Չինաստանէն Յատուկ Չուէրթով Հայաստան Կը Բերուին Մեծ Քանակով Բժշկական Պարագաներ և Սարքեր
09 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՉԻՆԱՍՏԱՆ:
Փոխվարչապետ, արտակարգ դրութեան պարէտ Տիգրան Աւինեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է, որ Երեւանի օդակայանը վայրէջք պիտի կատարէ պարէտատան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած թռիչք մը, որ Չինաստանէն Հայաստան կը փոխադրէ Հայաստանի պետական միջոցներու հաշուոյն ձեռք բերուած, Չինաստանի պետական մարմիններու, ինչպէս նաեւ հայ եւ չինացի բարերարներու կողմէ նուիրուած բժշկական իրերու եւ սարքերու խմբաքանակ մը, որ կը պարունակէ թոքերու արհեստական օդափոխման 120 սարքեր, թթուածին մատակարարող 2 կայաններ, քննութեան 60,000 սարքեր, 60,000 բժշկական դիմակներ, 280,000 պաշտպանիչ դիմակներ, 20,000 պաշտպանիչ ակնոցներ, 100,000 պաշտպանիչ արտահագուստներ, ինչպէս նաեւ զանազան դեղեր:
Նշեալ թռիչքով Հայաստան պիտի հասնի նաեւ օրեր շարունակ Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը բնակող Հայաստանի Հանրապետութեան երկու քաղաքացիներ, որոնք 14 օրեայ մեկուսացման պիտի ենթարկուին:
Այս առիթով, փոխվարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Չինաստանի կառավարութեան, որ կարելի դարձուց իրականացնել այս թռիչքը: Փոխվարչապետը շնոհակալութիւն յայտնեց նաեւ աշխատանքին մէջ ներգրաւուած նախարարութիւններուն, թռիչքը կատարող օդաչուներուն եւ Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան:
Փոխվարչապետը «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ հրապարակած է լուսանկարներ, որոնց մէջ կ’երեւին արկղներու վրայ չինական կողմին կատարած գրութիւնը` «Մեր բարեկամութիւնը աւելի բարձր ըլլայ, քան Արարատ լեռը եւ աւելի երկար, քան Եանցզի գետը»:
yerakouyn.com/2020/04/09/չինաստանէն-յատուկ-չուէրթով-հայաստան/