Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Համար Պայքարը Երբեք Պիտի Չդադրի. Մնացականեան
16 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
««Հասունացել է Հայոց ցեղասպանության համար հատուցման ժամանակը»»
ՀՀ կառավարութիւնը կը փորձէ տարբերակներ գտնել Ապրիլ 24-ին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը Հայաստանի եւ աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ ոգեկոչելու համար: «Արմենփրես»-ի փոխացմամբ` այս մասին ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան` խորհրդարանին մէջ կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ընթացքին, պատասխանելով Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Վլատիմիր Վարդանեանի հարցումին:
«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, արդարութեան համար պայքարը երբեք պիտի չդադրի: Հիմա աննախադէպ, անսովոր պայմաններ են, բայց այս ամբողջ ընթացքին հայ ժողովուրդին որեւէ հանգամանք չէ կանգնեցուցած արդարութեան համար այս կարեւոր պայքարին մէջ: Այս տարի եւս մենք կը գտնենք տարբերակ, թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Հայաստանէն դուրս: Հայոց Ցեղասպանութիւնը եղած է եւ կը մնայ գերակայ ուղղութիւններէն մէկը արտաքին քաղաքականութեան մէջ»,- ըսած է նախարարը:
Արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ՝ Ապրիլ 24-ի, Մայիս 8-ի եւ 9-ի ձեռնարկներուն քաղաքացիների մասնակցութիւնը պիտի սահմանափակուի:
Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց արտակարգ դրութիւնը երակաձգել Ապրիլ 14-էն մինչեւ Մայիս 14։
yerakouyn.com/2020/04/15/հայոց-ցեղասպանութեան-ճանաչման-համար/