Մերքել. «Եւրոպական Միութիւնը Իր Ստեղծումէն Մինչեւ Օրս Մեծագոյն Մարտահրաւէրը Կը Դիմագրաւէ»

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել

Մերքել. «Եւրոպական Միութիւնը Իր Ստեղծումէն Մինչեւ Օրս Մեծագոյն Մարտահրաւէրը Կը Դիմագրաւէ»

08 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, now Turkey -1 April 1909 – The Adana Massacre – The Corpses of Armenians Extracted from the Wells in Adana

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի տագնապը մեծագոյն մարտահրաւէրն է, զոր Եւրոպական Միութիւնը կը դիմագրաւէ իր ստեղծումէն ի վեր:

Մերքելը երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Բոլորը պէտք է աշխատին, որ Եւրոպան այս ուժեղ տագնապէն դուրս գայ: Ասիկա առաջին հերթին կը ներառէ եւրոյի գօտիի երկիրները, եւ Գերմանիան այս պայմաններուն մէջ պիտի կարողանայ յաջողիլ երկար ժամկէտի վրայ, միայն եթէ ամբողջ Եւրոպան յաջողի»:

Ան նշեց, որ Գերմանիան ու եւրոպական պետութիւնները բժշկական պաշտպանութեան սարքերու արտադրութեան ոլորտին մէջ պէտք է զարգացնեն իրենց սեփական կարողութիւնները` շեշտելով, որ պէտք է ժրաջան աշխատանք տանիլ բժշկական խումբերը հարկ եղած սարքերով օժտելու:

«Սահմանափակումի միջոցառումներու որեւէ ջնջում փուլ առ փուլ եւ քայլ առ քայլ պիտի ըլլայ», ըսաւ Մերքել` նոյն ատեն նշելով, որ այժմ պահը յարմար չէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պայմաններուն մէջ որդեգրուած միջոցառումները վերցնելու եւ հարցը քննարկելու:

Spirituel home of armenians, Adiyaman, Western Armenia

www.aztagdaily.com/archives/470311

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail