Ռուսիան Պատրաստ Է Ազրպէյճանի Հետ Բանակցիլ Զինուորական Օդանաւերու Մատակարարման Շուրջ

Ռուսիան Պատրաստ Է Ազրպէյճանի Հետ Բանակցիլ Զինուորական Օդանաւերու Մատակարարման Շուրջ

10 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Ռուսիան պատրաստ է Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու` զինատեսակներու լայն տեսականի, ներառեալ պատերազմական օդանաւերու, մատակարարման շուրջ: «Ինթերֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնեն Ռուսիոյ Զինուորական ճարտարագիտութեան համագործակցութեան դաշնակցային ծառայութենէն:

Ծառայութեան բանբեր Մարիմ Վորոպեւան յայտարարած է, որ զինուորական-թեքնիք համագործակցութեան ոլորտին մէջ Ազրպէյճան կը նկատուի Ռուսիոյ գործընկերը, այդ իսկ պատճառով Մոսկուան պատրաստ է Պաքուին հետ բանակցութիւններու` ռուսական սպառազինութեան եւ զինուորական սարքերու մատակարարման համար:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերջերս յայտարարած է ռուսական «Միկ-35» եւ «Սու-35» հալածիչներու նկատմամբ հետաքրքրութեան մասին:

Նախարարութեան ներկայացուցիչները արդէն այցելած են «Սուխոյ» կազմակերպութեան եւ «Միկ»-ի արտադրամասեր:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 2019-ին յայտարարած էր ռազմաթեքնիքական ոլորտի մէջ Ռուսիոյ հետ հինգ միլիառ տոլարի պայմանագիր կնքելու մասին, որմէ երեք միլիառը արդէն իրականացուած է:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

www.aztagdaily.com/archives/470513

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail