«Քորոնա» Ժահրի Պատասխանատուութիւնը Չինաստանին Վրայ Բարդելու Փորձերը Անթոյլատրելի Են» Կ՛ըսէ Լաւրով

«Քորոնա» Ժահրի Պատասխանատուութիւնը Չինաստանին Վրայ Բարդելու Փորձերը Անթոյլատրելի Են» Կ՛ըսէ Լաւրով

15 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«Մարաղա. հայերի ջարդ 1992-ի ապրիլի 10-ին –»

Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, now Turkey – Adana Massacre – Ruins of shops and homes of wealthy Armenian owners in Adana

«Քորոնա» ժահրի տարածման համար Չինաստանի վրայ նիւթական պատասխանատուութիւն բարդելու փորձերը անթոյլատրելի եւ անպարկեշտ են: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Երբ մենք կը լսենք դատողութիւնները այն մասին, որ Չինաստանը պէտք է բոլորին վճարէ վարակի տարածման եւ իբրեւ թէ վարակի մասին ժամանակին չտեղեկացնելու համար…գիտէք, ասիկա կ’անցնի բոլոր տեսակի սահմանները», ըսած է Լաւրով ռուս եւ օտար լրագրողներու հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Նախարարը նշած է, որ Չինաստանը, որ յաղթահարած է համաճարակի գագաթնակէտը, ամէն ձեւով կը փորձէ փոխանցել «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի իր փորձառութիւնը: Մինչդեռ որոշ երկիրներու մէջ կոչ կ’ուղղեն փոխհատուցումը չվճարելու պարագային արտասահմանի մէջ չինական գոյքը գրաւելու:

«Մազերս կը կանգնին, երբ նման բաներ կը լսեմ: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա բացարձակապէս անընդունելի է», ըսած է Լաւրով:

Ան նաեւ «տխուր իրականութիւն» կոչած է Իտալիոյ ուղղուած ռուսական օժանդակութիւնը նսեմացնելու եւ զայն իբրեւ «դէպի ՕԹԱՆ եւ Եւրոպական Միութիւն գրեթէ զինուորական ներխուժում» կոչելու փորձերը:

Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, now Turkey – 1 April 1909 – The Adana Massacre – The Ruins of the Adana Armenian School – photo genocide Arménien Museum

www.aztagdaily.com/archives/470848

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail