Պատասխանելով Թրամփին` «Հիմա Առողջապահութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Ֆինանսաւորումը Նուազեցնելու Ժամանակը Չէ» Կ՛ըսէ Կութիերես

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես

Պատասխանելով Թրամփին` «Հիմա Առողջապահութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Ֆինանսաւորումը Նուազեցնելու Ժամանակը Չէ» Կ՛ըսէ Կութիերես

16 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»

Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, now Turkey – 1 April 1909 – The Adana Massacre – The Ruins of the Adana Armenian School – photo genocide Arménien Museum

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես բուռն կերպով քննադատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը` Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան նպաստի վճարումը առկախելու մասին յայտարարութիւնը:

Ան յայտնեց, որ հիմա նոր «Քորոնա» ժահրին` «ՔՈՎԻՏ-19»-ի դէմ պայքարող միջազգային կազմակերպութեան մը ֆինանսաւորումը նուազեցնելու ժամանակը չէ: «Հիմա ժամանակը չէ Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան կամ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարող մարդասիրական որեւէ կազմակերպութեան ֆինանսաւորումը նուազեցնելու: Համոզուած եմ, որ պէտք է աջակցիլ Առողջապահութեան միջազգային գործակալութեան, որովհետեւ անիկա աշխարհին «ՔՈՎԻՏ-19»-ի դէմ մղած պատերազմին մէջ յաղթանակ արձանագրելու ջանքերուն մէջ վճռական կարեւորութիւն ունի», նշեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Կութիերես յայտնեց, որ հետագային ժամանակը պիտի գայ, երբ կարելի է գնահատել «տագնապին առնչակից բոլորին գործը»: «Նոյն ճշմարտութիւնները կրնան տարբեր էութիւններու կողմեր տարբեր ձեւով մեկնաբանել», աւելցուց ան:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը իր արտասովոր կերպով սուր ոճի հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց. «Երբ ի վերջոյ այս համաճարակի էջը կը փակենք, ժամանակ պիտի ըլլայ յետադարձ ակնարկ մը նետելու` հասկնալու համար, որ այս հիւանդութիւնը ինչպէ՛ս կրցաւ յառաջանալ եւ այս արագութեամբ իր աւերը տարածել աշխարհի ամբողջ տարածքին»:

«Անկէ քաղուելիք դասերը կարեւոր պիտի ըլլան նոյնպիսի մարտահրաւէրներու դէմ ազդու կերպով պայքարելու համար, եթէ ապագային յառաջանան, սակայն ներկայիս ատոր ժամանակը չէ», նշեց ան` աւելցնելով. «Ինչպէս նախապէս ըսի, ներկայիս միջազգային ընտանիքի միասնականութեան ժամանակն է, որպէսզի միասնաբար աշխատինք կասեցնելու համար այս ժահրն ու անոր քանդիչ հետեւանքները»:

Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած էր, որ իր վարչակազմին հրամայած է առկախել Միացեալ Նահանգներու կողմէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ֆինանսաւորումը` կազմակերպութեան կողմէ «Քորոնա» ժահրի տագնապին «վատ կառավարման» պատճառով:

Սպիտակ տան ղեկավարը կազմակերպութեան հասցէին ամբաստանութիւններու շարք մը նշելէն ետք յայտնած էր. «Աշխարհը ժահրի փոխանցման ու մահերու վերաբերեալ բազմաթիւ սխալ տեղեկութիւններ կը ստանայ»:

«ՔՈՎԻՏ-19»-ի համաճարակի տարածման լոյսին տակ խոր մտահոգութիւն ունինք, թէ Ամերիկայի առատաձեռնութիւնը կարելի լաւագոյն ձեւով չ’օգտագործուիր», նշած էր Թրամփ:

Նշենք, որ Ամերիկան Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մեծագոյն ֆինանսաւորողն է: Միացեալ Նահանգներ անցեալ տարի Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան 400 միլիոն տոլար տրամադրած են:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կիպրէյեսուս Թրամփի յայտարարութենէն ետք իր առաջին յայտարարութեան մէջ յայտնեց. «Կորսնցնելու ժամանակ չկայ: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան միակ ուշադրութիւնը բոլոր ժողովուրդներուն օգնելն է` կեանքերը փրկելու համար «ՔՈՎԻՏ-19»-ի համաճարակէն»:

Ֆրանսայի կառավարութեան բանբեր Սիպեթ Ընտիայիէ յայտնեց, որ Ֆրանսան կը ցաւի Միացեալ Նահանգներու նախագահի որոշումին համար:

«Փարիզ կը յուսայ, որ հարցերը կը վերադառնան իրենց բնական վիճակին, որպէսզի կազմակերպութիւնը կարենայ շարունակել իր աշխատանքը», աւելցուց ան:

GENOCIDE ARMENIAN -turc15-1895 erzurum-victims – Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, today Turkey

www.aztagdaily.com/archives/470964

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail