Արցախեան Ընտրութիւնները Աշխարհի Համար Ժողովրդավարական Ընտրութիւններ Իրականացնելու Օրինակ Են. Վլատիմիր Զախարով

Վլատիմիր Զախարով

Արցախեան Ընտրութիւնները Աշխարհի Համար Ժողովրդավարական Ընտրութիւններ Իրականացնելու Օրինակ Են. Վլատիմիր Զախարով

15 ԱՊՐԻԼ 2020 – ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ:

Genocide-Թուրք պետական ղեկավարութեան համար Ատանայի կոտորածները ծառայեցին հայերու եւ միւս բոլոր ազգային փոքրամասնութեանց բնաջնջման նոր եղանակներու փորձարկումին

Ապրիլ 14-ին կայացած Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացուցած «Սեւծովեան-կասպեան տարածաշրջանի քաղաքական եւ հասարակական հետազօտութիւններու ուսումնարան»-ի տնօրէն Վլատիմիր Զախարով, այսօր կայացած մամուլի ասուլիսի ընթացքին, ամփոփած է քուէարկութեան ընթացքը:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ իր խօսքին մէջ Վլատիմիր Զախարով ըսած է, որ, այցելելով տարբեր ընտրատեղամասեր, այնտեղ տեսած է ընկերասէր մարդիկ, որոնք կը կատարեն իրենց քաղաքացիական պարտքը:

«Ինչպէս Մարտ 31-ին կայացած համապետական ընտրութիւնները, այնպէս ալ նախօրէին իրականացուած նախագահական ընտրութիւններուն երկրոդ փուլը անցած է ժողովրդավար պայմաններու մէջ: Դեռ աւելին, շփուելով մարդոց հետ, ես տեսայ, որ, մարդիկ աւելի շատ կը խօսին Արցախի զարգացման մասին: Կը կարծեմ՝ արցախեան ընտրութիւնները աշխարհի համար օրինակ են, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլան ժողովրդավարական ընտրութիւնները»,- աւելցուցած է Վ. Զախարով:

Ան շնորհաւորած է Արցախի Հանրապետութիւնը՝ ընտրութիւնները կայացած համարելու համար:

Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, now Turkey -1 April 1909 – The Adana Massacre – The Corpses of Armenians Extracted from the Wells in Adana

yerakouyn.com/2020/04/15/արցախեան-ընտրութիւնները-աշխարհի-համ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail