Արցախի Մէջ Մեկնարկեց Նախագահական Ընտրութիւններու 2-րդ Փուլի Քուէարկութիւնը

Արցախի ընտրութիւններ

Արցախի Մէջ Մեկնարկեց Նախագահական Ընտրութիւններու 2-րդ Փուլի Քուէարկութիւնը

14 ԱՊՐԻԼ 2020 – ԱՐՑԱԽ – ԿԵԱՎՈՒՐ-երը ԵՒ ՄԵՆՔ:

Génocide perpétré par l’Empire ottoman, aujourd’hui la Turquie – génocide arménien-erzeroum-1895-lesalonbeige.fr

Այսօր Արցախի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութեան օրն է: Արցախի Հանրապետութեան մէջ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունի 103 հազար 637 քաղաքացի:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ԱՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան ներկայացնելով ընթացիկ վիճակը ըսած է, որ, ընդհանուր առմամբ, ձեւաւորուած են 282 ընտրատեղամասեր: Ժամը 8:00-ին բացուած են 281 տեղամասերը:

Ս. Արզումանեանի խօսքով` Շուշիի Քրէակատարողական հիմնարկին մէջ քուէարկութեան սկիզբը պիտի տրուի ժամը 11:00-ին:

Նշենք, որ Մարտ 31-ին տեղի ունեցած համապետական ընտրութիւններու արդիւնքով նախագահի թեկնածուներէն եւ ոչ մէկը յաղթահարած էր բոլոր թեկնածուներուն կողմ քուէարկած ձայներու կէսէն աւելին։ Այդ պատճառով երկրորդ փուլին կը մասնակցին՝ առաւելագոյն ձայներ հաւաքած նախագահի երկու թեկնածուներ Արայիկ Յարութիւնեան (49.26%) եւ Մասիս Մայիլեան (26.4%)։

Յիշեցնենք, որ Մարտ 31-ին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն Արցախի նախագահի 4-րդ պաշտօնը ստանձնելու համար յայտ ներկայացուցած էին 14 նախագահի թեկնածուներ:

ARMENIAN GENOCIDE – This picture shows part of the 5.000 children from Kharput en route on donkey back and foot. “Story of Near East Relief” by James L. Barton, New York, 1930, p. 152

yerakouyn.com/2020/04/14/արցախի-մէջ-մեկնարկեց-նախագահական-ընտ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail