Ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք
Երանուհի Ղազարեան
Լեզուն որով գրեցի՝ երկրի երեսը քիչեր
Կը կարդային զայն արդէն ու պակսեցան անոնք ալ …
Վահան Թէքէեան
Կ’ընդվզիմ երբ մամուլին մէջ յաճախ կը հանդիպիմ պիլիոն եւ ամեակ «բառ»երուն: Առաջինը հայերէն չէ, երկրորդը բառ չէ:
Հայերէնի մէջ պիլիոնին համապատասխանող եզրերը երկիլիոն կամ միլիառ են: Ճիշդ է թէ երկրորդը, որ աւելի յաճախ կը գործածուի, օտար ծագում ունի (ֆրանսերէն, milliard), սակայն արդի հայերէնի մէջ ընդունուած եւ հաստատուած ձեւն է «հազար միլիոն»ը արտայայտելու: Եթէ կը վախնանք թէ ընթերցողը անծանօթ է միլիառ-ին, կրնանք փակագիծի մէջ լատինատառ billion գրել:
Գալով -ամեակին, այդպիսի առանձին բառ գոյութիւն չունի մեր լեզուին մէջ: Ան երկրորդ բաղադրիչն է բարդ բառի մը, որ թիւի մը հետ միանալով տարեդարձ կամ տարելից կը նշանակէ: Այսպէս՝ յիսնամեակ (50ամեակ) կամ 50րդ տարեդարձ կամ տարելից, հարիւրամեակ (100ամեակ) կամ 100րդ տարեդարձ կամ տարելից: Անընդունելի են 50րդ ամեակ, 100րդ ամեակ արտայայտութիւնները:
Անկասկած յօդուածագիր թէ խմբագիր քաջ գիտեն թէ որն է ճիշդը, բայց մին՝ աւելի մատչելի դառնալու փափաքին կամ ժամանակի սղութեան, միւսը՝ փափկանկատութեան կամ անուշադրութեան, համարձակի՞մ ըսել նոյնիսկ անտարբերութեան, իբր հետեւանք ընթերցողին կը ներկայացնեն սխալը, որ կամաց-կամաց կը հաստատուի եւ կը գործածուի որպէս ճիշդ: Չէ՞ որ այդպէս գրուած էր …
Բոլորս ալ մեր առօրեայ խօսակցութիւններու ընթացքին կը գործածենք այս կամ այն օտար բառը կամ արտայայտութիւնը: Բանաւոր է, առժամեայ, կ’ըսուի ու կ’անցնի: Կարեւոր է որ մնայուն գրաւոր խօսքը ըլլայ կարելի եղածին չափ անթերի:
Այսօր, երբ հայատառ մամուլը հետզհետէ կը նօսրանայ, երբ կը փակուին հայեցի դաստիարակութեան կռուան-կրթարաններ, երբ կ’ապրինք համացանցի ընձեռած անմիջական լրատուութեան կարելիութեանց դարուն, հայ տունէն ներս մտնող հայ թերթին դերը չի կրնար ըլլալ պարզապէս լրատուական: Կ’ակնկալենք յօդուածագիրներէն որ ըլլան աւելի բծախնդիր, խմբագիրներէն՝ մէկդի թողուլ փափկանկատութիւնը եւ սրբագրել սխալը, երկուքէն ալ՝ յարգել ընթերցողին իմացականութիւնը եւ ճիշդը հրամցնել, ինչու՞ չէ, սորվեցնել ալ անոր:
Վերջերս զանազան ձեռարկներու ներկայ կ’ըլլան նաեւ հայ «վազող»ներ … այսինքն՝ այս կամ այն քաղաքական պաշտօնին ձգտող թեկնածուներ: Զիրենք ներկայացնողներէն ոմանք հանգիստ-հանգիստ կը գործածեն «վազել» (running) բառը: Ինչու՞ միտք յոգնեցնել գտնելու անոր ճշգրիտ թարգմանութիւնը: Ունկնդրողները հանգիստ-հանգիստ կը լսեն, կ’անդրադառնան սխալին, ոմանք կը ժպտին … ա’յսչափ: Ու՞ր կը վազենք, ու՞ր կ’երթանք: Երբ հայերէնով կը ներկայացնենք մեր քուէն փնտռող մեր յարգելի հայրենակիցը, եկէք գործածենք թէ’ նոյն նպատակին ծառայող, թէ’ ճիշդ եւ թէ’ ներդաշնակ «թեկնածու» կամ «ընտրարշաւի մասնակից» արտայայտութիւնները փոխանակ անգլերէն running-ի բառացի թարգմանութեան:
Պիլիոն ամեակ այսպէս վազելով … ետքայլ միայն կրնայ արձանագրել մեր մեծասքանչը:
Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (52) Նոյեմբեր 2015