Հիւսիսային Տէր Զօրի Մէջ Ամերիկացի Սպայ Մը Սպաննուեցաւ – Հիւսիսային Տէր Զօրի Մէջ Ամերիկացի Սպայ Մը Սպաննուեցաւ
09 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ամերիկացի սպայ մը եւ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու երկու անդամներ սպաննուեցան, ինչպէս նաեւ ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ Տէր Զօրի հիւսիսային գիւղական շրջանի Ուասհիա գիւղին մէջ թակարդի մը ենթարկուեցան:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ ամերիկեան մեքենաները Հասաքէի հարաւային գիւղական շրջանի Շատտատէ քաղաքին մէջ ամերիկեան ռազմակայանէն Տէր Զօրի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Օմար քարիւղի հանքային դաշտին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայան կ’ուղղուէին, երբ անծանօթներու լարած թակարդը ինկած են:
Ամերիկեան «Համըր» տիպի մեքենային վրայ նռնականետով յարձակում կատարուած է, այդ պատճառով ալ ամերիկացի սպան ու Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու անդամներ սպաննուած են:
Ըստ աղբիւրներուն, սպաննուած ամերիկացի սպան Օմարի քարիւղի դաշտին մէջ ամերիկացի անկարգելաւորներու հրամանատարն է:
www.aztagdaily.com/archives/470423