Քաղաքական Համակարգերը Շնչահեղձ Են. Կա՞յ Երկընտրանք Իրաւ Մարդկայնացման Ճամբուն Վրայ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Քաղաքական Համակարգերը Շնչահեղձ Են. Կա՞յ Երկընտրանք Իրաւ Մարդկայնացման Ճամբուն Վրայ

10 ԱՊՐԻԼ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Armenia – Haghpat a monastery complex located in the Alaverdi region of Lori region for more than 1000 years – Photo by Sasun Danielyan

Յ. Պալեան

Յոյս ներշնչած յեղափոխութիւնները, ինչ պիտակով ալ որ ներկայացած ըլլան պատմութեան մէջ եւ մեր օրերուն, յանգեցան պետական համակարգի եւ եղան շարունակութիւն, ծնունդ տալով նոր փառասիրութիւններու բաւարարման հնարներու, փտածութեան եւ դիրքի չարաշահումներու:

Ուսանողական օրերուս զիս տպաւորած էին Ժան–Փoլ Սարթրի երկու երկերը. «Աղտոտ ձեռքերը» (Les mains sales) եւ «Վակժոյժը» (L’engrnage)*: Այս երկու երկերուն մէջ հեղինակը կը խօսի քաղաքական կեանքի մէջ յայտնաբերուող եւ վերսկսող անհատական փառասիրութիւններու, ապականութեան եւ նպատակներու դաւաճանութեան մասին: Հետաքրքրական ընթերցում, թէեւ՝ նողկանք պատճառող:

Պատմութեան բեմին վրայ յայտնուած յեղափոխութիւնները, վասն արդարութեան, իրաւունքի, մարդկայնութեան, իտէալի, ծնունդ տուին բռնատիրութիւններու, մենատիրութեան: Այդ կ’ըսեն վերջին երեք դարերու, յոյսերու շտեմարան մեծ եւ պզտիկ յեղափոխութիւնները: Կարծէք անխուսափելի է հպատակութիւնը պետական հրամայականի, սովորաբար կ’ըսենք, որդեգրելով միջազգային տարազը՝ Raison d’Etat, որուն անունով ի՜նչ ոճիրներ գործուած են եւ կը գործուին:

Ֆրանսական յեղափոխութեան ընթացքին լսուած է խիստ յատկանշական խօսք մը. «Ո՜վ ազատութիւն, ի՜նչ ոճիրներ կը գործուին քու անունովդ» (Մատամ Ռոլան, կա–ռափնատին առջեւ)**:

Պատմութեան ընթացքին, անկանոն հերթականութեամբ, յեղափոխութիւններ տեղի ունեցած են, վերջ տալով հզօր եւ յաճախ ալ ինքնակալ հզօրներու իշխանութեան, հաստատելու համար աւելի արդար համակարգեր, որոնք պէտք է ծառայեն, ծառայէին, մեծամասնութեան եւ ոչ թէ մենաշնորհեալ հին–նոր փոքրամասնութիւններու: Յեղափոխութիւնները, իրենց հեղեղին մէջ, պատճառ եղած են բիրտ անարդարութիւններու, ապա գտած են հանդարտութեան հունը վերագտնելով դասական իշխանութեան դրութիւնը, առանց խոստովանելու, որ քաղաքական վերանորոգման փորձարկութիւնը ձախողած է: Այսպէս եղան Ֆրանսական Յեղափոխութիւնը եւ Ռոպէսփիէր, ապա կայսր Նափոլէոն, «խելագարած ամբոխներ»ու յեղափոխութիւնը եւ Ստալին, ազգային հպարտութեան վերականգնման կարգախօսով եւ ամոխահաճութեամբ (populisme)՝ Հիթլեր, Չաուչեսքու, Իտի Ամին Տատա, իր գեղեցիկ խօսքերուն (Կարմիր Գիրքը) հականիշ՝ Մաօ:

Այսօր կարծէք յեղափոխութեան մը ծնունդը նախապատրաստող պայմանները ակնբախ են, կրկնելու համար պատմութիւնը: Ամենուրեք, ժողովրդավարութեան ամպոհանիին տակ, կ’աճին անհաւասարութիւնները, անարդարութիւնները, ձեռք կը բերուին իշխանական, տնտեսական, դասակարգային եւ այլ մենաշնորհներ: Անհաւասարութիւն՝ սնունդի, ուսման, բնակարանի, աշխատավարձի, բժշկական խնամքի, երկարեկեցութեան…

Խոսքով բողոքողներ եւ ըմբոստացողներ կան: Պէտք չէ զարմանալ, եթէ անոնք գումարուելով վաղը դառնան յեղափոխութիւն:

Մտածելու համար պարզ եւ անմիջականօրէն տեսանելի հաստատումներ:

. Որո՞ւ եւ որոնց կը ծառայէ աշխատավարձերէն տարբեր արագութեամբ ընթացող գնաճը:

. Ապրելու համար անմիջականօրէն անհրաժեշտ ապրանքներու գիները բաղդատել հինգ տարի առաջուան գիներուն: Անոնք կրկնապատկուած են, ոչ աշխատավարձերը: Մեծ ընկերութիւնները իրենց դրամագլուխը կը բազմապատկեն, բաժնետոմսերը եկամուտ կ’ապահովեն: Մարդիկ կ’աշխատին թշուառ մնալու համար:

. Ընկերութիւններու տնօրէններու եւ տէրերու եկամուտները անհամամատելի են աշխատավարձերու հետ: Ձախողութիւններու պարագային աշխատաւորը գործազուրկ կը դառնայ, մեծերը կը շարունակեն մնալ իրենց դիրքերուն վրայ եւ յաճախ ալ կը չարաշահեն, երբ կը ստիպուին լքել իրենց պաշտօնը, կը ստանան մեծաքանակ հատուցումներ, իսկ աշխատաւորը կը դառնայ գործազուրկ:

. Մեծ ընկերութիւններու տնօրէններու տարեկան աշխատավարձը միլիոնով է, աշխատաւորը հարիւր տարի պէտք է աշխատի այդքան գումար ստանալու համար:

. Ուղղակի եւ անուղղակի տուրքերը կը ճնշեն ժողովրդական խաւերը: Օրինակ, վառելանիւթի, ելեկտրականութեան, ջուրի եւ բնակարանպային տուրքերը հաւասար են հարուստին եւ աղքատին համար, նկատի չ’առնուիր եկամուտներու տարբերութիւնը:

. Ուսման կարելիութիւնները, հետեւաբար՝ յաջողութիւնները, տարբեր են, հարուստին եւ աղքատին համար:

. Հիւանդութեան եւ դարմաններու պարագային անհաւասարութիւնները ակնբախ են:

. Վերնախաւի դիրքի չարաշահումով, նաեւ պետական, կ’իրականացուին կողոպուտներ, որոնք յաճախ կը խուսափին դատական հետապնդումէ:

. Դիրքի չարաշահումով կը կատարուին ճամբորդութիւններ, կը կազմակերպուին ընդունելութիւններ, կը տրուին նուէրներ: Աշխատաւորը չի կրնար երեւակայել անգամ ուղղաթիռով տեղափոխուիլ, պերճ հիւրանոցներու մէջ հանգստանալ, այդ բոլորը, նոյն աշխատաւորի քրտինքի եւ տուրքի արդիւնք են:

. Յաւելեալ շահ ապահովելու համար կ’աւերուի բնութիւնը եւ շրջապատը, համեստ խաւերու կեանքի պայմաններուն վնաս հացնելով:

. Ժողովրդավարական կարգերու մէջ, նոյն ժողովուրդի քուէներով–կամքով զինք ներկայացնողները, աշխատաւորէն բազմապատիկ աւելի կը վճարուին, երբեմն կը կողոպտեն, ընտանեկան պարագաներու եւ շրջապատին ապահովելով անաշխատ բարօրութիւն:

Մասնագիտական ուսումնասիրութիւն մը կրնայ բազմապատկել այս հակասութիւններու թուումը: Եզրակացութիւնը այն է, որ ժողովուրդ–մեծամասնութիւնը տեւաբար կ’անիրաւուի: Ըմբոստացման շարժումներէ եւ կարգախօսներէ ետք, կու գայ Յեղափոխութեան պահը, այսօր կամ վաղը: Եւ պատմութիւնը կը կրկնուի: Անցեալին երաշտ, սով, պատերազմ կամ այլ ցնցումներ, կուտակուած դժգոհութիւններու եւ անարդարութիւններու դէմ բողոք եւ ցնցում, կը դառնային յեղափոխութեան պայթումի կայծ:

Այս կացութիւնը չի վերաբերիր միայն հեռու եւ մօտ երկիրներու, այլ նաեւ ամէն բնոյթի ընկերային եւ քաղաքական խմբաւորումներու, ուր մեքենայութիւններով (քոմպինացիա) կը հաստատուին տարբերութիւններ, անարդարութիւններ: Կառոյցներ կրնան փուլ գալ, եթէ դիրքի չարաշահումներու հանդէպ դժգոհութեան ալիքը աճի: Թէեւ, ինչպէս Ժան–Փոլ Սարթրի վերոնշեալ գիրքերը կը բացայայտեն, ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ նորը նախորդէն աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Եւ բրտութիւններ պիտի գործուին, զոհեր պիտի ըլլան:

Այս օրերուն, մարդկութեան սպառնացող պսակաձեւ ժահրը ոչ միայն կեանքեր կը խլէ, այլ նաեւ մարդկութիւնը անմիջականօրէն կը դնէ իր հանդուրժած անարդարութեան եւ անհաւասարութիւններուն առջեւ: Այսօր հաց եւ ուտելիք կը բաժնեն ընկերութեան եւ երկրի բարիքներուն յարաբերաբար լուսանցքի վրայ մնացողներուն, ժահրի պատճառով թշուառութեան դատապարտուածներուն, որոնք լսուած բողոքի եւ ըմբոստացման ալիքին վրայ այսօրուան եւ վաղուան յեղափոխութեան պարարտ ենթահողն են: Ըսին, որ այս աւեր գործող ժահրի յաջորդող ընկերաքաղաքական կացութիւնը նախկինի շարունակութիւնը պիտի չըլլայ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ, ինչպէ՞ս:

Ժահրի հոգեբարոյական աղէտը կրնա՞յ յառաջացնել գիտակցական ցնցում մը, որ անհատներու կուտակած յիսուն եւ հարիւր միլիոնները, եւ դեռ միլեառները արդար չեն, իրաւունք չեն, աշխատելով հանդերձ թշուառ ապրողներէն խլուած են, զանոնք դատապարտելով ընկեցիկի վիճակին: Ոչ միայն օրավարձով աշխատողները, այլ նաեւ ինքնախաբէութեամբ բաւարարուող միջին խաւը, կը ծառայեն բուրգին գագաթը գտնուող աշխարհի շուրջ 2000 միլեառատէրերուն:

Հաւասարութեան եւ արդարութեան ոչ մէկ հասարակ յայտարար կայ:

Նոր մարդկայութիւն մը, իրաւ humanisme մը կը ծնի՞, ժահրի մը դէմ մեր սահմանակ կարողութիւններու դասը մեզ պիտի մղէ՞ անդրադառնալու, երբ մահուան սպառնալիքը մեր ետին մնացած ըլլայ, որ արմատական փոփոխութիւն մը անհրաժեշտ է, որպէսզի մոլորակը մնայ մարդկային:

Պիտի անդրադառնանք յաւելեալ իմաստութեա՞մբ, թէ պիտի շարունակենք մնալ գերին դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան, միշտ յիշելով սրբազան քահանայապետի պարզ եւ յայտնատեսական իմաստութիւնը:

Մինչեւ ե՞րբ: Եւ օր մը, ո՞վ, որոնք, ի՞նչ գին պիտի վճարեն:

Կը սարսափիմ, յիշելով մեծ գրող եւ մարդկայնութեան մեծ մտաւորական Ալպէր Քամիւի խօսքը. «Ան որ կը յուսահատի իրադարձութիւններուն դիմաց, վատ մըն է, բայց ան որ իր յոյսը կը կապէ մարդու գոյութենական իրականութեան՝ յիմար է»***:

Ոչ յոռետեսութիւն, ոչ ալ բերանաբաց լաւատեսութիւն, այլ պճեղ մը իրատեսութիւն:

armenia-Exquisite churches, cathedrals and monasteries abound in Armenia.DATEV

——————-

* O liberté, que de crimes on commet en ton nom. Madame Roland

** Փակագիծ մը. առաջին անգամն է որ կը հանդիպիմ եւ կը գործածեմ ցարդ ինծի անծանօթ «վակժոյժ» բառը: Engrenage բառին հայերէնը փնտռեցի բառարաններու մէջ, վերջապէս Գուիտոն Լուսինեանի բառարանին մէջ գտայ «վակժոյժ» եւ «կերագոյցք» բառերը: Եթէ գրենք եւ գործածենք մէկը միւսը, որդեգրենք, բառը կը դառնայ բնական: «Վակժոյժ»ը աւելի ականջահաճոյ գտայ: Օտար բառերը հայերէնով փոխարինելու վերաբերումը ինքնին բողոք է, ըմբոստացում, ամէն կարգի տեղատուութիւններու եւ հայկական ընկերութիւնը շնչահեղձ ընող երեւոյթներու դէմ:

**O liberté, que de crimes on commet en ton nom. Madame Roland

*** Celui qui désespère des événements est un lâche, mais celui qui espère en la condition humaine est un fou. Albert Camus

www.aztagdaily.com/archives/470607

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail