ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Հայամէտ Եւ Քրտամէտ Թուրք Բարերարը Բանտարկուած Է Թուրքիոյ Մէջ

թուրք գործարար, բարերար եւ իրաւապաշտպան Օսման Քաւալա

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Հայամէտ Եւ Քրտամէտ Թուրք Բարերարը Բանտարկուած Է Թուրքիոյ Մէջ

16 ԱՊՐԻԼ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Columnist Harut Sassounian

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Հանրծանօթ է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը զրկէ իր երկրին մէջ ապրող փոքրամասնութիւնները իրենց իրաւունքներէն, անոնք ըլլան հայեր, ասորիներ, յոյներ, հրեաներ կամ քիւրտեր: Այսուամենայնիւ, հասարակութեան ճնշող մեծամասնութիւնը կազմող թուրքերը Թուրքիոյ իշխանութիւններու կիրարկած բռնութիւններուն ամէնէն մեծ զոհերն են: Տասնեակ հազարաւոր անմեղ թուրքեր բանտարկուած են շինծու պատրուակներով։

Նման անմարդկային վերաբերմունքի յայտնի օրինակ է թուրք գործարար, բարերար եւ իրաւապաշտպան Օսման Քաւալա, որ երկու անգամ ձերբակալուած է կեղծ մեղադրանքներով։ Անցեալ Փետրուարին ան ազատ արձակուած էր բանտէն (ուր կը գտնուէր կառավարութիւնը տապալելու մեղադրանքով), ապա նոյն օրը կրկին բանտարկուեցաւ՝ նախքան ազատ արձակուիլը։

Քաւալայի բանտարկութիւնը վերնագիրներու պատճառ դարձաւ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը անցեալ տարուան Դեկտեմբերին որոշում կայացուց, որ Թուրքիա զայն բանտարկած է առանց ողջմիտ պատճառի։ «Անոր կալանաւորմամբ նպատակ ունէին պատժել զայն իբրեւ Կառավարութեան քննադատի՝ ստիպելով լռել՝ իբրեւ հասարակական կազմակերպութեան գործիչ եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան՝ միւսները զրկել նման գործունէութեամբ զբաղելէ եւ կաթուածահար ընել քաղաքացիական հասարակութիւնը»: Չարամիտ պատճառը, որով Քաւալա ազատեցաւ բանտէն եւ նոյն օրը բանտարկուեցաւ, այն էր, որ ժամանակաւորապէս ի կատար ածուի Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին վճիռը, այնուհետեւ զայն նոր մեղադրանքով բանտարկեն եւ քանի մը տարիով պահեն բանտի մէջ, մինչ Քաւալայի փաստաբանները կը վիճարկեն նոր մեղադրանքը թրքական դատարաններու մէջ, այնուհետեւ՝ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանէն ներս:

9 Ապրիլ 2020ին «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը հրապարակեց Քարլոթա Կալի ծաւալուն յօդուածը՝ «Յայտնի թուրք բարերարէն մինչեւ քաղաքական բանտարկեալ» վերնագրով։ Կալ գրած է․ «Քաւալա դարձած է Թուրքիոյ ամէնէն նշանաւոր քաղաքական բանտարկեալը, եւ ինչպէս ինք ցաւով խոստովանած էր կրկնակի բանտարկութենէ ետք՝ իր գործը Թուրքիոյ մէջ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի իշխանութեան օրօք տիրող անարդարութեան վառ օրինակ է։ Անոր գործը ընդամէնը մէկուկէս միլիոն դատական ​​հետապնդումներէն մէկն է, որ կը կատարուի կառավարութեան պատժիչ գործողութիւններու հիմնադրամի 2016 թուականի յեղաշրջման փորձէն ետք, բայց անիկա ամէնէն ամօթալին է։ Լաւագոյնս յայտնի իր բարի գործերով, տարբեր մեղադրանքներ առաջադրուած են անոր դէմ՝ լրտեսութեան, ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ կապեր ունենալու եւ կառավարութիւնը տապալելու յանցանքներով: Նոյնիսկ փորձառու փաստաբանները, որոնք վարժ էին տասնամեակներ շարունակ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող քաղաքական դատավարութիւններուն, անոր դէմ տարատեսակ մեղադրանքները որակած են իբրեւ «ծիծաղելի»»:

Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, now Turkey – Adana Massacre – Ruins of shops and homes of wealthy Armenian owners in Adana

Քաւալա տնտեսագիտութիւն ուսանած է Միացեալ Թագաւորութեան Մանչեսթըրի համալսարանին մէջ եւ սկսած է աշխատիլ իր դոկտորականին վրայ՝ Նիւ Եորքի Ընկերային հետազօտութիւններու դպրոցը, սակայն ընդհատած է ուսումը, երբ հայրը մահացած է 1982 թուականին։

Այնուհետեւ Քաւալա ներգրաւուած է մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ: Ան հիմնած է «Անատոլու Քուլթուր» կազմակերպութիւնը, որ կ՛աջակցի արուեստի եւ մշակութային համագործակցութեան: Կալ յայտնած է, որ «ան կ՛աջակցէր արուեստներու կեդրոնին Տիարպեքիրի մէջ՝ հարաւ-արեւելքը գտնուող ամէնէն մեծ քրտական քաղաքին մէջ․ մշակութային յիշողութեան նախագիծերուն՝ եզիտիներու, քիւրտերու, հայերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու համար․ եւ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման խրախուսման ծրագիրին․․․: Ան դարձաւ երկրի յառաջատար բարերարներէն մէկը, հանրաճանաչ դեսպանատուներու եւ միջազգային նուիրատուներու շրջանին մէջ եւ քաղաքացիական ու իրաւապաշտպան խումբերու եռանդուն պաշտպան»։

Կալ յայտարարած է, որ Քաւալա բանտարկուած է, քանի որ «ան կը ներկայացնէ ձախակեդրոն, աշխարհիկ ընտրանին, որ Թուրքիոյ բեւեռացուած հասարակութեան մէջ, հակառակ նախագահին եւ անոր կողմնակիցներուն: Անոնք կրօնական պահպանողական, իսլամիստական շրջանակներէն են, որ երկար ժամանակ հեռու պահուած են իշխանութենէն: «Օսման կը ներկայացնէ մէկ այլ մշակոյթ», կ՛ըսէ Ասենա Կիւնալ, որ կը ղեկավարէ յառաջատար «Անատոլու Քուլթուր» կազմակերպութիւնը։ «Ոեւէ մէկը, որ անկաշկանդ է, կրթուած, կը խօսի անգլերէն, կրնայ խօսիլ օտարերկրացիներու հետ, գործունեայ է հասարակութեան մէջ․ ինչ որ բան անոնք կը համարեն վտանգաւոր»։ Երբ ան բանտը 16 ամիս անցուց՝ առանց գիտնալու իր դէմ առաջադրուած մեղադրանքները, իշխանական լրատուական միջոցները եւ նոյնիսկ Էրտողան զայն կը մեղադրէին նողկալի կապերու մէջ, ներառեալ Սորոսի գլխաւորած հրէական դաւադրութեան մաս ըլլալը: Որոշ վերլուծաբաններ կ՛ըսեն, որ անոր աշխատանքը հայերու եւ քիւրտերու հետ ատելի էր Թուրքիոյ ապահովութեան հաստատութեան մէջ առկայ տարրերու համար»:

Քաւալա կոչ կ՛ընէր Թուրքիոյ կառավարութեան՝ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: 24 Ապրիլ 2016ին ան այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը Երեւանի մէջ: Ան ըսած է «Նիւզ․ամ» կայքին․ «Նախ եւ առաջ պէտք է անկեղծ մտադրութիւն ըլլայ պատմութիւնը դիտելու, եղածին նայելու, արխիւները պատշաճ կերպով բանալու համար, եւ շատ անկեղծ երկխօսութիւն ունենալու հայերու հետ: Բարեբախտաբար, կան որոշ քայլեր, բայց մենք տակաւին չենք կրնար այդ տեսնել քաղաքական մակարդակի վրայ»:

Հայաստանի մէջ «Սիվիլնեթ» կայքին տուած հարցազրոյցին մէջ, Քաւալա բարձր գնահատած է Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը «իբրեւ առողջ ներկուսակցական համաձայնութեան օրինակ, որ կը վերանայի ազգային պատմութեան աւելի մութ էջերը»: Քաւալա մասնակցած է նաեւ Տիարպեքիրի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ վերաբացման՝ անոր վերանորոգումէն ետք։

Սակայն, հակառակ իր ազատական եւ ձախակողմեան հակումներուն, Քաւալա կը խուսափէր հայկական պահանջներէն Թուրքիայէն՝ հայերուն վերադարձնելու իրենց պատմական հողերը: Դեկտեմբեր 2007ին, ես զայն մեջբերած էի իմ՝ «Թուրքիա կրնայ աւելի շատ շահիլ, քան հայերը՝ ճանչնալով Ցեղասպանութիւնը» վերնագրով յօդուածի մէջ՝ նշելով, որ «կարելի չէ այդպէս դիւրութեամբ մերժել փոխ հատուցման հարցը»։ Քաւալա պատասխանած էր ինծի ելեկտրոնային նամակով՝ ըսելով․ «Չեմ կարծեր, որ «հող վերադարձնելը» օրինական պահանջ է, որ կրնայ լրջօրէն ընդունուիլ: Այդ հարցին բարձրացումը կը վարկաբեկէ արդարութեան եւ հաշտեցման փաստարկները»։ Ան միամտօրէն առաջարկեց, որ մենք պէտք է «երկրի հարցը» թողենք Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ»՝ աւելցնելով, որ ուրախ կ՛ըլլայ տեսակցելու հետս՝ խօսելու համար այդ հարցին մասին։

Այսուամենայնիւ, քաղաքակիրթ աշխարհը պէտք է իր ձայնը բարձրացնէ Էրտողանի բազմաթիւ անմեղ զոհերէն մէկուն՝ Քաւալայի անյապաղ ազատ արձակման համար։

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

GENOCIDE ARMENIAN -turc15-1895 erzurum-victims – Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, today Turkey

www.aztagdaily.com/archives/470898

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail