«Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Կողմէ Փոխատուութիւններու Տրամադրման Մէջ Խտրականութիւն Պէտք Չէ Ըլլայ» Շեշտեց Ռուհանի
10 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
/Convention on the Prevention and Punishment of the Crime of Genocide/
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ վերստին կոչ ուղղեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը իր երկրին հինգ միլիառ տոլարի փոխատուութիւն մը տրամադրէ` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար:
Ռուհանի Իրանի նախարարաց խորհուրդի նիստին միջազգային կազմակերպութիւնները յորդորեց «գործադրելու իրենց պարտաւորութիւնները, որովհետեւ մենք Միջազգային դրամական ֆոնտին անդամ ենք, եւ փոխատուութիւններու տրամադրման մէջ խտրականութիւն պէտք չէ ըլլայ»:
Ռուհանի քննադատեց Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները` զանոնք որակելով «տնտեսական ու բժշկական ահաբեկչութիւն»:
«Ամերիկեան վարչակազմը Իրանի նկատմամբ տնտեսական ահաբեկչութենէն անցաւ բժշկական ահաբեկչութեան կիրարկման», նշեց ան:
Իրանի նախագահը նաեւ յայտնեց, որ իր երկիրը մօտ օրէն «Քորոնա» ժահրի քննութեան սարքերու արտադրման մէջ ինքնաբաւ պիտի դառնայ:
Ռուհանի 9 ապրիլին զուգադիպող «Հիւլէական ճարտարագիտութեան ազգային օր»-ուան առիթով յայտնեց, որ իր երկիրը այդ մարզին մէջ մեծ ձեռքբերումներ արձանագրած է` բժշկութեան, առողջապահութեան, դարմանումի, հողագործութեան եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ:
Յիշեցնենք, որ Իրան անցեալ ամիս «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին համար Միջազգային դրամական ֆոնտէն հինգ միլիառ տոլարի փոխատուութիւն մը խնդրեց:
Իրանի կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ապտելնասեր Համթի «Ինսթակրամ»-ի իր էջին վրայ նշած էր, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի նախագահին յղած է նամակ մը` օգտագործելով ֆոնտէն արագ կերպով հինգ միլիառ տոլարի փոխատուութիւն մը ստանալու Իրանի իրաւունքը, «մեզի օգնելու համար մեղմացնելու երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումէն ետք մեր տնտեսութեան կրած ժխտական ազդեցութիւնը»:
www.aztagdaily.com/archives/470514