Թրամփ. «Հետաքննութիւն Կը Կատարենք Ճշդելու Համար, Թէ «Քորոնա» Ժահրը Ուհանի Մէջ Տարրալուծարանէ՞ Մը Սպրդած Է, Թէ՞ Ոչ»

For all his life, the weak remain weak like sheep

Թրամփ. «Հետաքննութիւն Կը Կատարենք Ճշդելու Համար, Թէ «Քորոնա» Ժահրը Ուհանի Մէջ Տարրալուծարանէ՞ Մը Սպրդած Է, Թէ՞ Ոչ»

17 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Փոմփէօ. «Չինական Կառավարութիւնը Պէտք Է Խոստովանի»

/«ԱՆԱՎԱՐՏ ՆՅՈՒՐՆԲԵՐԳ».ԵՐԻՏԹՈՒՐՔԵՐԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹՅԱՆ 90-ԱՄՅԱԿԻ ԱՌԹԻՎ/

Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, now Turkey – 1 April 1909 – Adana Massacre – Ruins of Adana Armenian Church Hall after Massacre – photo genocide Arménien Museum

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը կը փորձէ ճշդել, թէ «Քորոնա» ժահրը չինական Ուհան քաղաքին մէջ գործող տարրալուծարանէ՞ մը սպրդած է, թէ՞ ոչ:

Թրամփ Սպիտակ տան մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով, յայտնեց, որ տեղեակ է այն տեղեկագիրներէն, թէ ժահրը Ուհանի մէջ տարրալուծարանէ մը սպրդած է` աւելցնելով. «Ստեղծուած ահաւոր կացութեան շուրջ մենք ամբողջական հետաքննութիւն կը կատարենք»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Թրամփի մամլոյ ասուլիսէն ետք «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Փեքին պէտք է բացայայտէ այն, ինչ որ գիտէ այս ժահրին մասին: «Գիտենք, որ այս ժահրը յառաջացաւ Չինաստանի` Ուհանի մէջ, եւ Վարակաբանութեան հիմնարկը շուկայէն քանի մը մղոն հեռու է», ըսաւ ան:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Փեքինին կոչ ուղղեց յաւելեալ թափանցիկութեան` շեշտելով. «Չինական կառավարութենէն կ’ուզենք, որ թափանցիկ ըլլայ եւ օգնէ ժահրի տարածման ձեւին գծով ճշգրիտ բացատրութեան մը հասնելուն: Չինական կառավարութիւնը պէտք է խոստովանի», ընդգծեց Փոմփէօ:

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը գրեց. «Չինաստանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը երկու տարի առաջ զգուշացուց Ուհանի մէջ չղջիկներու կրած ժահրերու վրայ փորձարկումներէ»:

«Ֆոքս Նիուզ», իր կարգին, վկայակոչելով իր աղբիւրները` պնդեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած առաջին անձը չինական Ուհան քաղաքի Վարակաբանութեան հիմնարկի աշխատակից մը եղած է: «Աղբիւրները կը համարեն, որ վարակի սկզբնական փոխանցումը եղած է չղջիկներէն մարդուն, եւ որ «զերօ հիւանդը» աշխատած է տարրալուծարանին մէջ, ապա յայտնուած է Ուհանի բնակչութեան շրջանակին մէջ», հաղորդեց պատկերասփիւռի կայանը` յղում կատարելով «Չինաստանի կառավարութեան սկզբնական գործողութիւններու մանրամասնութիւններուն ծանօթ եւ համապատասխան փաստաթուղթերը տեսած բազմաթիւ աղբիւրներ»-ու:

Ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ տարրալուծարանը կենսաբանական զէնք չէ ստեղծուած, այլ պէտք է ցուցադրեր չին գիտնականներու կողմէ վարակներու ուսումնասիրման ակնառու արդիւնքներ:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չժաօ Լիցզիան, մեկնաբանելով «Ֆոքս Նիուզ»-ի լուրը, յայտարարեց, որ ուհանեան տարրալուծարանէն «Քորոնա» ժահրի սպրդման մասին վարկածը ոչ մէկ ապացոյցով հաստատուած է: Ան ընդգծեց, որ ժահրի ծագման ու ատոր փոխանցման աղբիւրներուն վերաբերող հարցերը պէտք է ուսումնասիրեն գիտնականները:

Փենթակոն յայտարարութեամբ մը յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները 15 ապրիլին կայացած տեսաժողովին ընթացքին շեշտած են նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի պայմաններուն մէջ ապատեղեկատուութեան հակազդելու կարեւորութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Նախարարները ընդգծած են պետական եւ ոչ պետական դերակատարներու ապատեղեկատուութեան հակազդելու կարեւորութիւնը»:

Նիստին մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըրը:

Տեսաժողովի մասնակից կողմերը նաեւ հաստատած են «Քորոնա» ժահրին դէմ միացեալ պայքարը շարունակելու իրենց պատրաստակամութիւնն ու պարտաւորութիւնը:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նշեց. «Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է միասնաբար գործեն` ընդդէմ «Քորոնա» ժահրին»:

Մինչ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 614.482-ի, իսկ մահացածներունը անցաւ 30 հազարը, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի յայտարարեց, որ երաժշտական համերգներու եւ մարզական խաղերու նման մեծ հաւաքները «Քորոնա» ժահրին պատճառով քաղաքին մէջ մեծ հաւանականութեամբ չարտօնուին մինչեւ 2021 թուական:

Ան «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Լսածներուս մէջ ոչ մէկ բան ցոյց կու տայ, թէ մօտ օրէն, եւ ամենայն հաւանականութեամբ այս տարուան ընթացքին, պիտի վերադառնանք հազարաւոր անձեր ներառող այդ հաւաքներուն»:

Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախարար Մաթ Հանքոք մեկուսացման դրութեան պահպանումը յայտարարեց` նշելով. «Կը թուի, թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի գագաթնակէտին կը մօտենանք»:

Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երկրին մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին ժահրի պատճառով մահացած են 861 անձեր, եւ 4605 ուրիշներ վարակուած: Մահացածներուն թիւը բարձրացած է 13.729-ի, իսկ վարակուածներունը` 98.476-ի:

Բրիտանիոյ մէջ գլխաւոր ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Քիր Սթարմըր «Պի.Պի.Սի.» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին բրիտանական կառավարութիւնը ամբաստանեց «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարելու քայլերու որդեգրման մէջ ուշանալով:

Մինչ Զուիցերիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրէն վարակուածներուն թիւը մօտեցաւ 27 հազարի, զուիցերիական իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ երկրին մէջ հաստատուած արգելքները 27 ապրիլէն սկսեալ փուլ առ փուլ պիտի վերցուին:

Սպանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 551 անձեր մահացան, եւ մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 19.000-ի: Պելճիքայի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 417 անձեր մահացան, եւ անոնց թիւը բարձրացաւ 4869-ի:

Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուեցան 4281 անձեր, եւ 115 ուրիշներ մահացան: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 69.392-ի, իսկ մահացածներունը` 1518-ի: Գերմանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուեցան 2866 անձեր, եւ 315 ուրիշներ մահացան: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 130.450-ի, իսկ մահացածներունը` 3569-ի: Իրանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 1606 անձեր վարակուեցան, եւ 92 ուրիշներ մահացան: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 77.995-ի, իսկ մահացածներունը` 4869-ի:

Վրաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 336-ի, իսկ մահացածներունը` 3-ի: Քանատայի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 28.381-ի (14.860 Քեպեքի մէջ եւ 8447` Օնթարիոյ), իսկ մահացածներուն թիւը` 1010-ի: Իսրայէլի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 12.451-ի, իսկ մահացածներունը` 140-ի: Օմանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1019-ի, իսկ մահացածներունը 4 է:

GENOCIDE ARMENIAN -turc15-1895 erzurum-victims – Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, today Turkey

www.aztagdaily.com/archives/471061

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail