ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ – Յետքորոնական Աշխարհը Հսկուած Շուկայի Աշխարհն Է – Յետքորոնական Աշխարհը Հսկուած Շուկայի Աշխարհն Է

Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ – Յետքորոնական Աշխարհը Հսկուած Շուկայի Աշխարհն Է – Յետքորոնական Աշխարհը Հսկուած Շուկայի Աշխարհն Է

09 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

««Օսմանեան կայսրութեան վաւերական փաստաթուղթերը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ – “Osmanli Betyelerinde Ermeniler” (1994)»»

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

1928-ի համաշխարհային ֆինանսական ճգնաժամէն ի վեր եւ իբրեւ անոր հետեւանք, անգլիացի տնտեսագէտ Ճոն Մայնըրտ Քէյնզի տեսութիւնը կը դիտուի իբրեւ «տնտեսական ճգնաժամերու ժամանակ որդեգրուած քաղաքականութիւն»:

Քէյնզը կը հաւատար, որ շուկան միայն իր սեփական միջոցներով չի կրնար բարգաւաճում ապահովել հանրութեան, այլ ան նաեւ կարիքը ունի պետական միջամտութեան` կանխարգիլելու համար գործազրկութեան վտանգը: Պետութիւնը այս պարագային ներդրումներ կը կատարէ հանրային ծառայութեանց մարզին մէջ, այսպիսով աշխատաուժ կ’ապահովէ ճգնաժամի ենթարկուած երկրին համար, իսկ միւս կողմէ ալ հարկ վճարողներու թիւը կ’աւելցնէ` զօրացնելու համար ընկերային բարօրութիւնը:

Վերոյիշեալը լոկ թուղթի վրայ գրուած տեսութիւն մը չէ, այլ տեսութիւն մըն է, որ գործնականացման ենթարկուած է զանազան տնտեսական ճգնաժամերու ժամանակ. անիկա որդեգրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ 1930-ական թուականներուն, դեմոկրատական նախագահ Ֆրանքլին Ռուզուելթի «Նոր պայմանագիր»-ին ժամանակ` Միացեալ Նահանգները ազատելու համար տնտեսական աղէտէն, Սկանտինաւեան երկիրներու (Շուէտ, Նորվեկիա եւ Դանիա) ընկերվար-ժողովրդավարական կառավարութիւնները նոյնպէս որդեգրեցին զայն` կերտելու զօրաւոր հիմքերով կառուցուած տնտեսութիւն մը, 2008-ին Աւստրալիոյ աշխատաւորական կառավարութիւնը եւս որդեգրեց զայն` փրկելու Աւստրալիան համաշխարհային ֆինանսական ճգնաժամին ենթարկուելէ, եւ ցանկը երկար է…

Այսօր «Քորոնա» ժահրին տարածումին պատճառած` գործունէութիւններու ընդհանուր կանգ առնելուն իբրեւ հետեւանք, պետութիւններ տնտեսական վիճակը փրկելու համար խթանիչ փաթեթներ որդեգրելու ժամանակ նորէն դիմեցին քէյնզականութեան: Աշխարհի գրեթէ բոլոր կառավարութիւնները իրենց պիւտճէական ծախսերը աւելցուցին առողջապահութեան մարզին մէջ: Քանատայի, Շուէտի, Դանիոյ եւ Նոր Զելանտայի յառաջդիմական կառավարութիւնները աշխատաւորներուն ապահովեցին վճարովի արձակուրդ, ձեռնարկութիւններուն (ներառեալ` միջին եւ փոքր ձեռնարկութիւնները) ապահովեցին նիւթական օժանդակութիւններ, Սպանիան իր կարգին պետականացուց հանրային սեփականատիրութեան մարզին տակ գտնուող հիւանդանոցները: Մեկուսացման բերումով տուն մնալով` Քանատան իր որդեգրած միջոցառումներուն մէջ ներառեց նաեւ բռնութեան ենթարկուած աղջկանց օժանդակութիւն:

Հարցը հետեւեալն է. ո՞ւր էր պետութեան դերակատարութիւնը «Քորոնա» ժահրին տարածումէն առաջ:

Արեւի շողերուն պէս յստակ է, որ ներկայ միջազգային առողջապահական ճգնաժամին պատճառը (որ իր կարգին պիտի ստեղծէ տնտեսական նոր ճգնաժամ) ազատ շուկայական տնտեսութիւնն է:

Ազատ շուկայական տնտեսութեան խաչակիրները (նոր-ազատականութեան երկրպագուները) տասնեակ տարիներ շարունակ սեփականաշնորհեցին առողջապահական հիմնարկները, անհոգ մօտեցում ցուցաբերեցին հանրային հիւանդանոցներուն նկատմամբ, իսկ «Քորոնա» ժահրին յայտնուելէն ետք, նոյն այդ նոր-ազատականութեան երկրպագուները խուճապի ենթարկուեցան, թէ ինչպէ՛ս այն գումարը, որ նուիրեցին մեծ ընկերութիւններուն (ցած հարկեր ապահովելու համար բազմազգեան մեծ ընկերութեանց) կամ դիւրացուցին հարկային փախուստներու ճամբաները, պիտի ներդրեն առողջապահութեան վրայ:

Աւելի՛ն…

Միայն մեծ ընկերութիւններու արդար հարկումով չ’աւարտիր հարցը: Կլիմայական փոփոխութիւնը հերքողները, որոնք տարիներ շարունակ կա՛մ կաշառք ստանալով բնութեան վնաս հասցնող մեծ ընկերութիւններէն, կա՛մ ալ ուղղակիօրէն նոյն այդ ձեռնարկութիւններուն մէջ մխրճուելով` ժխտեցին կլիմայական փոփոխութեան գիտական փաստը, մերժեցին կլիմայական փոփոխութեան հարցի լրջութիւնը եւ ծիծաղի ենթարկեցին բնապահպանական գործիչները, հանրութեան պիտի ներկայանան տեսնելով, թէ բնութեան ապականումը իրեն հետ հիւանդութիւններ կը բերէ:

Ինչպէս Քէյնզը կ’ըսէ` «Դժուարութիւնը չի ծագիր նոր գաղափարներուն մէջ, այլ հինէն փախուստ տալու մէջ»: Այսօր նորն ու առաջնահերթը առողջապահութիւնն է, անկէ կախուած կլիմայական փոփոխութիւնը եւ իբրեւ հետեւանք` հոգեկան հիւանդութիւնը: Այն կազմակերպութիւնը կամ կառավարութիւնը, որ փախուստ կու տայ այս իրականութենէն, չի պատկանիր ներկային եւ յետքորոնական աշխարհին մէջ կը կորսնցնէ իր ազդեցիկ դերակատարութիւնը:

Կանխարգիլելու համար ապագային տեղի ունենալիք ճգնաժամերը, պետութիւնները պէտք է հսկողութեան ենթարկեն բազմազգեան մեծ ընկերութիւնները, դրամատնային հատուածը, բնութեան վնաս հասցնող ձեռնարկութիւնները, վերջ տան հարկային փախուստներուն ու մեծցնեն պիւտճէական ծախսերը առողջապահութեան մարզին մէջ:

Եզրակացութիւն. յետքորոնական աշխարհը հսկուած շուկայի աշխարհն է:

Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, now Turkey -1 April 1909 – The Adana Massacre – The Corpses of Armenians Extracted from the Wells in Adana

www.aztagdaily.com/archives/470493

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail