Մեկուսացումի Դրութեան Սահմանափակումներու Ջնջման Առաջին Քայլով Մը. Դանիան Դարձաւ Եւրոպական Առաջին Երկիրը, Որ Մեկուսացումի Դրութեան Հաստատումէն Ետք Կը Բանայ Դպրոցներն Ու Մանկապարտէզները
16 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Դանիան երէկ դարձաւ եւրոպական առաջին երկիրը, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով 12 մարտէն ի վեր երկրին մէջ մեկուսացումի դրութեան հաստատումէն ետք կը վերաբանայ դպրոցներն ու մանկապարտէզները: Այսպիսով, Դանիան մեկուսացումի դրութեան սահմանափակումներու ջնջման առաջին քայլը առաւ:
Դանիոյ կառավարութիւնը «Քորոնա» ժահրի համաճարակի յաղթահարման մէջ իր արձանագրած յաջողութիւններէն մեկնելով երէկ արտօնեց մսուր-մանկապարտէզներու եւ դպրոցներու աշխատանքը: Դպրոցներու աշխատանքը կը վերսկսի Ա.-էն Ե. դասարաններու աշակերտներուն համար:
Հաղորդուեցաւ, որ այս հաստատութիւններուն համար որդեգրուած են անվտանգութեան նոր կանոններ, ներառեալ` հեռաւորութեան պահպանումը:
Այն հաստատութիւնները, որոնք պատրաստ չէին 15 ապրիլէն վերաբացուելու, իրենց աշխատանքը պիտի վերսկսին յառաջիկայ երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ:
Վերջին տուեալներով` Դանիոյ մէջ ժահրով վարակուած են 6.706 անձեր եւ մահացած են 299 ուրիշներ:
Ֆինլանտայի վարչապետ Սանա Մարին յայտնեց, որ իր երկրին իշխանութիւնները պիտի սկսին վերցնել մայրաքաղաք Հելսինքիի շուրջ մօտ երեք շաբաթներ առաջ «Քորոնա» ժահրի տարածման արգելք հանդիսանալու համար հաստատուած անցարգելները:
Իշխանութիւնները 28 մարտին արգելքներ հաստատած էին մայրաքաղաքին եւ երկրի այլ շրջաններու միջեւ երթեւեկին վրայ, ապա մինչեւ 13 մայիս երկարաձգած ու խստացուցած արտասահման երթեւեկի արգելքը:
Ֆինլանտայի կառավարութիւնը շեշտեց, թէ մտադիր է խստացնել Շուէտի եւ Նորվեկիոյ հետ սահմաններու ճամբով ճամբորդական հիմնական շրջաններուն հետ երթեւեկը:
Եւրոպական Միութիւնը ճամբու քարտէս պատրաստած է «Քորոնա» ժահրի համաճարակի տարածումը կանխարգիլելու նպատակով հաստատուած սահմանափակումներու եւ արգելքներու մասնակի ջնջումին պատրաստուող անդամ պետութիւններուն համար:
«Տը Կարտիըն» կը նշէ, որ Եւրոպական Միութիւնը անդամ 27 երկիրներուն զգուշացուցած է, որ այդ ուղղութեամբ պէտք է չափազանց զգուշ շարժիլ, որպէսզի բնականոն կեանքի վերադարձը ըլլայ աստիճանական: Բացի ատկէ, առանձնայատուկ ընդգծուած է այն պայմանը, ըստ որուն, իշխանութիւններու գործողութիւնները հիմնուած պէտք է ըլլան գիտական շրջանակի խորհուրդներուն վրայ:
Կը նշուի նաեւ, որ սահմանափակումներու մեղմացումը կարելի է ընել միայն այն պարագային, երբ վարակի տարածումը զգալի տկարացած է, մահերու ցուցանիշը` նուազած:
Ձեռնարկութիւններու գործունէութիւնը պէտք է վերսկսի ըստ ոլորտներու: Ընկերային հեռաւորութեան պահպանումն ու տունէն աշխատելու գործելաոճը պէտք է կարելի եղածին չափ երկար պահուին:
Եւրոպական յանձնաժողովը կը պնդէ, որ անդամ պետութիւնները պէտք է համակարգուած ձեւով մեղմացնեն սահմանափակումները եւ դուրս գան մեկուսացումէն: Ըստ կառոյցի, ատիկա պիտի տեւէ քանի մը ամիս:
Նոր Զելանտայի վարչապետ Ճասինտա Արտեռն յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին պատճառով, իր կառավարութեան մնացեալ անդամներուն եւ պետական ծառայութեան մարմիններու ղեկավարներու աշխատավարձերը վեց ամսուան ժամկէտով պիտի կրճատուին 20 առ հարիւրով:
Երկրի առողջապահութեան ծառայութեան գլխաւոր տնօրէն Աշլի Պլումֆիլտ իր կարգին յայտնեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին Նոր Զելանտայի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած են 6 անձեր: Երկրին մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 1.386-ի: Մահացածներուն թիւը 9 է:
Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած են 4.062 անձեր եւ մահացած 107 ուրիշներ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 65.111-ի, իսկ մահացածներունը` 1.403-ի: Մարոքի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 100 անձեր վարակուած են. վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 1.988-ի, մահացածներուն թիւը 127 է: Օմանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին վարակուած են 97 անձեր. վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 910-ի, մահացածներունը 4 է: Սէուտական Արաբիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին վարակուած են 493 անձեր եւ մահացած են 6 ուրիշներ. վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 5.869-ի, իսկ մահացածներունը` 79-ի:
Իրանի առողջապահութեան նախարարութեան բանբեր Քինոշ Ժիհանփուր յայտարարեց, որ Իրանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 1.512 անձեր վարակուած են «Քորոնա» ժահրով, եւ վարակուածներուն ընդհանուր թիւը բարձրացած է 76.389-ի, նոյն ատեն մահացած են 94 անձեր, եւ մահացածներուն թիւը բարձրացած է 4.777-ի: Գերմանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին ժահրով վարակուած են 2.486 անձեր եւ մահացած են 285 ուրիշներ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 127.584-ի, իսկ մահացածներունը` 3.254-ի: Չինաստանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին վարակուած են 46 անձեր եւ մահացած միայն մէկ անձ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 82.295-ի, իսկ մահացածներունը` 3.342-ի: Մեքսիքայի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին վարակուած են 353 անձեր եւ մահացած 74 ուրիշներ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 5.399-ի, իսկ մահացածներունը` 406-ի:
Պելճիքայի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած են 2.454 անձեր. վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 33.573-ի: Քուէյթի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին վարակուած են 50 անձեր. վարակուածներուն թիւը 1.405 է: Սպանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 177.633-ի: Զուիցերիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 26.336-ի, իսկ մահացածներունը` 973-ի:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եւրոպայի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն պաշտօնական թիւը 1 միլիոն 3.284 է, մահացածներունը` 84.465:
www.aztagdaily.com/archives/470966