ԱԿՕՍ – Քորոնա ժահրը կեանքեր կը խլէ պոլսահայ համայնքէ եւս – Քորոնա ժահրը կեանքեր կը խլէ պոլսահայ համայնքէ եւս
09.04.2020 – ԱՌՕՐԵԱՅ:
Ինչպէս աշխարհի բոլոր երկիրներէ ներս քորոնա ժահրը Թուրքիոյ մէջ ալ կը շարունակէ օրակարգի առաջին կարգը զբաղեցնել։ Առողջապահութեան Նախարար Ֆահրետտին Քոճա ամէն երեկոյ կը յայտարարէ տուեալ օրուայ վարակուածներու եւ մահացածներու թիւը։
Այդ թիւը հետզհետէ կ՚աճի մտահոգիչ եղանակով։ Այս ծիրէն ներս մեր յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձած է վարակի ներհամայնքային աւերը։ Նախապէս ալ լսած էինք, թէ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի մէջ երկու յարկաբաժիններ տրամադրուած են «Քովիտ 19»է վարակուած հիւանդներու բուժման համար։
Հիւանդանոցի շրջանակներուն փոխանցած տեղեկութեան համաձայն գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուած է սոյն յարկաբաժիններու տարողութիւնը։ Բազմաթիւ ազգայիններ ալ կը դարմանուին զանազան այլ հիւանդանոցներու մէջ։ Մերթ կը լսենք ապաքինման մասին ուրախ լուրեր եւ մերթ ալ կը տեղեկանանք կեանքի կորուստներու։
Նշենք մի քանի հանրածանօթ անուններ։ Բժիշկ Արթին Մեծատուր, Պեսսէ Քապաք եւ Արթուն Թեքիրօղլու բոլորովին բուժուած են եւ տուն վերադարձած։ Յարութիւն Շանլը կը շարունակէ մնալ խտացեալ դարմանումի տակ բաւական լուրջ վիճակի մէջ։ Հանրածանօթ քաղաքական գործիչ Մասիս Քիւրքչիւկիլ եւ կողակիցը ունին կայուն վիճակ եւ կ՚ակնկալուի թէ շուտով ապաքինուած դուրս կու գան հիւանդանոցէն։
Միւս կողմէ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու «Ակօս»ի հարցումներուն պատասխանելով հաստատած է հիւանդանոցին բժշկական անձնակազմէն վարակուածներու մասին։ Անոնք եւս կը դարմանուին հիւանդանոցի մէջ, որոնց առողջական վիճակը մտահոգիչ չէ։
Ատենապետը ցաւով նշեց Եէնիգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի եկեղեցւոյ նախկին ատենապետ Յակոբ Պալթաեանի կորուստը, որ հազիւ 44 տարեկան էր։ «Այս ալ կ՚ապացուցէ թէ հիւանդութիւնը տարիքի սահմանում չի ճանչնար, հետեւաբար բոլորս պարտաւոր ենք զգօն եւ զգոյշ գտնուելու այս ախտին դիմաց։ Վերջ ի վերջոյ կը կարծեմ, թէ յառաջիկայ ամսուայ կէսերուն արդէն որոշ չափով նահանջած ըլլայ այս փորձանքը եւ հետզհետէ վերադառնանք կեանքի բնականոն ընթացքին»։
Պետրոս Շիրինօղլու նաեւ բացատրութիւններ տուաւ կարիքաւորներու ուղղեալ օգնութեան արշաւի մասին։ Յայտնելով թէ այդ աշխատութիւնը կ՚ընդանայ հիմնականին Պատրիարքարանի միջոցաւ։ Իսկ հաստատութիւններ միայն պահանջեալ հարկին կը փութան իրենց նպաստը բերելու։
Մահեր
այլ պատճառներով
Միւս կողմէ պատահեցան նաեւ այլ կորուստներ, որոնք առնչուած չեն այս վարակին հետ։ Այսպէս Սահակեան Վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Թալին Մաթոսօղլու եւս մահացաւ Սահակեանի շրջանակներու մէջ խոր սուգ պատճառելով։
Մահացած է նաեւ Լուսաւորիչ Երգչախումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի հայրը՝ Արտաւազդ Մամիկոնեանը։
www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/23884/kvorvona-jahri-gyeankyer-gi-khle-bvolsahah-hamahnke-evs