ԱՀ Նախագահ Ընտրուած է Արայիկ Յարութիւնեան. ԿԸՅ-ն Ներկայացուցած է Ընտրութիւններու Նախնական Արդիւնքները

ԱՀ Նախագահ Ընտրուած է Արայիկ Յարութիւնեան. ԿԸՅ-ն Ներկայացուցած է Ընտրութիւններու Նախնական Արդիւնքները

15 ԱՊՐԻԼ 2020 – ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ:

ՄՈՒՇ-ՄՇՈՅ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ՎԱՆՔ 1908-ԻՆ ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Ապրիլ 14-ին կայացած Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութեան նախնական արդիւնքներով՝ նախագահ ընտրուած է «Ազատ Հայրենիք-Քաղաքացիական միացեալ դաշինք» կուսակցութիւններուն կողմէ ներկայացուած նախագահի թեկնածու Արայիկ Յարութիւնեան:

ԱՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան՝ ներկայացնելով արդիւնքները՝ ըսած է, որ Արայիկ Յարութիւնեանի օգտին քուէարկած է 39,860 ընտրող կամ ընտրողներուն 88%-ը, իսկ Մասիս Մայիլեանի օգտին՝ 5428 ընտրող կամ ընտրողներուն 12%-ը:

ԿԸՅ նախագահը նշած է, որ Արայիկ Յարութիւնեան 3784 ձայնով գերազանցած է իր նախկին ցուցանիշը: Ս. Արզումանեան տեղեկացուցած է, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ, ընտրական իրաւունք ունի 104,777 ընտրող: Այս թիւին մէջ կը ներառուին նաեւ լրացուցիչ ցուցակին մէջ ընդգրկուած ընտրողները:

Ընդհանուր առմամբ, քուէարկութեան մասնակիցներուն թիւը կը կազմէ 47,165 կամ 45%: Անվաւեր քուէաթերթիկներուն թիւը կը կազմէ 1876 կամ 3.97 %:

ԿԸՅ նախագահին խօսքով՝ Արցախի մէջ կայացած այս ընտրութիւնները կ՝առանձնանան նաեւ այն իրողութեամբ, որ իրականացած են ոչ սովորական, մասնաւորապէս՝ աշխարհը պատուհասած նոր «քորոնա» ժահրի տարածման պայմաններուն մէջ:

Ս. Արզումանեան նշած է, որ ԱՀ Նախագահ ընտրուելու վերաբերեալ վերջնական որոշումը պիտի կայացուի Ապրիլ 21-ին:

Génocide perpétré par l’Empire ottoman, aujourd’hui la Turquie – génocide arménien-erzeroum-1895-lesalonbeige.fr

yerakouyn.com/2020/04/15/ահ-նախագահ-ընտրուած-է-արայիկ-յարութիւ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail