«40 Օրէն «Քորոնա» Ժահրը Պիտի Առնենք Վերահսկողութեան Տակ» Կ՛ըսէ Իրանի Առողջապահութեան Նախարարը
09 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իրանի առողջապահութեան նախարար Սայիտ Նամքի երէկ յայտարարեց. «40 օրէն «Քորոնա» ժահրը պիտի առնենք վերահսկողութեան տակ:
Նախարարութեան բանբեր Քիանուշ Ժիհանփուր իր կարգին նշեց. «Տարածուած է այն մտավախութիւնը, որ իսկական թիւերը մինչեւ հիմա յայտարարուածներէն աւելի են»:
Ան յայտնեց, որ իրանցիներուն մեծամասնութիւնը յարգած են Նովրուզի տօնի արձակուրդի վերջին օրերուն աւանդական պտոյտին չերթալով տուն մնալու ցուցմունքները:
Նշենք, որ իրանեան իշխանութիւնները «Քորոնա» ժահրի տարածման արգիլման քայլերու ծիրին մէջ անցեալ չորեքաշբթի օր փակած էին բոլոր այգիները, եւ ոստիկանութիւնը այդ տեղերը տեղակայուած էր մարդոց մուտքը արգիլելու համար:
Իրանի խորհրդարանի դիւանի անդամ Աքպար Ռանժպարզատէ յայտարարեց, որ իրանցի երեսփոխաններ անցնող երկու օրերուն «Քորոնա» ժահրի քննութիւններ անցուցած են, եւ ի յայտ եկած է, որ 11 երեսփոխաններ վարակուած են «Քորոնա»-ով:
Իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ խորհրդարանի 270 անդամներ եւ պաշտօնեաներ «Քորոնա» ժահրի քննութիւններ կատարած են:
Իրանի խորհրդարանը երէկ առաւօտեան երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածուելէն ետք գումարեց իր առաջին ժողովը եւ մերժեց երկիրը մէկ ամիսով փակելու եւ ամբողջական մեկուսացում յայտարարելու օրինագիծ մը:
Չինական իշխանութիւնները որոշած են 2,5 ամիս խիստ փակման ենթարկելէ ետք վերցնել «Քորոնա» ժահրի օճախ եղող Ուհան քաղաքի վրայ հաստատուած սահմանափակումներէն վերջինը:
Չորեքշաբթի կէս գիշերէն սկսեալ կը վերադառնայ երթեւեկի բնականոն ընթացքը: Ինքնաշարժները պիտի կարենան դարձեալ քաղաքէն դուրս գալ, քաղաքացիները գնացքով ճամբորդել, պայմանով, որ ըլլան առողջ: Պիտի վերականգնուի նաեւ թռիչքներու բնականոն ընթացքը:
11 միլիոն բնակիչ ունեցող քաղաքին մէջ բնականոն կեանքի վերականգնումը Չինաստանի համար կարեւոր ցուցանիշ մըն է եւ յոռեգոյն տագնապի աւարտին մասին վկայութիւն մը:
Չինաստանի ազգային առողջապահական յանձնախումբը յայտարարեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին երկրին մէջ արձանագրուած են վարակման 32 պարագաներ, բոլորն ալ` արտասահմանէն երկիր վերադարձածներ:
Յանձնախումբը նաեւ յայտնեց, որ անցնող 24 ժամուան ընթացքին մահ չէ արձանագրուած, ինչ որ յունուարին համաճարակի սկիզբէն ի վեր աննախադէպ է:
Նշենք, որ մարտէն ի վեր երկրին մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը շարունակ նահանջ կ’արձանագրէ, սակայն երկիրը կը դիմագրաւէ այլ տեսակի վտանգ մը` արտասահմանէն վերադարձող վարակուած անձերը, որոնց թիւը մինչեւ օրս հասած է շուրջ հազարի:
Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարար Օլիվիէ Վիրան յայտարարեց. «Ֆրանսան տակաւին «Քորոնա» ժահրի համաճարակի գագաթնակէտին չհասաւ: Տակաւին համաճարակի վատթարացման փուլին մէջ ենք»:
Վիրան «Պէ.Էֆ.Էմ.» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց. «Երկրին փակումը պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ անհրաժեշտ է»:
Զուիցերիոյ նախագահ Սիմոնեթթա Սոմմարուկա յայտնեց, որ երկրին մէջ նախքան «Քորոնա» ժահրի տարածումը գոյութիւն ունեցած բնականոն կացութեան վերականգնումը «տակաւին հեռու է»:
Նշենք, որ Զուիցերիոյ մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 22.242-ի, իսկ մահացածներունը` 641-ի:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը զեկուցում մը հրապարակելով յայտնեց, որ աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար կարիքը կայ յաւելեալ 5,9 միլիոն հիւանդապահուհիներու` աւելցնելով, որ այդ բացը առաւել սուր կերպով զգալի է Ափրիկէի, հարաւարեւելեան Ասիոյ, Միջին Արեւելքի եւ շարք մը հարաւ ամերիկեան երկիրներու մէջ:
Կազմակերպութիւնը նշեց, որ ներկայիս աշխարհի վրայ շուրջ 28 միլիոն հիւանդապահուհի կը գործէ:
Երէկ հաղորդուեցաւ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը հինգշաթբի օր պիտի գումարէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի հարցին շուրջ իր առաջին ժողովը:
Արժանթինի իշխանութիւնները երկրի ընդհանուր պարտքէն 9,8 միլիառ տոլարի վճարումը յետաձգեցին 2021 թուականին:
Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները «Քորոնա» ժահրին պատճառով պատրաստ են երկարաձգելու զանգուածային հաւաքներու սահմանափակումները, ներառեալ ապրիլի վերջաւորութենէն մինչեւ մայիս երկարող իսլամական սուրբ ամսուան` Ռամատանի ընթացքին նամազներու եւ մզկիթներ այցելելու սահմանափակումները: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Սէուտական Արաբիոյ առողջապահութեան նախարարութեան բանբեր Մոհամետ Ապտել Ալիին:
«Բոլորն ալ կարօտցած են Ռամատան ամսուան ընթացքին տեղի ունեցող կրօնական հաւաքները, սակայն ձեռնարկուող քայլերը պէտք է շարունակուին այնքան ժամանակ, մինչեւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը դէպի նուազում երթայ», յայտարարած է Ապտել Ալի:
6 ապրիլին սէուտական իշխանութիւնները ի յաւելումն Մեքքայի եւ Մատինայի, շուրջօրեայ կրակմարի դրութիւն հաստատած էին երկրի շարք մը այլ քաղաքներու մէջ, մասնաւորաբար մայրաքաղաք Ռիատի, տնտեսական մայրաքաղաք Ժետտայի, ինչպէս նաեւ արեւելեան գլխաւոր քաղաքներ Տամմամի եւ Տահրանի մէջ, թիւով ամէնէն շատ վարակման պարագաներ արձանագրած արեւելեան Քաթիֆ եւ Խուպար նահանգներուն մէջ:
Ամերիկեան «Ճոն Հոփքինզ» համալսարանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են մահուան 1.150 նոր պարագաներ, ինչ որ մինչեւ հիմա արձանագրուած բարձրագոյն թիւն է: Այդպիսով, Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրի պատճառով մահացածներուն թիւը բարձրացած է 10.783-ի, իսկ վարակուածներուն թիւը շրջանցած է 366 հազարը: Երկրին տարածքին վերջին 24 ժամուան ընթացքին շուրջ 30 հազար յաւելեալ անձեր վարակուած են ժահրով:
Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են վարակման 3.144 պարագաներ եւ մահուան 75 պարագաներ: Այդպիսով, երկրին մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 30.217-ի, իսկ մահացածներունը` 649-ի:
Վրաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 195-ի, իսկ մահացածներունը` 2-ի: Իսրայէլի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 9.006-ի, իսկ մահացածներունը` 59-ի: Գերմանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 99.225-ի, իսկ մահացածներունը` 1.607-ի: Փաքիստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 3.292-ի, իսկ մահացածներունը` 52-ի:
Նետերլանտներու մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած են 777 անձեր, իսկ 234 ուրիշներ մահացած են: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 19.580-ի, իսկ մահացածներունը 2.101-ի:
Ռուսիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով վարակման 1154 պարագաներ, եւ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 7.497-ի: Մարոքի մէջ այդ թիւը բարձրացած է 1.141-ի, Սէուտական Արաբիոյ մէջ` 2.752-ի, Օմանի մէջ` 371-ի, իսկ Սուտանի մէջ` 14-ի:
www.aztagdaily.com/archives/470422