի սերտ համաշխարհային գործակցութեան՝ այդ պիտի ըլլայ ոչ միայն յաղթանակ՝ ընդդէմ պսակաձեւ ժահրին, այլեւ բոլոր ապագայ ախտածիններուն»։

Ոչ միայն…

Ոչ միայն հիւանդութիւններուն, այլեւ մարդկութեան սպառնացող շատ այլ «ժահր»երու։ Բայց այդ մասին ուրիշ առիթով։

Չեմ կրնար այս մտորումները աւարտել առանց վերյիշելու ՀՅԴ Ծրագրին մէջ երկար ժամանակ առկայ պարբերութիւն մը, որուն կարծես արձագանգեր են վերոյիշեալ յօդուածագիրները, անշուշտ առանց երբեք զայն կարդացած ըլլալու։ Ինչպէ՞ս առիթը պիտի ունենային կարդալու ՀՅԴ Ծրագիրը։ Ահա այդ պարբերութիւնը, որ կ՚արժէ վերստին ներմուծել մեր Ծրագրին մէջ.

«Պատմութեան առարկայական եւ ենթակայական ստեղծագործ ուժերու դաշնադրութեան մէջ է գրաւականը այն անտարակուսելի յաղթանակին, զոր պիտի տանի աշխատաւոր մարդկութիւնը թէ՛ բնութեան ուժերուն եւ թէ՛ ընկերութեան մէջ դարերէ ի վեր տիրող շահագործման ու անարդարութեան դէմ»։ Այստեղ պէտք է հասկանալ անշուշտ բնութեան կործանարա՛ր ուժերուն դէմ։

Ո՛չ, Մարդ էակը արժանի չէ, պէտք չէ՛ վերածուի այդ կործանարար ուժերէն յառաջացած այս տեսակի ժահրապսակի մը։

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895

yerakouyn.com/2020/04/08/ո՛չ՝-այս-պսակին/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail