ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Բառերու Խորհրդաւոր Աշխարհը. Մշուշ

ՄՇՈՅ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ՎԱՆՔ 1908-ԻՆ

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Բառերու Խորհրդաւոր Աշխարհը. Մշուշ

14 ԱՊՐԻԼ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Անուշ գիշեր էր, Աստղիկ դիցուհին լոգանք ստանալու համար իջաւ Մշոյ դաշտ, Արածանի գետի ջուրերը, մերկացաւ: Տարփաւոր կտրիճները լսեցին շրշիւնը, կրակ վառեցին մօտակայ բարձունքներուն վրայ, որպէսզի հիանան անոր գեղեցկութեամբ… Աստղիկը իր շուրջը պատեց թանձր կապոյտ շերտով մը մշուշի եւ մնաց աննշմար: Այնուհետեւ, քօղարկող մշուշ էր ամէն գիշեր: Յետոյ՝ երկրամասը կոչուեցաւ Մուշ, դաշտը՝ Մշոյ դաշտ։

Ձեր ականջը, յարգելի ընթերցող, շոյեց հայրենի տեղանունի մը ստուգաբանութիւնը: Ըստ հարազատ ժողովուրդին՝ առասպել մըն է անիկա, պարզ ու ջինջ. Այն, ինչը կը մնայ՝ պղտոր, մշուշոտ՝ «մշուշ» բառի ստուգաբանութիւնն է: Այսօր, երբ նոյնքան մշուշոտ է աշխարհի ընթացքը եւ ապագան, կ’առաջարկեմ գոնէ մշուշը հեռացնել «մշուշ» բառին վրայէն եւ հիանալ, թէ անիկա ինչպէ’ս ոլորապտոյտ ծալքերով, դանդաղաշարժ, տարածուեր է հայկական գրական դաշտին վրայ ու քնքշօրէն ծածկեր է զայն:

ՄՈՒՇ-ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

«Մշուշ»ը՝ նկարագիրով ժլատ եւ ծածկամիտ, ծնունդ տուեր է չորս թոյզն թիւ հայկական արմատ բառի մը համար, համաձայն եմ, բայց միայն չորս բառի. մշուշոտ, մշուշային, մշուշապատ եւ թանձրամշուշ: Բոլորն ալ պատկերաւոր են, կասկած չկայ: Բայց, մենք կ’ակնկալէինք, որ անիկա յղանար աւելին,- արտօնեցէք առաջարկեմ տասը ածականներ՝ մշուշաքայլ, մշուշաշունչ, մշուշածաւալ, մշուշաճեմ, մշուշազրաւ, մշուշամոյն, մշուշահեղձ, սեւամշուշ, խստամշուշ, խտամշուշ-, ու այդ բառերով հայոց մայրենիի մշակները ստեղծէին խորհրդաւոր նկարագրութիւններ, գրական պատկերներ:

Մենք, գոհանանք մեր ունեցածով, խարխափենք հայկական գրականութեան էջերը ու փորձենք յայտնաբերել, թէ «մշուշ»ը որքա’ն տարածուեր է:

ՄՈՒՇ-ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ –

«Մշուշ» բառը աւանդուած չէ հին մատենագրութեան մէջ, ոչ ալ ոսկեդարեան Աստուածաշունչին մէջ: Կը կարծուի, թէ անիկա ուշ մտած է Հայկական լեզուաշխարհը: Ծագո՞ւմը… Ինչպէս ըսինք՝ մշուշոտ է: Աճառեան զայն համեմատեր է Միջագետքի հին լեզուներու նմանաձայն եւ նոյնիմաստ բառերու հետ, բայց մնացեր է անհաստատ: Գէթ, ունինք «Գլուխը մշուշ պատել» դարձուածքը, որ կը նշանակէ վիշտով, տխրութեամբ համակուիլ: Անիկա յատուկ է Միջին հայերէնին: Հետեւաբար, թերթենք ուշ-միջնադարու տաղարանները ու տեսնենք, թէ առաջին անգամ ո՛ր բանաստեղծին գլուխն է մշուշ պատեր… Ան Յովհաննէս Թլկուրանցին է, 14-15րդ դարերու բանաստեղծը, երգիչը եւ երգահանը: Ականջ տանք անոր մթագնած քնարին.

«Մաղձն սրտիս մշուշ կապեր,
արեան արցունքս կու ցօղայ»:

Ապա եկաւ Խեւ Կաֆացին, 1600ներուն, անոր գլուխն ալ պատեց մշուշ մը՝ կարօտի տառապանքը.

«Լեռներուն գլուխն է մշուշ,
Ես զքեզ կու տեսնում յուշ-յուշ»:

ՄՈՒՇ-ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

«Մշուշ» բառը բուն կը նշանակէ մառախուղ, շամանդաղ, մէգ: Բայց, անիկա երբ ստացաւ փոխաբերական իմաստներ, ինչպէս՝ մոռացման քօղ, տխրութիւն, աղօտ եւ ոչ-պայծառ երեւոյթ՝ գրաւիչ դարձաւ 19րդ եւ 20րդ դարերու բանաստեղծներու համար, որոնց գրչափետուրէն հոսեցան հետեւեալ արտայայտութիւնները. «Կը ծածանի ճերմակ մշուշ մը, որ մեղմօրէն կը սարսռայ», «Մանկական անգիտակցութեան մշուշը», «Գոլորշիի նրբին մշուշ»՝ Զապէլ Եսայեան, «Դամբաններուն վրայ դեղին մշուշ մը կ’իյնար»՝ Տիգրան Չէօկիւրեան, «Վերջալուսային լուրթ մշուշ»՝ Ժագ Սայապալեան: Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան անոր հետ պատկերացուց տգիտութիւնը եւ ազգասէր մարդը. «Տեսնելով որ տգիտութեան թանձր մշուշը պաշարեր է իր ազգը ու խղդել կ’ուզէ զայն սոսկալի խաւարի մը մէջ՝… ամէն տեղ իմացութեան, գիտութեան ճրագները կը վառէ, կը փարատէ մշուշ խաւարը»:

«Տգիտութեան մշուշը» ծանօթ էր Խրիմեան հայրիկի կենսագրութեան հեղինակ Խաչատուր Մալումեանին նոյնպէս. «Խրիմեան վճռել էր (Մշոյ) Ս. Կարապետի վանքում տպարան հիմնել, ուստի իր հետ վերցրեց Վարագի երկու մամուլից մինը… Ձիաներին բեռնած էին մամուլ, տառեր, թուղթ, մելան, գրքեր: Այս կարաւանը տանում էր Տարօն լոյս, ցրուելու համար այն խաւարը եւ թշուառութիւնը, որ դարերից ի վեր պատել էր Մուշը, ինչպէս մշուշ»:

Պետրոս Դուրեան նամակ մը գրի առաւ՝ Առ Մեծապատիւ Ա. Էֆենտի Լուսինեան, ու նկարագրեց իր ներաշխարհը. «Եղբայր իմ, երկու տող բան չեմ կարող գրել, երեւակայութեանս մէջ ցուրտ մշուշ մը կայ թանձրացած, վայր ընկան գլխուս աստղերը, սեւ ամպերը ծանրացան հոն»:

ՄՈՒՇ-ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ –

Բառը նշուլեց նաեւ հայկական քերթողութեան եւ արձակ բանաստեղծութեան մէջ: Դանիէլ Վարուժան անոր հետ նկարագրեց ձմեռը. «Երկինքը կը մթնէ. / Անոր ճակտին մոխրագոյն մշուշ մը կը կառչի», Համօ Սահեան՝ աշունը. «Մշուշների շղարշի տակ / Աշնան խաշամն է խշխշում», Նիկողոս Սարաֆեան խօսեցաւ իր հոգեվիճակի մասին. «Աշուն է լուռ եւ մշուշ։ Խաղաղութեան անհուն ծով / Եւ տխրութիւն է խորունկ», Մատթէոս Զարիֆեան մեզի տուաւ երկու պատկերներ, մէկը սիրալիր, միւսը՝ սրտաճմլիկ. «Ի՜նչ հեշտագին մշուշ է այս նորէն շուրջս. / Աչքերուս մէջ, գիշերին հետ, կարծես աստղեր կը դողան», «Միտքս խեղդող մշուշ մ’ունէր, / Ձեռքէս հատ-հատ վարդերն ինկան», իսկ Զահրատ «Ոչ» բանաստեղծութեան մէջ յիշեց կեանքի փորձառութիւն մը.

«Ինծի հաճոյք մը պատճառել կ’ուզե՞ս – Ոչ –
Մշուշ կ’իջնէ ծովուն վրայ…
Ինծի հաճոյք մը պատճառել կ’ուզե՞ս – Ոչ –
Մշուշ կ’իջնէ սրտիս վրայ…»:

Սակայն, հայկական քնարերգութեան մէջ մշուշը ամէնէն շատ պատեց Վահան Տէրեանին (թոյլ տուէք զինք կոչեմ «մշուշապաշտ»): Ահա՛ «Մթնշաղի Անուրջներ» ժողովածուէն տողիկներ. «Քո աչքերում կայ մի քնքոյշ բախտի վերյուշ, / Արբեցումի ոսկէ մշուշ», / «Չի ժպտում ինձ խաղաղ հանգրուան… / Անթափանց մէգ-մշուշ է միայն», «Կրկին իմ հոգում / Իջաւ մշուշոտ, արցունք անձրեւող / Տրտում իրիկուն», «Մեղմ լալիս եմ ցուրտ մշուշի մէջ», «Եւ զարդարեցիր քո անոյշ սուտով / Իմ տխուր կեանքի մշուշը խաւար», «Անցնում եմ արագ ես ձեր փողոցով / Եւ խենթ մշուշում ոչինչ չեմ յիշում», «Այսօր նորից պարտիզում / Շրջում էի եւ յիշում / Քեզ արթմնի երազում, / Ոսկի, ոսկի մշուշում», «Լայն դաշտերի մէջ դանդաղ մշուշում, / Լքուած լռութեան ծածկոցն է իջել», «Ւմ կեանքը մի նուրբ մշուշ է պատել»:

ՄՈՒՇ-ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Արդեօք ունի՞նք մշուշապատ երգեր ալ: Անկասկած: Մէկը՝ շնորհիւ Ռուբէն Հախվերդեանի.

«Բայց արդէն ուշ է, յուշը մշուշ է,
Սէրը քնքոյշ էր կէս գիշերին»:

Յօդուածիս աւարտին մտովի վերադառնանք Մուշ, ուր սկիզբ առեր էր այս պատմութիւնը ու թոյլ տանք, որ մեր ականջի մէջ շշնջայ այդ մշուշոտ երկրի աւանդական երգը. «Մշոյ սարեր մշուշ է‚ իւր հողն ու ջուրն անոյշ է» կամ լսենք այն տարբերակը, զոր Կոմիտաս վարդապետը 1892ին լսեր է Մուշեղ անունով մշեցիէ մը.

«Մշոյ աշխարհ անոյշ է․
Սարն ու ձորը մշուշ է»:

ՄՇՈՅ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ՎԱՆՔ 1908-ԻՆ

www.aztagdaily.com/archives/470688

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail