Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան – Կը Յիշեմ եւ կը Պահանջեմ – Կը Յիշեմ եւ կը Պահանջեմ – Կը Յիշեմ եւ կը Պահանջեմ – Կը Յիշեմ եւ կը Պահանջեմ – Կը Յիշեմ եւ կը Պահանջեմ
20 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Հայ ժողովուրդը՝Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք՝եւ աշխարհով մէկտեղ՝Ուրբաթ 24, Ապրիլի 2020ին, կը յիշատակէ քսաներորդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը՝ որ տեղի ունեցաւ 24, Ապրիլի 1915 ին։ Այդ՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնն է։ Հոն ուր աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայորդիներ նահատակուեցան՝նեռարեալ քսան եւ հինգ հարազատ անդամներ իմ անմիջական ընտանիքէս։
Ու տակաւին՝Հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր պապենական հողը ՝պատմական Հայաստանի մէջ նեռարեալ մեծ ծնողացս տունը եւ կալուածը։ Եւ այսօր՝երբ կը ոգեկոչենք յիշատակը մեր բոլոր նակատակներուն՝կը վերանորգենք մեր հաւատարմութիւնը եւ նուիրուածութիւնը Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ դարձեալ կը կրկնենք։
« Կը Յիշենք եւ կը Պահանջենք»։ Կը յիշենք մեր բոլոր նահատակները։ Եւ կը պահանջենք Ճշմարտութիւնը եւ Արդարութիւնը։ Հայկական ցեղասպանութիւնը միայն հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած ոճիռ մը չէ՝այլ համայն մարդութեան։
Եւ այս իմաստով՝ճշմարտութիւնը պիտի կայանայ շարունակել ընդունիլ հայկական Ցեղասպանութիւնը միջազգային ընտանիքներու կողմէ՝ առաւել եւս կանխելու համար նմանօրինակ ոճիռներ աշխարհի տարածքին։ Իսկ արդարութիւնը՝հայ ժողովուրդի սեփական Տունին եւ Հողին վերատիրանալու իրողականութիւնն է։
Այս տարի հարիւր եւ հինգերորդ ամեակն է Հայկական Ցեղասպանութեան։ Հայուն Աւանդը կը փոխանցուի եւ Երթը կը շարունակուի։ ՅԱՐԳԱՆՔ։
yerakouyn.com/2020/04/20/կը-յիշեմ-եւ-կը-պահանջեմ/