«­Նե­մե­սիս» եւ Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեան

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք
Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նի
Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նի

17 դեկտեմբեր 2015

2008 թո­ւա­կա­նի ա­մա­ռը կնոջս հետ շրջապ­տոյ­տի ե­լած էինք Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Ո­ւա­շինկ­թըն ու Քա­լի­ֆոր­նիա: Կ­՛այ­ցե­լէինք մեր հա­րա­զատ­նե­րուն, ո­րոնք լի­բա­նա­նեան ներ­քին պա­տե­րազ­մին (1975-1990) պատ­ճա­ռով գաղ­թած էին հե­ռա­ւոր Ա­մե­րի­կա­ներ: Այդ տա­րի­նե­րէն ի վեր զի­րար չէինք տե­սած: Մէկ եր­կու օ­րո­ւան հա­մար Ֆ­րեզ­նօ էինք: Այ­ցե­լե­ ցինք Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեա­նի ա­նու­նով թա­տե­րաս­րա­հը, ո­րու մուտ­քին զե­տե­ղո­ւած էր հայ մեծ գրո­ղին կի­սանդ­րին:

Այ­ցե­լե­ցինք նաեւ հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տուն: Չեմ գի­տեր, թէ Ա­մե­րի­կա­յի մէջ ու­րիշ հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տուն գո­յու­թիւն ու­նի՞: Այն­տեղ ա­մէն ազ­գի մար­դիկ կը թա­ղո­ւին: Նոր թա­ղո­ւած ննջե­ցեալ­նե­րու կող­քին կա­յին նաեւ 1880ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն ծնած մար­դոց գե­րեզ­ման­նե­րը: Մե­զի ըն­կե­րակ­ցող ազ­գա­կա­նը մեզ ա­ռաջ­նոր­դեց Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նի դամ­բա­րա­նը, ո­րուն վրայ զե­տե­ղո­ւած էր 6-7 մեթր բարձ­րու­թեամբ քա­ռան­կիւն սիւն մը, ո­րուն գա­գա­թին կար ար­ծիւ մը ու դէ­պի ար­ծիւ սո­ղա­ցող օձ մը:

Պա­տա­նե­կան տա­րի­նե­րուս կար­դա­ցած էի Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նին մա­սին: Հե­տա­գա­յին ա­նոր մա­սին լսած ենք, դի­տած ալ ենք՝ Հան­րի Վեր­նո­յի «­Մայ­րիկ» ժա­պա­ւէ­նին, ա­պա Պերճ Զէյ­թուն­ցեա­նի «Ոտ­քի՜, դա­տա­րանն է գա­լիս» թատ­րեր­գու­թեան բե­մա­կա­նաց­ման եւ, ան­ցեալ շա­բաթ, Նա­րեկ Տու­րեա­նի «­Նե­մե­սիս» թա­տե­րա­խա­ղին մէջ:

Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նի ա­նու­նը կապուած է Ապ­րիլ 24ին հետ.- Այն­քան ա­տեն, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դի­մաց իր ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րուն չէ տի­րա­ցած, Թեհ­լի­րեա­նի ա­նու­նը միշտ պի­տի յի­շո­ւի:

Վեր­ջերս, ա­կա­նա­ւոր հայ մար­դու մը մա­հէն ետք, իր գրա­դա­րա­նի գիր­քե­րը բեռ­նա­թափ կ­՛ըլ­լա­յին: Հան­գու­ցեա­լին կի­նը ինձ­մէ խնդրեց, որ վերց­նեմ հա­յե­րէն այն գիր­քե­րը, ո­րոնք զիս կը հե­տաքրք­րեն, ո­րով­հե­տեւ տան մէջ այ­լեւս հա­յե­րէն գիրք կար­դա­ցող չկար: Այդ գիր­քե­րուն մէջ կար նաեւ Վա­հան Մի­նա­խո­րեա­նի «­Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նի վեր­յի­շում­ներ» հա­տո­րը: Մէկ-եր­կու շա­բա­թէն մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ կար­դա­ցի ծա­ւա­լուն այդ հա­տո­րը:

Նախ­քան անդ­րա­դառ­նա­լը Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան` կ­՛ու­զէի մէջ­բե­րում մը ը­նել հայ­րե­նի գե­ղան­կա­րիչ Յա­կոբ Յա­կո­բեա­նի «Ու մերթ լա­ցաւ ու մերթ խնդաց իմ հո­գիս» հա­տո­րին մէջ տեղ գտած «­Նե­մե­սիս»ի մա­սին գրու­թե­նէն:

«­Թուր­քե­րէն վրէժ լու­ծե­լու հար­ցը ինք­նա­բե­րա­բար յա­ռաջ կու գայ: Բայց ինչ­պէ՞ս եւ ի՞նչ գի­նով: Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րը, այ­սինքն` Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան նախ­կին հպա­տակ­նե­րու վե­րապ­րող­նե­րը, չէին կրնար հա­մա­կեր­պիլ ի­րենց պար­տադ­րո­ւած դժոխ­քին: Բան մը պէտք էր ը­նէին: Պէտք էր պա­տաս­խա­նէին թշնա­միին: Եւ իս­կա­պէս հա­յե­րու մէջ գտնո­ւե­ցան իս­կա­կան հե­րոս­ներ, ո­րոնք ցոյց տո­ւին, թէ հա­յե­րը ու­նին ան­մեռ հո­գե­կան ուժ եւ ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւն. փոքր խումբ մը հա­յեր, Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան ան­դամ­ներ, ծա­գու­մով ա­րեւմ­տա­հա­յեր (կը շեշ­տեմ այս փաս­տը, ո­րով­հե­տեւ այդ ժա­մա­նակ դեռ չէր յայտ­նա­բե­րո­ւած մէկ ազգ, մէկ չեմ գի­տեր ինչ յեղ­յե­ղուկ բա­ռա­կա­պակ­ցու­թիւ­նը) ստեղ­ծե­ցին «­Հայ­կա­կան Նե­մե­սիս» խում­բը, հիմ­նե­ցին դա­տա­րան, մա­հո­ւան դա­տա­պար­տե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին դա­հիճ­նե­րը, մէկ-մէկ ի­րենց որ­ջե­րէն դուրս քա­շե­լով` այդ հրէշ­նե­րը առ­նէտ­նե­րու պէս սատ­կե­ցու­ցին ամ­բողջ աշ­խար­հի աչ­քին առ­ջեւ: Ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը՝ ա­նոնք հասկ­ցած էին, որ պէտք չէր դի­մել ո՛չ մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րան­նե­րու, ո՛չ հա­յա­սէր քրիս­տո­նեայ կեղ­ծա­ւոր պե­տու­թիւն­նե­րու, ո՛չ պէտք էր հեր­թի կանգ­նէին ծե­րա­կոյ­տե­րու եւ քոնկ­րես­նե­րու առ­ջեւ, ի­րենք էին զո­հը եւ ի­րենք ալ պէտք էր պատ­ժէին յան­ցա­գործ­նե­րը: Թուր­քը պէտք էր պատժուէր հա­յու ձեռ­քով, պէտք էր ի կա­տար ա­ծուէր ար­դա­րու­թիւ­նը: Այդ քա­նի մը ան­մահ հե­րոս­նե­րուն ա­նուն­նե­րը հայ մար­դը պէտք չէ մոռ­նայ` Թեհ­լի­րեան, Եր­կա­նեան, Թոր­լա­քեան, Ծա­ղի­կեան, Շի­րա­կեան եւ ան­շուշտ` ու­րիշ­ներ:

«Այդ մար­դի­կը հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գին էին: 1921-1922 թո­ւա­կան­նե­րու այս հե­րոս­նե­րուն սխրա­գոր­ծու­թեամբ կը սկսի Հայ Դա­տը: Սկզ­բունք­նե­րը, ո­րոնց­մով գոր­ծե­ցին այդ հե­րոս­նե­րը, պէտք է ըն­դու­նիլ իբ­րեւ ու­ղե­ցոյց, այ­սինքն հա­յե­րը ի­րենց ու­ժե­րուն չա­փով եւ ի­րենց մի­ջոց­նե­րով պի­տի պայ­քա­րին թուր­քե­րու դէմ` յոյս չկա­պե­լով օ­տար­նե­րու»:

Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեան ին­չո՞վ կը տար­բե­րէր «­Նե­մե­սիս»ի բո­լոր այն հե­րոս­նե­րէն եւ կամ հա­յոր­դի միւս մար­տիկ­նե­րէն, ո­րոնք ա­հա­բե­կե­ցին այն թուրք պա­տաս­խա­նա­տու ան­ձե­րը, ո­րոնք հե­ռո­ւէն կամ մօ­տէն առն­չու­թիւն ու­նէին 1915ի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետ:

Ա.- Թեհ­լի­րեան կը սպան­նէր Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու ե­ռեա­կի ա­մէ­նէն գլխա­ւոր ան­ձը` Թա­լէաթ փա­շան, Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը: Ե­ռեա­կի միւս ան­դամ­ներն էին Էն­վեր եւ Ճե­մալ:

Բ.- Ս­պա­նու­թիւ­նը տե­ղի կ­՛ու­նե­նար Գեր­մա­նիոյ մայ­րա­քա­ղաք Պեր­լի­նի մէջ: Չ­մոռ­նանք, որ Գեր­մա­նիա եւ օս­մա­նեան Թուր­քիա Ա. Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մին դաշ­նա­կից­ներ էին:

Գ.- Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թիւ­նը տե­ղի կ­՛ու­նե­նար Պեր­լի­նի դա­տա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ, քա­ղա­քի բնակ­չու­թեան ամ­բողջ ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած էր այդ դա­տին վրայ: Գեր­մա­նա­կան, թրքա­կան, հայ­կա­կան, ինչ­պէս նաեւ աշ­խար­հի զա­նա­զան կա­րե­ւոր լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րը օ­րը-օ­րին կը հե­տե­ւէին դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին: Հոն է, որ կրկին լու­սար­ձա­կի տակ կ­՛առ­նո­ւէին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծալ­քե­րը: Կար­ծէք, թէ Թա­լէաթ փա­շան էր դա­տո­ւո­ղը, եւ ոչ թէ` Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նը:

Դ.- Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նը ա­զատ ար­ձա­կե­լու գեր­ման դա­տա­րա­նին ո­րո­շու­մը գեր­ման ժո­ղո­վուր­դին ձե­ւով մը հո­գե­կան գո­հու­նա­կու­թիւն կու տար, քա­նի որ գեր­ման կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նաեւ իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ու­նէր իր դաշ­նա­կի­ցին ան­մարդ­կա­յին գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար:

Ո՞վ է Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեան

Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեան ծնած է 1896ին, Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի Երզն­կա՝ Կա­մախ գա­ւա­ռի Վա­րի Գիւ­ղը։ Հայ­րը` Խա­չա­տուր, մայ­րը՝ Հ­նա­զանդ Գա­թըր­ճեան – Տէր Յա­րու­թիւ­նին դուստ­րը: Ու­նե­ցած են հինգ մանչ զա­ւակ, ո­րոնց­մէ մէ­կը մա­հա­ցած է 3-4 տա­րե­կան հա­սա­կին, մնա­ցեալ­նե­րը` Մի­սաք, Սեդ­րակ, Ա­ւե­տիս եւ Սո­ղո­մոն:

Կա­մա­խի շրջա­նի գիւ­ղա­ցի­նե­րը ի­րենց աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քով չէին կրնար ապ­րեց­նել ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րը, այ­րե­րը կ­՛եր­թա­յին ար­տա­սահ­ման, մաս­նա­ւո­րա­բար` Պալ­քա­նեան եր­կիր­ներ: Քա­նի մը տա­րի չա­րա­չար աշ­խա­տե­լով` դրամ կը խնա­յէին եւ կը վե­րա­դառ­նա­յին եր­կիր:

Սո­ղո­մո­նին հայ­րը եւ հօ­րեղ­բայ­րը Սեր­պիա ա­ռեւտ­րա­կան գործ հաս­տա­տած էին ու քա­նի մը տա­րին ան­գամ մը կը վե­րա­դառ­նա­յին եր­կիր` յե­տոյ կրկին մեկ­նե­լու օ­տա­րու­թեան:

Սո­ղո­մոն, իր հայ­րե­նա­կան գիւ­ղին մէջ նախ­նա­կան ու­սու­մը առ­նե­լէ ետք, կ­՛անց­նի Երզն­կա ու հոն կը շա­րու­նա­կէ իր ու­սու­մը Կեդ­րո­նա­կան Վար­ժա­րա­նին մէջ: 1913ի աշ­նան Սո­ղո­մոն կը հե­ռա­նայ Երզն­կա­յէն ու կ­՛անց­նի Սեր­պիա, ուր կը պատ­րաս­տո­ւէր ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար անց­նիլ Գեր­մա­նիա: Բայց Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. Պա­տե­րազ­մը ա­մէն բան տակ­նուվ­րայ կ­՛ը­նէ, ու բո­լոր ծրա­գիր­նե­րը ու­րիշ ուղ­ղու­թիւն կ­՛առ­նեն:

Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեան՝ կա­մա­ւոր

1914ին, պա­տե­րազ­մին սկիզ­բը, ձգե­լով Սեր­պիան, Սո­ղո­մոն կ­՛անց­նի Կով­կաս՝ Թիֆ­լիս եւ կա­մա­ւոր կ­՛ար­ձա­նագ­րուի Ազ­գա­յին Բիւ­րո­յի կազ­մած գուն­դին, որ բաղ­կա­ցած էր 250 հո­գիէ: Խում­բին ա­ռաջ­նորդ­ներ էին Անդ­րա­նիկ, Սե­պուհ, Սմ­բատ: Մա­յիս 1915ին հայ­կա­կան կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դը ռուս բա­նա­կին հետ կը մտնէ Վան: Դժ­բախ­տա­բար ռու­սա­կան բա­նա­կը Յու­նի­սի վեր­ջա­ւո­րու­թեան կը սկսի նա­հան­ջել՝ պար­պե­լով Վա­նը եւ հե­տը տա­նե­լով հայ գաղ­թա­կան­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը՝ շուրջ 200 հա­զար հո­գի:

1916ին Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեան, Սե­բաս­տա­ցի Մու­րա­տին հետ, որ­պէս կա­մա­ւոր, ռուս բա­նա­կին հետ կը հաս­նին մին­չեւ Երզն­կա` գրա­ւե­լէ ետք Էրզ­րու­մը եւ Տ­րա­պի­զո­նը: Երզն­կա­յի մէջ Սո­ղո­մոն իր ըն­տա­նի­քէն ոչ մէ­կը ողջ կը գտնէ: Ս­պան­նո­ւած էին մայ­րը, եղ­բայ­րը, Ա­ւե­տի­սը, եղ­բայր­նե­րուն կի­նե­րը, զա­ւակ­նե­րը: Հոն է, որ իր մէջ կը ծա­գի վրէժ լու­ծե­լու միտ­քը: Մինչ այդ ամ­բողջ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տանն ու Ա­նա­տո­լուն կը պար­պո­ւին հա­յե­րէ, մէ­կու­կէս մի­լիոն հայ կը ջար­դո­ւի գա­ւառ­նե­րուն եւ Տէր Զօ­րի ա­նա­պատ­նե­րուն մէջ: Կ­՛ա­զա­տի միայն 500 հա­զար հո­գի, ո­րոնք կ­՛ա­պաս­տա­նին շրջա­կայ եր­կիր­ներ:

1917ին ռու­սա­կան բա­նա­կը կրկին կը նա­հան­ջէ ու կը կազ­մա­լու­ծո­ւի Ռու­սիոյ մէջ Հոկ­տեմ­բե­րեան յե­ղա­փո­խու­թեան պատ­ճա­ռով: Վե­րապ­րած ա­րեւմ­տա­հա­յու­թիւ­նը կրկին գաղ­թի ճամ­բան կը բռնէ դէ­պի Ե­րե­ւան, Թիֆ­լիս եւ Ռու­սիա: Ամ­բողջ Կով­կա­սը պա­տե­րազ­մի մէջ է, թրքա­կան բա­նա­կը կը հաս­նի Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ, տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ Սար­դա­րա­պա­տի ճա­կա­տա­մար­տը, Հա­յաս­տան 1918 Մա­յիս 28ին ան­կա­խու­թիւն կը հռչա­կէ 12.000 քառ. քմ. հո­ղի վրայ: Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեան այս շրջա­նին կ­՛անց­նի Վ­րաս­տան` Փո­թիի շրջա­նը, ուր­կէ 18 Դեկ­տեմ­բեր 1918ին կու գայ Պո­լիս, հոն իր ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րէն ողջ մնա­ցող­ներ գտնե­լու յոյ­սով եւ նոյն ա­տեն ջար­դա­րար­նե­րէն իր վրէ­ժը լու­ծե­լու մտադ­րու­թեամբ:

30 Հոկ­տեմ­բեր 1918ին Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. Պա­տե­րազ­մը վերջ կը գտնէ, Գեր­մա­նիա եւ Թուր­քիա պար­տո­ւած` պէտք էր դուրս գա­յին ի­րենց գրա­ւած հո­ղե­րէն: Թա­լէաթ փա­շան եւ Միու­թիւն եւ Յա­ռաջ­դի­մու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու ան­դամ­նե­րը կը լքեն Պո­լի­սը եւ կ­՛ա­պաս­տա­նին եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ: Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեան, Պոլ­սոյ մէջ սպան­նե­լէ ետք հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու մատ­նիչ Յա­րու­թիւն Մկր­տի­չեա­նը, 1919 Նո­յեմ­բե­րին կ­՛անց­նի Փա­րիզ, ուր գո­յա­տե­ւե­լու հա­մար, շրջան մը որ­պէս կօշ­կա­կար աշ­խա­տե­լէ ետք, Հոկ­տեմ­բեր 1920ին կ­՛եր­թայ Ա­մե­րի­կա, Պոս­թոն, միա­նա­լու «­Նե­մե­սիս»ի խում­բին:

Ի­րեն կը տրո­ւի Թա­լէաթ փա­շան սպան­նե­լու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: Ան 3 Դեկ­տեմ­բեր 1920ին կը հաս­նի Պեր­լին: Սո­ղո­մո­նի եւ ըն­կեր­նե­րուն փնտռտուք­նե­րէն ետք, վեր­ջա­պէս կը գտնո­ւի Թա­լէա­թի հետ­քը՝ շրջա­պա­տո­ւած իթ­թի­հա­տա­կան ըն­կեր­նե­րով, ո­րոնք նոյն­պէս խոյս տո­ւած էին Պո­լի­սէն: Հայ տղա­քը կը գտնեն նաեւ Թա­լէա­թին բնա­կած տու­նը, ո­րուն դի­մաց Սո­ղո­մո­նին հա­մար կը վար­ձո­ւի յար­կա­բա­ժին մը, ուր­կէ Սո­ղո­մոն դիւ­րու­թեամբ կրնար հե­տապն­դել Թա­լէաթ փա­շա­յին շար­ժում­նե­րը:

Տ­ռա­մա­յի վեր­ջին ա­րա­րին վա­րա­գոյ­րը կ­՛իջ­նէ

15 Մարտ 1921

Ա­հա թէ ինչ­պէ՛ս կը նկա­րագ­րէ հե­տա­գա­յին Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեան այդ օ­րո­ւան դէպ­քը.-

«Ա­ռա­ւօտ սո­վո­րա­կա­նէն շուտ արթըն­ցայ, ա­րե­ւի շո­ղե­րը ար­դէն հա­սած էին դի­մա­ցի շէն­քի պա­տու­հա­նին: Հա­զիւ ա­ւար­տած էի թէյս եւ կ­՛ու­զէի բազ­կա­թո­ռը մօ­տեց­նել պա­տու­հա­նի եզ­րին, երբ յան­կարծ դի­մա­ցի շէն­քի պատշ­գա­մին տե­սայ Թա­լէա­թը: Քա­րա­ցայ, ա՞ն էր ար­դեօք: Լ­ծա­կի պէս հաստ դաս­տա­կը վեր տա­րաւ, ձեռ­քով ճա­կա­տը շփեց, ներս մտաւ: Նա­յե­ցայ ժա­մա­ցոյ­ցիս, ժա­մը 10:00ն­ էր: Ուհ­լանտ եր­թա­լու իր սո­վո­րա­կան ժա­մը: Զէնքս ա­ռի վրաս, պատ­րաստ` դուրս գա­լու: Յան­կարծ ան յայտ­նո­ւե­ցաւ դրան մօտ ու փի­ղի պէս ծան­րօ­րէն սկսաւ վար իջ­նել: Երբ դուրս ե­լայ փո­ղոց, դի­մա­ցի մայ­թով ան ար­դէն բռնած էր Ուհ­լան­տի ու­ղին: Սառն դա­տո­ղու­թիւ­նը ին­ծի կ­՛ը­սէր, որ այս ան­գամ ան­կա­րող պի­տի ըլ­լայ ա­զա­տիլ ձեռ­քէս, բայց յու­զումս բազ­մա­լե­զու ա­ղա­ղա­կե­լով՝ կը փո­թոր­կէր զիս:

– Հա­սի՜ր, վա­զէ՜, ան­ցի՜ր միւս մայ­թը ու շի­տակ կռնա­կէն, մէջ­քէն, գլխուն, շուտ ան­ցիր փո­ղո­ցը…

Մայ­թէն ի­ջայ փո­ղոց՝ ե­տե­ւը անց­նե­լու հա­մար, բայց յան­կարծ բան մը զիս ետ մղեց, հա­զար ան­գամ պար­զո­ւած, բայց բա­ցո­րոշ բա­նը այդ պա­հուն մէ­կէն ի մէկ կաս­կա­ծե­լի թո­ւաց, ա՞ն է ար­դեօք:

– «Ան­ցիր դի­մա­ցը, դի­մա­ցը, ուղ­ղա­կի ճա­կա­տին, շուտ, շուտ, վա­զէ»…

Դի­մա­ցի մայ­թով հա­ւա­սա­րե­ցայ ի­րեն, ա­րագ քայ­լե­րով բա­ւա­կան յա­ռա­ջա­ցայ, ան­ցայ նոյն մայ­թը, ուր­կէ կը յա­ռա­ջա­նար ինք: Ետ դար­ձայ, կը մօ­տե­նա­յինք ի­րա­րու: Ան կը քա­լէր ճե­մե­լու ձե­ւով, ձեռ­նա­փայ­տը ան­փոյթ ճօ­ճե­լով, կարճ տա­րա­ծու­թիւն մը մնա­ցած` զար­մա­նա­լի ան­դոր­րու­թիւն մը հա­մա­կեց էու­թիւնս: Հա­ւա­սա­րե­լու վրայ էի, Թա­լէաթ շեշ­տա­կի նա­յե­ցաւ ին­ծի, աչ­քե­րուն մէջ առ­կայ­ծեց մա­հո­ւան սար­սու­ռը, վեր­ջին քայ­լին ծռե­ցաւ, որ խու­սա­փի ինձ­մէ, բայց զէն­քը դուրս քա­շելս ու գլխուն պար­պելս մէկ ե­ղաւ:

Թա­լէաթ հա­րո­ւա­ծէն կար­ծես ցնցուե­ցաւ ու վայր­կեան մը հզօր մար­մի­նը պրկո­ւե­ցաւ ցից, բայց ե­րե­րուն, ա­պա՝ սղո­ցո­ւած կաղ­նիի բու­նի պէս ե­րե­սի վրայ տա­պա­լե­ցաւ թնդիւ­նով… քիչ ան­դին կին մը ճչաց ու գե­տին փռո­ւե­ցաւ, ու մարդ մը վա­զեց դէ­պի կի­նը: Բ­նաւ չէի կրնար ե­րե­ւա­կա­յել, որ այդ­պի­սի դիւ­րու­թեամբ գե­տին պի­տի փռո­ւի գա­զա­նը: Վայր­կեան մը մղում ու­նե­ցայ բո­լոր գնդակ­նե­րը պար­պե­լու մէջ­քին, բայց փո­խա­նակ կրա­կե­լու՝ ատր­ճա­նակս նե­տե­ցի: Սեւ, թանձր ա­րիւ­նը վայր­կե­նա­պէս լճա­ցաւ Թա­լէա­թի գլխուն շուրջ, կար­ծես ջար­դո­ւած ա­նօ­թի մէ­ջէն մա­զու­թը կը թա­փո­ւէր:

– Մա՜րդ սպան­նեց, բռնե­ցէ՜ք,- ճչաց մէ­կը:

– Բռ­նե­ցէ՜ք, բռնե­ցէ՜ք,- ճչա­ցին ու­րիշ­ներ:

Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեան կը փոր­ձէ զինք հե­տապն­դող ամ­բո­խին ձեռ­քէն ա­զա­տիլ, բայց չի յա­ջո­ղիր, ա­մէն կող­մէ կը սկսին հա­րո­ւած­ներ ի­ջեց­նել գլխուն ու մարմ­նին: Ոս­տի­կան­նե­րը երբ կը հաս­նին, ար­դէն ծան­րօ­րէն վի­րա­ւո­րո­ւած էր: Զինք կը փո­խադ­րեն ոս­տի­կա­նա­տուն, ուր ա­ռա­ջին օգ­նու­թեան խնամ­քը կը տա­նին:

Հինգ օր ետք Թա­լէա­թի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ Պեր­լի­նի մէջ, թուրք եւ գեր­ման բազ­մա­թիւ ե­րե­ւե­լի պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ հոծ բազ­մու­թեան մը ներ­կա­յու­թեան:

Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեան՝ բա­ւա­կան կազ­դու­րո­ւե­լէ ու ա­մէն տե­սակ հար­ցու­փոր­ձե­րու եւ ձե­ւա­կեր­պու­թիւն­նե­րու են­թար­կո­ւե­լէ ետք, կը տա­րո­ւի դա­տա­րան։ Դա­տա­վա­րու­թիւ­նը կը սկսի 2 Յու­նիս 1921ին ու կը տե­ւէ միայն եր­կու օր, Թեհ­լի­րեան ան­պարտ կ­՛ար­ձա­կո­ւի: Ան իր մօ­րը եւ ամ­բողջ ազ­գի մը սպա­նու­թեան վրէ­ժը լու­ծած էր:

Հե­տա­գա­յին Թեհ­լի­րեան կ­՛ա­մուս­նա­նայ իր հայ­րե­նա­կի­ցին` Ա­նա­հիտ Թա­թի­կեա­նի հետ ու կ­՛ու­նե­նան 2 զա­ւակ:

Ան կը մա­հա­նայ 1960ին, Սան Ֆ­րան­սիս­քօ եւ կը թա­ղո­ւի Ֆ­րեզ­նօ:

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

http://www.azator.gr

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail