Ժողովրդավարութեան Նման Յաջող Դրսեւորումը Կրնայ Միայն Աւելցնել Արցախի Միջազգային Հեղինակութիւնը. ԵԽ Պատգամաւորի Շնորհաւորական Ուղերձը

Ժողովրդավարութեան Նման Յաջող Դրսեւորումը Կրնայ Միայն Աւելցնել Արցախի Միջազգային Հեղինակութիւնը. ԵԽ Պատգամաւորի Շնորհաւորական Ուղերձը

17 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

ՄՇԱԿՈՅԹ-Կոթող․ Արևմտյան Հայաստան․ Արճեշի շրջան-1

Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր, արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի եւ անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի մշտական անդամ Լարս Փաթրիք Պերկ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշուած է.

«Ձերդ գերազանցութիւն

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան

Կը խնդրեմ ընդունիք իմ ջերմագոյն շնորհաւորանքները Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ ընտրուելուն առիթով, ինչպէս նաեւ իմ շնորհաւորանքները բուն ընտրութեան կապակցութեամբ, որ անցաւ առանձնապէս ծանր պայմաններու մէջ:

Ժողովրդավարութեան նման յաջող դրսեւորումը կրնայ միայն աւելցնել Արցախի միջազգային հեղինակութիւնը, եւ ես յոյս ունիմ, որ այժմ պիտի ստեղծուի հնարաւորութիւն, որ Արցախը իր տեղը զբաղցնէ ազգերու համայնքին մէջ եւ, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն ապահովելու նպատակով պիտի համագործակցի հարեւաններու հետ:

Ես հիասթափութեամբ կարդացի ընտրութիւններուն ընթացքին վերաբերեալ Եւրոպական յանձնաժողովի արտաքին գործերու ծառայութեան յայտարարութիւնը: Իբրեւ Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ՝ ես պիտի փորձեմ այս հարցը բարձրացնել փոխնախագահ Ճոսէփ Պորելի մօտ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական հարցադրման ձեւաչափով հարց պիտի ուղղեմ, թէ արդեօք կրնա՞նք համոզել Եւրոպական յանձնաժողովը՝ աւելի կառուցողական ուղղութիւն ունենալու:

Կը խնդրեմ, մի երկմտիք կապուելու ինծի հետ այն պարագաներուն, երբ ես կրնամ օգտակար ըլլալ, եւ եւս մէկ անգամ ընդունեցէք իմ ջերմ շնորհաւորանքները»

yerakouyn.com/2020/04/17/ժողովրդավարութեան-նման-յաջող-դրսեւո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail