Այսօր Շահէն Մեղրեանի Յիշատակի Օրն է – Այսօր Շահէն Մեղրեանի Յիշատակի Օրն է – Այսօր Շահէն Մեղրեանի Յիշատակի Օրն է
17 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՐՑԱԽ:
Շահէն Մեղրեան ծնած է 1952 Յունուար 2-ին, Շահումեանի շրջանի Գիւլիստան գիւղին մէջ:
Գերազանց աւարտելով միջնակարգ դպրոցը` 1969-ին ընդունուած է ԵՊՀ Տնտեսագիտութեան բաժինը: 1975-ին, աւարտած է համալսարանը եւ վերադարձած Շահումեանի շրջան: 1991-1992` մինչեւ շրջանի անկումը` եղած է շրջանի գործկոմի նախագահ եւ կուսշրջկոմի առաջին քարտուղար: Կազմաւորած է կամաւորական ինքնապաշտպանական ջոկատներ եւ հանդիսացած է շրջանի ինքնապաշտպանութեան փաստացի ղեկավարը։ Կապ ունեցած է Արցախեան շարժման ՀՀ եւ ԼՂՀ գործիչներու հետ, հարկ եղած ժամանակ՝ բողոքի հեռագրեր ուղարկած ԽՍՀՄ նախագահ Մ. Գորբաչովին եւ ՌԽՖՍՀ նախագահ Պ. Ելցինին։
Շահէն Մեղրեանի մարտական ուղին սկսած է 1988-ին: Այն ժամանակ Շահէնը առաջիններէն էր, որ զգաց, թէ առանց մարտական ջոկատներու անհնար է պաշտպանել շրջանը եւ սկսաւ կազմակերպել զինուած ջոկատներ: 1990 Յունուար 9-ին, Խանլարի ոստիկանութիւնը՝ տեղի զինուորականներուն օժանդակութեամբ՝ շրջանի ղեկավարութեան ամբողջութեամբ գերի կը վերցնէ Մարտունաշէնի ճանապարհին, երբ անոնք կը շտապէին մասնակցելու ատրպէյճանցիներու կողմէ սպաննուած մարտունաշէնցի պահակի յուղարկաւորութեան։ Բարձրաստիճան ռուս սպաներուն թուրքերը կաշառած էին, եւ հայերու անվտանգութեան եւ յուղարկաւորման մասնակցելուն խոչընդոտներ չստեղծելու ռուսերու խոստումը դրժուեցաւ:
Հայ պատանդներու խուզարկութեան ժամանակ Շահէնը իր մօտ գտնուող ատրճանակը կու տայ ռուս հրամանատարին՝ «աս ալ ինձմէ քեզի նուէր» ըսելով: Մէկ ամիս պատանդ պահելէ ետք՝ հայ մարտիկներու կողմէ ձեռնարկուած յանդուգն գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք՝ ատրպէյճանցիները ստիպուած էին համաձայնելու պատանդներու փոխանակման: Շահէնը ձերբակալելէ ետք չէին փոխանակեր, եթէ ճանչնային: Իբրեւ Շահումեանի ղեկավար՝ ատրպէյճանցիները կը ճանչնային Աղաճանեան Վոլոտիային, որ այդ ժամանակ՝ իբրեւ քաղաքական դէմք՝ այլեւս որեւէ ազդեցութիւն չունէր:
Շրջանի ինքնապաշտպանութեան առաջին գործողութիւնը տեղի ունեցաւ Մանաշիդ գիւղին մէջ, 1990 Յունուար 12-13-ին: Երբ ատրպէյճանցիները փորձեցին գիւղը տեղահանել, շրջանի նորաստեղծ խումբերը ետ շպրտեցին անոնց գիւղի սահմաններէն: Թշնամին մեծ կորուստներ տուաւ այդ մարտին: Շահէնը Շահումեանի շրջանի եւ Գետաշէն-Մարտունաշէնի ենթաշրջանի ինքնապաշտպանական ուժերու հրամանատարն էր: 1991-ին, երբ տխրահռչակ «Կոլցօ» գործողութենէն ետք ինկաւ Գետաշէն-Մարտունաշէնը, Շահումեանի դրութիւնը կտրուկ վատացաւ: 1991 Յունիսին, ատրպէյճանցիները ռուսերու օգնութեամբ գրաւեցին շրջանի 3 գիւղերը` Էրքէճ, Բուզլուխ, Մանաշիտ: 1991-ին Շահէնը իր ջոկատներուն հետ կազմակերպեց գործողութիւն մը, որուն իբրեւ արդիւնք, Սեպտեմբեր 11-13-ին ազատագրուեցան Էրքէճ, Բուզլուխ, Մանաշիտ գիւղերը: Այդ գործողութիւնը առաջինն էր ԼՂՀ-ի մէջ, երբ արցախեան ազատամարտիկները կրցան գրաւուած տարածքները ազատագրել:
1991 Նոյեմբեր 29-ին, Շահէնի գլխաւորութեամբ, մաքրուեցաւ Թոդան ատրպէյճանական գիւղը: Մինչեւ շրջանի անկումը, շրջանի ամբողջ ճակատով եղած են ընդհարումներ: 1992 Յունիս 13-ին, բռնի տեղահանումէն ետք, Շահէնը կրցաւ Հաթերք գիւղին մէջ իր շուրջը հաւաքել խումբ մը տղաք` 25 հոգի, եւ այդ տղաներուն հետ մտաւ թշնամիի թիկունք: Այդպէս սկսաւ հայդուկային շարժումը ԼՂՀ հիւսիսային մասին մէջ: Հայդուկներու անմիջական օգնութեամբ ազատագրուեցան Մարտակերտի շարք մը գիւղեր` Հաթերքը, Ակնաբերդը, Մատաղիսը, Տօնաշէնը, Դաստագիրը, Սարսանգի ջրամբարը: Նկարահանող Նեւզօրովը նկարահանած է Գերանբոյի գունդի պարտութիւնը Սարսանգի ջրամբարին մօտ, ատրպէյճանցիներու խուճապահար փախուստը եւ ցուցադրած ՌԴ հեռուստաալիքներով: Այդ յաղթանակը Շահէնինն էր ու իր հայդուկներունը: 1993 Ապրիլին ազատագրուեցաւ Գիւլիստանը, եւ գրաւուեցան դէպի շրջան տանող բոլոր բարձունքները:
Շահէն Մեղրեան, իր պարտիզանական ջոկատով, փառաւոր ուղի անցած է՝ թշնամիին էական վնաս պատճառելով (1992 Օգոստոս 28-ին Վարարակն գետի ակունքներուն մէջ գտնուող ատրպէյճանցի թալանչիներու վրանային «քաղաք»ի ոչնչացումը. գործողութեան ընթացքին ոչնչացուած է 40 ատրպէյճանցի թալանչի: 1992 Սեպտեմբեր 20-ին, Գիւլիստանի գործողութիւնը. ոչնչացուած է 11 ինքնաշարժ եւ 54 ատրպէյճանցի զինեալ։ 1992 Հոկտեմբեր 21-ին, Սարսանգ-Հաթերք ճանապարհի վրայ ոչնչացուած է վառելիք փոխադրող չորս բեռնատար, սպաննուած է հակառակորդի 9 զինուոր։ 1992 Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն ոչնչացուած են ատրպէյճանական 4 ուղեկալ, 8 ռազմական մեքենայ եւ քանի մը տասնեակ զինծառայողներ):
Շահէնը կը պատրաստուէր ՀՀ երթալէն ետք ազատագրել հարազատ շրջանը: Բայց աւա՜ղ, 1993 Ապրիլ 17-ին, հերթական մարտական առաջադրանքը կատարելու ժամանակ, Շահումեանէն Երեւան վերադառնալու ճանապարհին, Արցախի երկնքին զարնուեցաւ «Շահումեանի արծիւ» Շահէն Մեղրեանն ու անոր 7 մարտական ընկերները փոխադրող ուղղաթիռը։ Բոլորը զոհուեցան՝ Շահէն Մեղրեանը, 17-ամեայ Հայկ Մեղրեանը, Արտակ Խաչատրեանը, Գրիգոր Գրիգորեանը, Պօղոս Սիմոնեանը, Ռաֆիկ Բադալեանը, Արմէն Բազեանը եւ Ալեքսանդր Մեժունցը, ուղղաթիռի անձնակազմի հրամանատար Ճանբուլադ Մուրատեանը, 2-րդ օդաչու Արամ Գրիգորեանը եւ Իոսիֆ Միքայէլեանը: Անոնք կը հանգչին կողք կողքի՝ անմահներու զօրագունդին մէջ՝ Եռաբլուր:
Պարտիզանական պայքարը սկսած են 25 հոգիով, յետոյ անոնց կը միանան Շահումեանի մէջ գտնուող տարբեր ջոկատներու («Արաբօ», «Տիգրան Մեծ», Պռոշեանի ջոկատ, Հոկտեմբերեանի տղաներ) մարտիկներ, որոնցմով 1993-ին ստեղծուեցաւ զօրամաս, որուն հրամանատար նշանակուեցաւ Շահէն Մեղրեանը: 1993 Յունիս 15-ին, ՀՀ ՊՆ թիւ 314 հրամանով՝ զօրամասը անուանակոչուեցաւ «Շահէն Մեղրեան» յատուկ նշանակութեան ջոկատ:
Հարազատ հողի ազատագրման պայքարը, Շահէն Մեղրեան մղած է, հանդիսանալով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ եւ Շահումեանի ՀՅԴ կազմակերպութեան ղեկավար գործիչ:
yerakouyn.com/2020/04/17/այսօր-շահէն-մեղրեանի-յիշատակի-օրն-է/