ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ – Ինչպէ՞ս Բացատրել Երկուութեան Ախտանշանը… – Ինչպէ՞ս Բացատրել Երկուութեան Ախտանշանը…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ – Ինչպէ՞ս Բացատրել Երկուութեան Ախտանշանը… – Ինչպէ՞ս Բացատրել Երկուութեան Ախտանշանը… – Ինչպէ՞ս Բացատրել Երկուութեան Ախտանշանը…

16 ԱՊՐԻԼ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

««Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ»»

Génocide perpétré par l’Empire ottoman, aujourd’hui la Turquie – génocide arménien-erzeroum-1895-lesalonbeige.fr

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Նորութիւն չէ, որ վաղուց արդէն գոյութիւն ունի մեր ժողովուրդը իր արդար պահանջատիրութենէն խզելու մեծապետական քաղաքականութիւն և որ այդ քաղաքականութիւնը խրախուսողը ընդհանրապէս եղած է ԱՄՆ-ի դաշնակցային գործադիր իշխանութիւնը գէթ Լոզանի համաձայնագրէն ի վեր։ Իսկ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտէն սկսած, ԱՄՆ եղած է այդ քաղաքականութեան առաջատար ուժը։

Փաստօրէն, Նախագահ Ուիլսընի արդարակորով առաքելութեան ձախողութենէն ետք, Արևմուտքը որդեգրեց Քեմալական Թուրքիոյ սրտին վրայ խարսխուելու յստակ ռազմավարութիւն և Թուրքիան բոլշևիկեան Ռուսաստանէն «խլելու» հետևողական դիրքորոշում։ Եւ ասիկա՝ անկա՛խ այն բանէն, թէ Անքարա ի՞նչ երկերեսանի վերաբերմունք կը ցուցաբերէր Արևմուտքի հանդէպ վերջին գրեթէ մէկ դարու ընթացքին։ Աւելցնենք նաև, որ այս խաղին միւս կողմը գտնուած է Մոսկուան և վերոյիշեալ քաղաքականութեան սերմերը պէտք է փնտռել նաև Կարսի Պայմանագրին մէջ։

Եւ բնականաբար միջազգային այս կնճռոտ խաղին մէջ պիտի բռնուէր նաև Հայ Դատը։ Վերջին հարիւրամեակի մեր պահանջատիրութեան պատմութիւնը սերտօրէն առընչուած է միջազգային այս խաղէն բխող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու գործին։ Եւ այս գործի մայրուղիին մէջ գործող առաջնորդող ուժը եղած է և է Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը։ Սփիւռքի և յատակպէս Արևմտեան Սփիւռքի մեր իրերայաջորդ սերունդները քաղաքականացնելու Դաշնակցութեան քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ աճող ազդեցութեան հակադրեց հայութեան համաժողովրդական քաղաքական ուժը։ Կրօնամշակութային հողի վրայ կազմակերպուած մեր համայնքներու հաւաքական ուժը ՀՅԴ քաղաքական գործի հնոցներուն մէջ վերածուեցաւ քաղաքական ուժի։ Եւ այսպէս է, որ մեր ժողովուրդը կրկին ինքզինք դրաւ համաշխարհային քաղաքականութեան քարտէզին վրայ հակակշիռ հանդիսանալով Թուրքիոյ աշխարհատարած քարոզչութեան։

Եւ, անշուշտ, այս մէկը բնականաբար պիտի բարդացնէր թուրքևարևմտեան և թուրքևամերիկեան յարաբերութիւններու գործընթացը։ Եւ այդ իսկ պատճառով, Արևմուտքի մէջ սկսան փնտռել յատուկ քաղաքական գործիքներ ( և գործիչներ…) այս հարցին «լուծում»ներ գտնելու և քաղաքական բեմը հնարաւոր արագութեամբ «ախտահանելու» սևեռուն միտումով։

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն և Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Ուաշինկթընի ռազմագէտները յուսացին դաշնակիցներ գտնել նաև ՀՀ իշխանութեան առաջաւոր դիրքերուն վրայ։ Անհիմն չէին այս յոյսերը։ Հայ պետականութեան ղեկավար դիրքերուն վրայ, Հայոց Ցեղասպանութեան փաստէն բխող հայ պահանջատիրութեան վերաբերմամբ իսկապէս գոյութիւն ունէր քաղաքական զգալի երկուութիւն։ Քաղաքական այդ շերտը գոյութիւն ունի Երևանի մէջ նոյնիսկ այսօր։

Գաղտնիք չէ, որ պետականութեան անմիջական խնդիրներէն բխող հաշիւներու բարդ և հակասական ոլորտ մը կը շարունակէ ինքզինք պարտադրել որոշ պետական այրերու և կազմակերպութիւններու մտածողութեան վրայ։ Փաստը այն է, որ ՀՀ պետական մտածողութեան մէկ որոշակի շերտը դեռ չէ կրցած հաւասարակշռութեան յանգիլ այս հարցին մէջ և գտնել վարանումներէ զերծ և յստակ մէկ մտատեսիլ։ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի հռչակագիրը կարևոր քայլ մըն էր այս մարզին մէջ։ Կարևոր գաղափարական յաղթանա՛կ մը՝որ կարելի դարձաւ նախորդ իշխանութեան օրով։

Բայց արդար ըլլալու համար պէտք է աւելցնել, որ անոր տոկուն բովանդակութիւնը դիւրաւ չէ, որ ձևաւորուեցաւ…Զայն կը պարտինք այն քաղաքական ուժի պնդումներուն, որ միշտ ալ եղած է դրօշակիրը մեր պահանջատիրութեան։ Այնուամենայնիւ պատմական փաստը այն է, որ ան այսօր կայ որպէս համայն հայութեան քաղաքական վարդապետութիւնը (doctrine, դոկտրինա) ներկայացնող փաստաթուղթ։ Միակ փաստաթո՛ւղթը՝ որ համահայկական հանգամանք ունի այսօր։ Եւ ան այլևս ենթակայ չէ դիւանակալներու (չինովնիկ) կամ ոևէ մէկու վերանայման։

Կ՚ուզեմ սակայն զգուշացնել, որ այս հարցը մշտապէս կենդանի է և ան պիտի չմեռնի, քանի որ մեր պահանջատիրութիւնը կեցած է մեծապետական քաղաքականութիւններու և Թուրքիոյ միջև որպէս «նեղացուցիչ» գործօն…Մեծապետութիւնները և մասնաւորաբար Արևմուտքի մեծ պետութիւնները պիտի շարունակեն փորձել «աժան գնով» լուծել այս հարցը և պիտի հնարեն TARC-ի և Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններու պէս գործիքներ և միշտ ալ պիտի գտնեն իրենց գործակիցները հայ կեանքի մէջ…Հայ պետականութիւնը, հայ քաղաքական ուժերը, հայ մտաւորականութիւնը և հայ ժողովուրդը ամէնուրեք պիտի հսկէ աչալրջօրէն և ձախողութեան մատնէ բոլոր նմանօրինակ նախաձեռնութիւնները։ Մէկ բան յստակ է։ Դաշնակցութիւնը պիտի ըլլայ այդ պայքարի առաջին դիրքերուն վրայ։

Վերջապէս կ՚ուզեմ բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրել Թանէր Աքչամ երևոյթին վրայ։ Աքչամ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստի մեծ մասնագէտներէն է, բայց մեր արդար պահանջատիրութեան բարեկամը չէ։ Ան կը մերժէ ընդունիլ հայ ժողովուրդի հողային իրաւունքներու հիման վրայ տարածքային հատուցման սկզբունքը։ Հայրենազրկման խնդիրը Աքչամի օրակարգին վրայ գոյութիւն չունի որպէս իրաւունքի խնդիր։

Եւ բոլոր անոնք, որոնք միամտութիւնը ունին կարծելու, որ Պրոֆ. Աքչամին բեմ հայթայթելով մենք քաղաքական առաւելութիւն ձեռք ձգած կ՚ըլլանք Թուրքիոյ դէմ, չարաչար կը սխալին։ Մենք պարզապէս առաւելութիւն տուած կ՚ըլլանք այն թէզին, որ նոյնինքն մեծապետութիւններու թէզն է և որ կ՚ըսէ՝ «Գտնել ձևը նիւթական հատուցումներով վերջ դնելու հայ պահանջատիրութեան և միանգամընդմիշտ փակելու հայութեան հողային իրաւունքներու հարցը։» Պարզ խօսքով, հայ պետականութիւնը մշտապէս պահելով ՊԱՏԱՆԴԻ դիրքերուն վրայ։ Այս առումով, իրենց թէզի վախճանական հետևութեան մէջ, Աքչամը և իր նմանները պէտք է դիտել որպէս հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան (viability) — և հետևաբար անվտանգութեան — էական հակառակորդը։

Ապրիլ 15, 2020
Ուաշինկթըն

GENOCIDE ARMENIAN -turc15-1895 erzurum-victims – Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, today Turkey

www.aztagdaily.com/archives/471010

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail