ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ – «Փոքր» Ժահրին «Մեծ» Բացայայտումները (Խորհրդածութիւն) «Փոքր» Ժահրին «Մեծ» Բացայայտումները (Խորհրդածութիւն)

«Թուիթըր»-ի հիմնադիր Ժաք Տորսի 1 միլիառ տոլար կը նուիրէ պսակաձեւ ժահրի դէմ պայքարի ֆոնտին

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ – «Փոքր» Ժահրին «Մեծ» Բացայայտումները (Խորհրդածութիւն) «Փոքր» Ժահրին «Մեծ» Բացայայտումները (Խորհրդածութիւն)

16 ԱՊՐԻԼ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ – ՔՈՎԻՏ-19:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ի սկզբանէ յայտնենք, որ հետագայ տողերը ծանուցողական բնոյթ չունին, ո՛չ ալ դրամատէր մարդոց գովքը հիւսելու կը միտին, ընդհակառակը, համոզուած ենք, որ ազատական դրամատիրութիւնը իր հրէշային մտածողութեամբ չարիքի աղբիւր է համայն մարդկութեան. մերօրեայ փաստերը կ’ապացուցեն ըսուածին միտք բանին:

Արդ, վերը մէջբերուած տողին մէջ մեզ առաւելաբար հետաքրքրողը երեւոյթն է, այլ խօսքով` նուիրատուութիւնը իր քանակով եւ նպատակաուղղուածութեամբ, աւելի՛ն. անոր բերած նպաստն ու ազդեցութիւնը` առողջապահութեան մարզի բարելաւման եւ գիտականօրէն զարգացման գործընթացին մէջ:

Միւս կողմէ, շատեր կրնար առարկել ու հարցադրել. մի՞թէ հրէշատիպ ու իրենց դրամատիրական անյագ ախորժակներուն կառչած փոքրամասնութեան մը գործած «սպանդին» հետեւանքը չէ՞ երկրագունդին եւ մարդկութեան ապրած օրհասն ու հետագայ տասնամեակներու անորոշութիւնը:

Փաստօրէն, նորայայտ «փոքր» ժահր մը անարգել կ’արշաւէ` ահ ու սարսափի մթնոլորտ տարածելով աշխարհով մէկ: Հսկայ թիւով վարակակիրներ, մահացողներ եւ տնտեսութեան անհակակշիռ վայրէջք: Ամէնուրեք փրկութեան կանչեր, ահազանգ ու փոթորկալից առօրեայ: Գիտական աշխարհը` զօրաշարժի ենթարկուած, լո՜ւռ կը հետեւի անտեսանելի թշնամիին գործած աւերներուն եւ կը փորձէ ելք մը գտնել ու վնասազերծուիլ պատուհասէն` յանուն նորահաս սերունդներու գոյութեան:

Ճիշդ է, որ Ասիոյ հեռաւոր աշխարհի` Չինաստանի մէջ կեանքը տակաւ կը գտնէ իր հունը, այդուհանդերձ, համաճարակի ստեղծած ահռելի ճգնաժամը կլանած է երբեմնի խաղաղ եւրոպական ցամաքամասն ու Միացեալ Նահանգները, որոնք ո՛չ միայն խուճապի մատնուած են, այլեւ անզօրութեան եւ հոգելլկութեան պահեր կ’ապրին առողջապահական, ընկերային ու տնտեսական ոլորտներու մէջ:

Վերոնշեալ տագնապալից վիճակներուն մասին կարելի է երկար գրել ու լայնօրէն անդրադառնալ: Այս իմաստով զանգուածային լրատու գործակալութիւններ արդէն իսկ ամէնէն աշխուժ ժամանակները կ’ապրին եւ մարդկութեան տեսադաշտին կիզակէտին են` սպասելով դարուս յայտնագործումին`պատուաստումին:

Այլ ըսած, մարդ արարածը, չկորսնցնելով հանդերձ յոյսի եւ լոյսի ճանապարհը, իր կարգին, կը փորձէ դէմ դնել «փոքր» ժահրին եւ, այսպէս ըսած, ինքնակալանքի կամ ինքնամեկուսացման օրերը կը հաշուէ, սպասելով գիտութեան յաղթանակին:

«Թուիթըր»-ի հիմնադիր Ժաք Տորսի 1 միլիառ տոլար կը նուիրէ պսակաձեւ ժահրի դէմ պայքարի ֆոնտին

Այդուհանդերձ, հարկ է խոստովանիլ, որ այս աննշմարելի թշնամին շատ բան փոխեց (պիտի փոխէ) մարդ արարածի կեանքին մէջ, որովհետեւ գոյութենական թէ սպառողական իր պայքարին մէջ ի յայտ եկան այնպիսի խղճալի կացութիւններ կամ պարտադրուած վիճակներ, նաեւ` իրողութիւններ, որոնք պատճառ պէտք է ըլլան (պէտք էր վաղուց ըլլային) նորովի մտածելու, ընդարմացածութենէ դուրս գալու, կոյր եւ անհաշիւ զեխութենէ ձերբազատելու, շահագործումի եւ յափշտակելու «վարակ»-էն բժշկուելու, մարդկային կենսակերպին վերադառնալու, այո՛, մարդկայնանալու:

Ոչ թէ սոփեստի, այլ լաւատեսի «մարմաջ»-ով տարուած, կ’ուզենք հաւատալ, որ հետագայ տարիները պէտք է (պիտի) ապացուցեն, թէ մարդու տեսակը որքանո՞վ կրցաւ սորվիլ ստեղծուած վիճակէն եւ պատրաստուիլ նոր ճակատումներու:

Ու այս բոլորին զուգահեռ, մարդկութիւնը այս օրերուն իր բոլոր շերտերով նաեւ ականատես եղաւ գերհզօր, գերզարգացած պետութիւններու անճարակութեան եւ ապիկար վարուելակերպին (իմա՛` ներքնապէս փլուզումին). սա բամբասանք չէ, այլ` ճշմարտութիւն:

Ինչ կը վերաբերի աշխարհի հարստութիւնը (95 տոկոս) յափշտակած քանի մը հարիւրեակ մարդոց կամ գերդաստաններու, արդեօք անոնք պիտի կարենա՞ն սանձել իրենց մոլուցքը` գերհարստանալու, պիտի կարենա՞ն վերջ դնել կեղեքումի անօրինակ ձեւերու եւ բազմամիլիառ տոլարներ (թուղթ) կուտակելու սրարշաւին: Անոնք «ինքնակամ» կուրութենէ պիտի ձերբազատի՞ն ու աշխարհի թշուառ ու անօթի մարդոց (70 տոկոս) օգնութեան ձեռք երկարելով` պահպանեն մարդու տեսակը:

Աշխարհին տիրող որոշումի կեդրոններու գերռազմականացած գործելաոճն ու քաղաքական վարքագիծեր կրնան բնաջնջուիլ`«փոքր» ժահրի մը կողմէ, եթէ երբեք պետութիւններ թէ կառավարական կարգ ու սարքեր փոփոխութեան չենթարկեն իրենց մարդաքանդ աշխատելաոճերը:

Յարաբերաբար փոքր ազգեր ու պետութիւններ, իրենց կարգին, պարտաւոր են մտածելու, գործելու եւ պայքարելու յանուն անկախութեան եւ գերիշխան կեանք մը վարելու: Փաստօրէն, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու անհատական ստրկամտութենէ ձերբազատելու եւ իրաւ ժողովրդավարութեան հասնելու միակ ու ապահով ճանապարհը պետական ինքնակառավարումն է, ազատ շնչելու եւ ապրելու համարձակութիւնը, արտագաղթի բարդոյթէն ազատիլը եւ քաղաքական մտածողութեան նորովի հունաւորումը:

Այո՛, «փոքր» ժահրը նսեմացուց հզօր պետութիւններու հմայքը, կարողութիւնը եւ բացայայտեց անոնց անպարտելիութեան առասպելին խաղքութիւնը: Մտածումի տեղիք տուող երեւոյթ մը:

GENOCIDE ARMENIAN -turc15-1895 erzurum-victims – Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, today Turkey

www.aztagdaily.com/archives/471011

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail