16 Դեկտեմբեր 1966. Մ.Ա.Կ.-ի Որդեգրած Քաղաքացիական եւ Քաղաքական Իրաւունքի Ուխտագիրը Նուիրագործեց Անձեռնմխելիութիւնը Ազգերու Ինքնորոշման Իրաւունքին

16 դեկտեմբեր 2015

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.

Դեկ­տեմ­բեր 16-ին, 49 տա­րի ա­ռաջ, Մ.Ա.Կ.-ի Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը որ­դեգ­րեց ­Քա­ղա­քա­ցիա­կան եւ ­Քա­ղա­քա­կան Ի­րա­ւուն­քի ­Մի­ջազ­գա­յին ­Հա­մա­ձայ­նա­գի­րը (Ուխ­տա­գի­րը), ո­րուն գլխա­ւոր ա­ռանց­քը Ազ­գե­րու Ա­զատ Ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քով նո­ւի­րա­գոր­ծումն էր՝ իբ­րեւ հիմ­քը մարդ­կա­յին ու քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­զա­տու­թեանց ու ի­րա­ւունք­նե­րուն։

1966-ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին, երբ երկ­բե­ւեռ աշ­խար­հա­կար­գը տնօ­րի­նող ու­ժե­րուն մի­ջեւ ­Պաղ ­Պա­տե­րազ­մը իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սած էր եւ երբ, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, գաղ­թա­տի­րա­կան լու­ծի դէմ ծա­ռա­ցած ազ­գերն ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը բուռն պայ­քար կը մղէին յա­նուն ի­րենց ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին ու ան­կա­խու­թեան, ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը նե­տեց ա­պա­գայ ար­դար աշ­խար­հա­կար­գի ուղ­ղու­թեամբ իր յու­սադ­րիչ քայ­լը։

Ա­ւե­լի ճիշդ՝ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը ոս­տում կա­տա­րեց դէ­պի նոր ժա­մա­նակ­ներ, ուր Մ.Ա.Կ.-ը կո­չո­ւած էր ար­դա­րու­թեան հի­ման վրայ սրբագ­րե­լու գաղ­թա­տի­րու­թեան դա­րաշր­ջա­նէն «ժա­ռանգ» մնա­ցած աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ան­հիմն սահ­մա­նագ­ծում­նե­րը եւ բռնու­թեամբ ու ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեամբ գծո­ւած կա­մա­յա­կան քար­տէս­նե­րը։

1948-ին ըն­դու­նո­ւած ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Տիե­զե­րա­կան ­Յայ­տա­րա­րագ­րէն մեկ­նե­լով՝ Մ.Ա.Կ.-ի Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը ըն­դու­նեց 16 ­Դեկ­տեմ­բեր 1966-ի թիւ 2200 ա. (XXI) բա­նա­ձե­ւը, որ կը հաս­տա­տէր «­Մի­ջազ­գա­յին ­Դաշ­նա­գիր» մը՝ «­Քա­ղա­քա­ցիա­կան եւ ­Քա­ղա­քա­կան Ի­րա­ւունք­նե­րու մա­սին»։ Ընդ­հան­րա­պէս ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ա­զա­տու­թեանց լայն սահ­ման­նե­րը օ­րի­նա­կա­նաց­նող դաշ­նա­գիր մըն էր որ­դեգ­րո­ւա­ծը, որ 1966-ին գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ան­կախ պե­տու­թեանց հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու մի­ջազ­գա­յին նա­խորդ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րուն վրայ կը կա­տա­րէր կա­րե­ւո­րա­գոյն ճշգրտում մը.- Ազ­գե­րու ա­զատ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին յար­գու­մը կը հռչա­կէր, Մ.Ա.Կ.-ի Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին ա­նու­նով, նա­խա­պայ­մա­նը մնա­ցեալ բո­լո­րին՝ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ու քա­ղա­քա­կան ա­զա­տու­թեանց։

Բա­նա­ձե­ւին որ­դեգ­րու­մը դիւ­րին չե­ղաւ։ 1951-էն սկսեալ Մ.Ա.Կ.-ը թա­տե­րա­բեմ դար­ձած էր ի­րա­ւա­գի­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան բուռն բա­նա­վէ­ճե­րու՝ մէկ կող­մէ ան­կախ պե­տու­թեանց գե­րիշ­խա­նու­թեան եւ հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան կողմ­նա­կից­նե­րուն, իսկ միւս կող­մէ ան­հա­տա­կան ա­մէն ի­րա­ւուն­քի եւ ա­զա­տու­թեան հիմքն ու ե­րաշ­խի­քը հան­դի­սա­ցող ազ­գե­րու ա­զատ ինք­նո­րոշ­ման պաշտ­պան­նե­րուն մի­ջեւ։ Ի վեր­ջոյ ազ­գե­րու ա­զատ ինք­նո­րոշ­ման պաշտ­պան­նե­րը յաղ­թե­ցին եւ Մ.Ա.Կ.-ը 16 ­Դեկ­տեմ­բեր 1966-ին կա­յա­ցուց իր պատ­մա­կան ո­րո­շու­մը։ Այ­դու­հան­դերձ՝ պէտք ե­ղաւ սպա­սել մին­չեւ 1976 թուա­կա­նի ­Մարտ 23-ը, որ­պէս­զի պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը սկսէր ստո­րագ­րել ­Հա­մա­ձայ­նա­գի­րը եւ, իբ­րեւ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի, ի գործ դնել ­Հա­մա­ձայ­նագ­րով նա­խա­տե­սո­ւած ազ­գե­րու ա­զատ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քէն բխող պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

Հիմ­նո­ւե­լով 1948-ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին Մ.Ա.Կ.-ի ըն­դու­նած ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Ուխ­տագ­րին վրայ, 1966-ի ­Հա­մա­ձայ­նագ­րին ­Նա­խա­բանն ու թիւ 1 ­Յօ­դո­ւա­ծը մի­ջազ­գա­յին ու պե­տա­կան օ­րէն­քի ուժ տո­ւին քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թեան հե­տա­գայ կեան­քը ա­ռաջ­նոր­դե­լու կոչուած հե­տե­ւեալ սկզբունք­նե­րուն.

– «ՆԱԽԱԲԱՆ. ­Սոյն ­Դաշ­նագ­րին մաս­նա­կից պե­տու­թիւն­նե­րը, նկա­տի առ­նե­լով այն հան­գա­ման­քը, որ ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան կա­նո­նադ­րու­թեամբ հռչա­կո­ւած սկզբունք­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան մարդ­կու­թեան ըն­տա­նի­քի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն բնո­րոշ ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան եւ ա­նոնց հա­ւա­սար ու ան­կապ­տե­լի ի­րա­ւունք­նե­րուն ճա­նա­չու­մը կը հան­դի­սա­նայ ա­զա­տու­թեան, ար­դա­րու­թեան եւ հա­մընդ­հա­նուր խա­ղա­ղու­թեան հիմ­քը,

«Ըն­դու­նե­լով՝ որ ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Տիե­զե­րա­կան Հռ­չա­կագ­րին հա­մա­ձայն քա­ղա­քա­ցիա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ա­զա­տու­թե­նէն օգ­տո­ւող եւ վա­խէ ու կա­րի­քէ ա­զա­տագ­րո­ւած մարդ­կա­յին ա­զատ ան­հա­տի ի­տէա­լը կրնայ ի­րա­կա­նա­նալ միայն այն պա­րա­գա­յին, երբ կը ստեղ­ծո­ւին այն­պի­սի պայ­ման­ներ, ո­րոնց շնոր­հիւ ա­մէն ոք կրնայ օգ­տո­ւիլ իր տնտե­սա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ մշա­կու­թա­յին ի­րա­ւունք­նե­րէն այն­պէս, ինչ­պէս իր քա­ղա­քա­ցիա­կան ու քա­ղա­քա­կան ի­րա­ւունք­նե­րէն,

«Ն­կա­տի առ­նե­լով այն հան­գա­ման­քը, որ ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան կա­նո­նադ­րու­թեամբ պե­տու­թիւն­նե­րը պար­տա­ւոր են խրա­խու­սել մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ ա­զա­տու­թեանց հա­մընդ­հա­նուր յար­գանքն ու պահ­պա­նու­մը,

«Ն­կա­տի առ­նե­լով այն հան­գա­ման­քը, որ իւ­րա­քան­չիւր մարդ ան­հատ, պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լով միւս մարդ­կանց ու այն հա­ւա­քա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ, ո­րուն ան կը պատ­կա­նի, պէտք է հե­տա­մուտ ըլ­լայ սոյն դաշ­նագ­րով ճանչ­ցո­ւող ի­րա­ւունք­նե­րու խրա­խուս­մանն ու պահ­պան­մա­նը,

«­Կը հա­մա­ձայ­նին ներ­քո­յի­շեալ ­Յօ­դո­ւած­նե­րուն շուրջ։

– «ՄԱՍՆ ԱՌԱՋԻՆ. ­Յօ­դո­ւած 1.

«ա.) ­Բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ու­նին ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւունք: Այդ ի­րա­ւուն­քի բե­րու­մով՝ ա­նոնք ա­զա­տօ­րէն կը սահ­մա­նեն ի­րենց քա­ղա­քա­կան կար­գա­վի­ճա­կը և­ ա­զա­տօ­րէն կ’ա­պա­հո­վեն ի­րենց տնտե­սա­կան, ըն­կե­րա­յին ու մշա­կու­թա­յին զար­գա­ցու­մը:

«բ.) ­Բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ի­րենց նպա­տակ­նե­րուն հաս­նե­լու հա­մար կրնան ա­զա­տօ­րէն տնօ­րի­նել ի­րենց բնա­կան հարս­տու­թիւն­ներն ու պա­շար­նե­րը, ա­ռանց խախ­տե­լու փոխ-շա­հա­ւէտ սկզբուն­քի վրայ հիմ­նո­ւած՝ մի­ջազ­գա­յին տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թե­նէն եւ ­Մի­ջազ­գա­յին Ի­րա­ւուն­քէն բխող ո­րե­ւէ պար­տա­ւո­րու­թիւն: Ոչ մէկ ժո­ղո­վուրդ ոչ մէկ պա­րա­գա­յի կրնայ զրկուիլ իր գո­յու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ եւ ի­րեն պատ­կա­նող մի­ջոց­նե­րէն։

«գ.) ­Սոյն ­Դաշ­նագ­րին մաս­նա­կից բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րը, այդ շար­քին նաեւ ա­նոնք, ո­րոնք պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն կը կրեն ինք­նա­կա­ռա­վա­րում չու­նե­ցող եւ խնա­մա­տա­րու­թեան տակ գտնո­ւող տա­րածք­նե­րու կա­ռա­վար­ման հա­մար, ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան կա­նո­նադ­րու­թեան դրոյթ­նե­րուն հա­մա­ձայն կը խրա­խու­սեն ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին ի­րա­կա­նա­ցու­մը եւ կը յար­գեն այդ ի­րա­ւուն­քը»։

Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, իր վե­րան­կա­խա­ցու­մին հե­տե­ւող մի­ջազ­գա­յին ա­ռա­ջին քայ­լե­րու շար­քին, 1993 թո­ւա­կա­նին ստո­րագ­րեց Մ.Ա.Կ.-ի ­Քա­ղա­քա­ցիա­կան եւ ­Քա­ղա­քա­կան Ի­րա­ւունք­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին ­Հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ու միա­ցաւ ա­նոր գոր­ծադ­րու­թեան հա­մար մին­չեւ այ­սօր շա­րու­նա­կո­ւող հե­տե­ւո­ղա­կան պայ­քա­րին։ ­Դառն ու դա­ժան ի­րո­ղու­թիւ­նը այն է, որ նոյն այս ­Դաշ­նա­գի­րը ստո­րագ­րած պե­տու­թիւն­նե­րու շար­քին կը գտնո­ւին այն­պի­սի հզօր ու­ժեր, որ մէկ ձեռ­քով իբր թէ բարձր կը պա­հեն ազ­գե­րու ա­զատ ինք­նորշ­ման ի­րա­ւուն­քը, բայց միւս ձեռ­քով ա­մէն մի­ջո­ցի կը դի­մեն՝ այդ անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւուն­քը խեղ­դե­լու հա­մար, շա­րու­նա­կա­բար բարձր պա­հե­լով եւ գե­րա­դաս ար­ժէք տա­լով – ի գին ազ­գա­յին ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի ոտ­նա­կոխ­ման – պե­տու­թիւն­նե­րու այս­պէս կո­չո­ւած «ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու» տրա­մա­բա­նու­թեան…

Էա­պէս գաղ­թա­տի­րա­կան նկրտում­նե­րէ կը բխի ա­նար­դար սահ­մա­նագ­ծում­նե­րու եւ բռնագ­րա­ւում­նե­րու հե­տե­ւանք «տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պահ­պան­ման» այ­դօ­րի­նակ մօ­տե­ցու­մը, ո­րուն դի­մագրաւ­ման հա­մար քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հը տա­կա­ւին պէտք է շա­րու­նա­կէ իր պայ­քա­րը, որ­պէս­զի 16 ­Դեկ­տեմ­բեր 1966-ին Մ.Ա.Կ.-ի Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին կող­մէ որ­դեգրուած ­Քա­ղա­քա­ցիա­կան եւ ­Քա­ղա­քա­կան Ի­րա­ւունք­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին ­Հա­մա­ձայ­նա­գի­րը իր լիի­րաւ ու լիար­ժէք գոր­ծադ­րու­թիւ­նը ստա­նայ։

Այդ պայ­քա­րը պէտք է մղո­ւի ընդ­դէմ մա­նա­ւա՛նդ այն­պի­սի՛ պե­տու­թեանց, ո­րոնք ­Թուր­քիոյ օ­րի­նա­կով՝ սոսկ ար­հա­մար­հան­քով եւ «ան­տա­ռի օ­րէնք»ով կը պա­տաս­խա­նեն Ի­րա­ւուն­քի ու Ար­դա­րու­թեան ներշն­չու­մով հաս­տա­տո­ւած մի­ջազ­գա­յին ուխ­տագ­րե­րուն եւ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րուն։

Յատ­կա­պէս թրքա­կան պե­տու­թեան օ­րի­նա­կը բա­րա­ցու­ցա­կան է, ո­րով­հե­տեւ Ան­գա­րա­յի վա­րիչ­նե­րը մէկ կող­մէ ազ­գե­րու ա­զատ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը կը չա­րա­շա­հեն՝ ­Կիպ­րո­սի հիւ­սի­սա­յին շրջա­նը գրաւ­ման տակ առ­նե­լու հա­մար։ Իսկ միւս կող­մէ, Ատր­պէյ­ճա­նի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը իբր թէ պահ­պա­նե­լու պատ­րո­ւա­կով՝ կը փոր­ձեն Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ա­զատ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը խեղ­դել, ­Հա­յաս­տա­նը շրջա­փակ­ման են­թար­կե­լով…

Եր­կու չափ-եր­կու կշռի նման վար­քա­գիծ մը չի կրնար եր­կար ճամ­բայ կտրել։

Չի՛ կրնար, յատ­կա­պէ՛ս, խա­ղա­ղու­թեան եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան, այ­լեւ Ի­րա­ւուն­քի ու Ար­դա­րու­թեան տիե­զե­րա­կան դա­տին ծա­ռա­յել։

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail