Հայաստան Եկած Են Ռուսական Բանակի Մասնագէտներ` Շարժական Տարրալուծարանով Եւ Քննութեան Համակարգով
09 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտնեց, որ “Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին աջակցելու նպատակով Ռուսիայէն Հայաստան տեղափոխուած «Քորոնա» ժահրի քննութեան յատուկ հետազօտական շարժական տարրալուծարանը, տեղակայուեցաւ Երեւանի մէջ եւ շուտով պատրաստ պիտի ըլլայ ընդունելու վարակի քննութեան առաջին նմոյշները: Ստեփանեան աւելցուց, որ տարրալուծարանը 5 ժամուան ընթացքին պիտի ապահովէ քննութեանց արդիւնքները, որոնք 99 տոկոսով ճշգրիտ կը համարուին։Այս մասին կը հաղորդէ Սիվիլնէթը
Պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրութեան տակ դրուած այդ համակարգերը կարելիութիւն պիտի ընձեռեն իրականացնելու Հայաստանի զինուած ուժերու եւ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Ռուսական 102-րդ ռազմախարիսխի անձնակազմին ժահրի քննութիւնները: Յատուկ թիրախային խումբերու համար նախատեսուած այս քննութիւնները մեծապէս պիտի նպաստեն կանխարգելիչ միջոցառումներու կազմակերպման եւ զգալիօրէն պիտի բարձրացնեն հակահամաճարակային միջոցառումներու արդիւնաւէտութիւնը:
Ապրիլ 8-ին, Հայաստանի զինուած ուժերու ռազմաբժշկական վարչութեան պետ, գնդապետ Սահակ Օհանեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու եւ Հայաստան ժամանած Ռուսիոյ զինուած ուժերու մասնագէտներու խորհրդակցութիւնը, որուն ընթացքին կատարուեցան աշխատանքներու ծրագրում եւ քննարկուեցան թեքնիք հարցեր:
Շուշան Ստեփանեան նշեց, որ նմոյշներու ապահովումը կը կատարեն Հայաստանի զինուած ուժերու մասնագէտները, իսկ քննութիւնը` Ռուսիոյ մասնագէտները: Ան մանրամասնեց, որ Հայաստանի մէջ նման տարրալուծարանի աշխատանքային փորձ նախապէս չէ եղած, ուրեմն ասիկա նաեւ կարեւոր է փորձառութեան փոխանակման տեսանկիւնէն:
Ան դիտել տուաւ, որ տարրալուծարանը շարժական է, անհրաժեշտութեան պարագային անիկա կարելի է տանիլ այլ շրջաններ։
Ստեփանեան մանրամասնեց, որ այս ծրագիրը իրականութիւն դարձած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ զինուած ուժերուն կողմէ երկկողմանի համագործակցութեամբ: Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարներ Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Սերգեյ Շոյկուի միջեւ գոյացած պայմանաւորուածութեան նպատակն է` այս վարակին տարածման կանխարգիլումը եւ աջակցութիւնը հակահամաճարակային միջոցառումներու կազմակերպման, ինչպէս նաեւ նոր փորձառութիւններու ձեռք բերումը։
yerakouyn.com/2020/04/09/հայաստան-եկած-են-ռուսական-բանակի-մասն/