26 Ոստիկաններ Դատուած Են Հրանդի Սպաննութեան Մէջ

Դեկտեմբեր 18 2015

Թուրքիա- («Հուրրիյէթ Տէյլի Նիյուզ»- Պոլիս)- 8 Տարիներ առաջ թրքահայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպաննութեան հարցի վերաբերեալ Պոլսոյ 14-րդ ծանր յանցագործութիւններու դատարանը 16 Դեկտեմբերին դատավարութեան որոշում հաստատած է իրենց պարտականութեան թերացման մէջ յանցաւոր (մեղադրեալ) 26 ոստիկաններու դէմ, այս մասին կը տեղեկացնէ «Հուրրիյէթ»ը: Ան կը նշէ, որ 26 ոստիկաններէն իւրաքանչիւրը, որոնք պաշտօնի վրայ եղած էին Տինքը սպաննութեան օրերուն, այլ տարբեր մեղադրանքով մը եւս դատուած եղած են, ինչպէս՝ անդամակցութիւն կամ գլխաւորում ահաբեկչական խումբերու, իշխանութեան չարաշահում, փաստաթուղթերու կեղծում կամ ոչնչացում, միտումնաւոր սպաննութիւն եւայլն:

Տինքի հարցի մէջ անոնց յանցագործութիւնը հաստատուած է 9 Դեկտեմբերին, դատախազութեան կողմէ «հանրային հերթապահի պաշտօնավարութեան ընթացքին թոյլ տուած անհոգութեան համար» հաստատաուծ մեղաթրական եզրակացութեամբ: Թերթը կը նշէ նաեւ, որ նախապէս դատախազ Կօէքալբ Կէօքչիւի (Gökalp Kökçü) կողմէ նոյն դատարանին ներկայացուած ամբաստանագիրը երկու անգամ մերժուած է գլխաւոր դատախազի տեղակալ Օրհան Քափիքի (Orhan Kapıcı) կողմէ:Միւս կողմէ, Տինքի ընտանիքի փաստաբան Հաքան Պաքըրքիօղլու յայտնած է, որ դատավարութիւն չբանալը կասկածեալներու դէմ չի բացառեր անոնց մասնակցութիւնը Հրանդի սպաննութեան եւ բողոքագրած է մերժումին դէմ, հարցը դարձեալ յանձնելով Կօէքալբ Կէօքչիւին, որ իր հերթին պնդած է հետաքննութիւնները շարունակել այնքան ժամանակ, որ սպաննութեան մէջ կասկածեալներու շուրջ փաստեր չեն բացայայտուած:

Նշենք, որ Տինքը 19 Յունուար 2007-ին փամփուշտով սպաննուած էր Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ իր հիմնադրած «Ակօս» թերթի գրասենեակի շէնքին առջեւ, 17 տարեկան ոճրագործ Օկիւն Սամասթի ձեռքով:

http://arevelk.am

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail